ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԿԱԴՐԱՆՔ
Բաւական բարդ փուլէ մը կ՚անցնին Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները։ Երկու կողմերը իրարու հանդէպ ունին վստահութեան լուրջ խնդիրներ, սակայն, ատոր կողքին կան բաւական խորքային շահեր ու այդ առումով ալ նուրբ թելեր, որոնք երկու կողմերն ալ կը դնեն «ստիպուած բարեկամութեան մը» ընտրանքին առջեւ։ Այստեղ կարեւորագոյն գործօնը եւ կարեւորագոյն խազն է, որ երկու երկիրներու պարագային երբեք չենք լսած, որ դաշնակիցներ են։ Ու խորքին մէջ այս մօտեցումը ձեռնտու է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ռուսաստանի համար։ Եթէ Ռուսաստանի համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան խնդիրը կերպով մը «ծանրութիւն» կ՚ապրի՝ պայմանաւորուած երկար տարիներու տարակարծութիւններու հանրագումարով, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել Թուրքիոյ պարագային։ Ի վերջոյ, Թուրքիան «պիտանութեան» մը համադրոյթին ներքոյ կը դիտարկէ իր յարաբերութիւնները։ Արդարեւ, Թուրքիան բաւարար ներուժ ունի, որպէսզի դառնայ հմայիչ երկիր մը իր շրջապատին եւ շուրջիններուն համար։ Այս առումով, շնորհիւ իր ներուժին, դիրքին ու դիւանագիտութեան՝ Անգարա կարողացաւ շահիլ Մոսկուայի հետաքրքրութիւնը։ Թէ ինչքան կը տեւէ այս բարեկամութիւնը, որ խորքին մէջ «խորթ բարեկամութիւն» կը համարուի արեւմուտքին համար, դեռ պարզ չէ։ Յստակ է, սակայն, որ պայմանաւորուած տարածաշրջանային ու միջազգային բարդ իրադարձութիւններով՝ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները կ՚անցնին մեծագոյն քննութեան մը ենթափուլէն։
Այս տեսակէտէն դիտուած հիմնական հարցադրումը կը կապուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ։ Նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի քաղաքականութեան արդիւնքներու յստակեցման զուգահեռ՝ նաեւ յստակ պիտի դառնայ, թէ Թուրքիա ի՛նչ քաղաքական գիծ պիտի որդեգրէ։
Ի դէպ, այս երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բարդ են ու այդ բարդութիւնը ամենէն աւելի կապուած է Հարաւային Կովկասի իրավիճակին հետ, որովհետեւ թէ՛ Թուրքիան եւ թէ Ռուսաստանը այդ կտրուածքով ունին իրենց առաջնային շահերն ու մօտեցումները։ Ու հոս է նաեւ, որ կը կրկնուի բուն հարցումը՝ այն իմաստով, որ Թուրքիա Հարաւային Կովկասի պարագային «բարի ծառայութիւն» պիտի ընէ՞ Արեւմուտքին կամ հակադրուելով Միացեալ Նահանգներուն ու Իրանին՝ պիտի քալէ՞ յառաջ մղելով Ռուսաստանի առաջադրանքները։
Ամէն պարագայի, այս նիւթերուն մասին կ՚ըլլան շատ ուշագրաւ հրապարակումներ։ Գերմանական DW-ն ալ այս նիւթին անդրադարձաւ՝ գրելով, որ Էրտողան Փութինի եւ Ալիեւի հետ յառաջ կը մղէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը։ Վերլուծութեան մէջ հաշուի առնուած է, որ Անգարա փափաքած է BRICS-ի անդամ դառնալ եւ, միեւնոյն ժամանակ, կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Մոսկուա հրաժարի Խրիմէն։ Էրտողան վարպետ է Քրեմլինին ազդանշաններ ուղարկելու գծով՝ Փութինէն ռազմավարական զիջումներ փնտռելով։
Ռուսական պետական լրատուամիջոցներն ու պաշտօնեաները գրեթէ օր մը քննարկած են Փութինի ակնկալուած այցելութիւնը Թուրքիա։ Ի վերջոյ, Փութինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով ըսած է, որ իր ղեկավարի երկու տարի յետաձգուած Թուրքիա այցը տեղի պիտի ունենայ, երբ աւարտին նախապատրաստական աշխատանքները։ Եւ կարծես, թէ աւարտած են այս պատրաստութիւնները, բայց, ոչ ,այնպէս, ինչպէս կ՚ուզէր Մոսկուան, այլ Անգարայի յայտարարութեամբ, որ արդար խաղաղութիւն կը նշանակէ Խրիմի վերադարձը Ուքրայնա։
Թուրքիա Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի լայնածաւալ յարձակումի առաջին օրէն բաւական յաջողութեամբ հաւասարակշռեց՝ նախայարձակի եւ զոհի միջեւ շահաւէտ առեւտուր ընելով անոնց հետ յարաբերութիւնները։ Օգտագործեց ներկայ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ ծովու տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը կտրուկ մեծցնելու համար։ Էրտողան յաջողեցաւ լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած խնդիրը՝ զայն դնելով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ DW կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ նախագահը յուլիսի վերջերը ընդունած էր իր երկրին անմիջական մասնակցութիւնը Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին:
Հիմա Փութինի եւ Ալիեւի հետ Էրտողան յառաջ կը մղէ տարանցիկ միջանցքի հարցը՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզով։ Այս երթուղին Հայաստանը կը կտրէ Իրանէն եւ կը փակէ պատժամիջոցային մաքսանենգութեան հնարաւոր ուղիներէն մէկը։ Զարմանալի չէ, որ Իրան բացարձակապէս դէմ է այս բանին եւ նոյնիսկ ուղղակիօրէն Ռուսաստանը կը զգուշացնէ իր դժգոհութեան մասին։
Ըստ վերլուծութեան՝ կը թուի, թէ Իրան Ռուսաստանի դաշնակիցն է Ուքրայնայի դէմ պատերազմին։ Թէեւ ան կը հերքէ իր անմիջական մասնակցութիւնը, այնուամենայնիւ, Ռուսաստանին հրթիռներ կը մատակարարէ։ Կը թուի, թէ Քրեմլին այժմ պէտք չէ ջղայնացնէ իր դաշնակիցը, բայց, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ ճնշում գործադրել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վրայ՝ արագօրէն խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար Ատրպէյճանի հետ, որ կը պահանջէ փոխել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը եւ բանալ Սիւնիքի միջանցքը։ Եւ արդէն դժուար է հասկնալ՝ այսպէս կը կատարուի, որովհետեւ Փութին այսքան կարեւո՞ր կը համարէ Թուրքիայով եւ ապագային Հայաստանով ապրանքներու փոխադրութեան կազմակերպումը Ռուսաստանի համար, թէ ոչ իրեն համար ամենակարեւորն է Էրտողանին օգնելը։
DW կը յիշեցնէ, որ բաց աստի, Թուրքիան եւ Ռուսաստանը իրարու կապուած են դէպի Եւրոմիութիւն ռուսական կազի մատակարարումներով։ Անոնք այստեղ «մեղսակիցներ» են՝ թէեւ Էրտողան, ի հարկէ, աւելին ունի շահելու։ Ռուսական «Կազփրոմ»ը ստիպուած է զիջիլ՝ մանաւանդ, որ Ուքրայնայի տարածքով տարանցումը դադրած է տարեմուտին։ Ապա կը մնայ դէպի ԵՄ վերջին գործող խողովակաշարը։ Վերջապէս, հակառակ Եւրոմիութեան լուռ հակազդեցութեան՝ ռուսական «Ռոսաթոմ»ը յաջողութեամբ կը կառուցէ Աքքույուի աթոմակայանը։
Հակառակ բոլոր կապերուն՝ Էրտողան դէմ չէ երբեմն-երբեմն նուաստացնելու Ռուսաստանի ղեկավարը։ Անոնք «տղայական» յարաբերութիւններ ունին: Ըստ մամլոյ հրապարակումներու՝ Փութին թոյլտուութիւն կը պահանջէ թռելու ռուսական կործանիչներու պաշտպանութեան ներքոյ՝ վախնալով Ուքրայնայի կողմէ հաւանական հարուածէ մը։ Բայց, Էրտողան շատ նրբագեղ կերպով անոր կը յիշեցնէ, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է։ Ուստի, վերլուծութեան մէջ կը մատնանշուի, որ միայն ձեռնտու սիրախաղ մը կայ այստեղ: Ռուսերուն ըսուած է, որ չեն կրնար թոյլ տալ կործանիչներու թռիչքին, որովհետեւ ՆԱԹՕ-ի հակաօդային պաշտպանութիւնը կայ եւ այս վերջինը կ՚ըլլայ այդ կործանիչները դիտարկել՝ որպէս ռազմական թիրախ։ Սա շատ նուրբ ակնարկ մը չէ՝ մանաւանդ, որ Թուրքիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը արդէն իսկ խոցած է ռուսական ռազմաօդանաւերը։
Էրտողան Փութինի այցին կը սպասէ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր եւ ակնյայտօրէն պատրաստ է աւելի երկար սպասելու։ Երկու առաջնորդները կը խաղան իրենց սովորական խաղերը՝ փորձելով ամէն կերպ գերազանցել զիրար, որովհետեւ անոնց բանակցութիւններու արդիւնքը կախուած է այդ մէկէն։ Աւելի՛ն, կայ կարծիք, թէ անոնք նոյնիսկ տեսակ մը հաճոյք կը ստանան այս մրցոյթէն, ինչ որ, սակայն, չի փոխեր գլխաւորը։
DW-ի վերլուծութեան եզրափակիչ բաժնին մէջ կը մատնանշուի, որ Էրտողան ուրախ է Փութինի հետ համագործակցութեամբ, բայց, կարծես թէ կը սպասէ անոր այցին՝ կա՛մ որպէս Հարաւային Կովկասի մէջ հնազանդ «թիւ երկու»ի դերով կամ ալ գոնէ Ուքրայնայի հետ խաղաղութեան պայմանագրի մը նախագիծով։ Միւս տարբերակները բաւականաչափ ձեռնտու չեն Էրտողանի համար, իսկ Փութին դեռ չունի այն գործիքները, որոնցմով կրնայ ստիպել Քրեմլինի կանոններով խաղալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան