ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ՄԱԿ-Ի 70-ՐԴ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը ե­րէկ ձեռ­նար­կեց իր 70-րդ նս­տաշր­ջա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Տա­րե­կան շրջա­փու­լին մեկ­նար­կը ազ­դա­րա­րե­ցին ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ման Քի Մուն եւ դա­նիա­ցի դի­ւա­նա­գէտ Մո­կենս Լի­քէ­թոֆթ, որ ան­ցեալ Յու­նի­սին ընտ­րուած էր նա­խա­գահ։ Բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խօ­րեա­կին ՄԱԿ-ի կեդ­րո­նա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ 69-րդ նս­տաշր­ջա­նին վեր­ջին նիս­տը։ Ան­ցեալ տաս­ներ­կու ամ­սուան ըն­թաց­քին ան­դամ 193 պե­տու­թիւն­նե­րը քննար­կած են բազ­մա­թիւ հար­ցեր, նաեւ ըն­դու­նած՝ շուրջ 300 բա­նա­ձեւ կամ ո­րո­շում։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նոր նստաշր­ջա­նին կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը կը նշուի նա­խա­տե­սուած աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով։ Նոր նստաշր­ջա­նի բաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ, ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն յայ­տա­րա­րեց, թէ ՄԱԿ-ի կա­նո­նադ­րու­թեան մէջ ամ­րագ­րուած սկզբունք­նե­րը ան­ցած են ժա­մա­նա­կի ստու­գու­մէն։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց աշ­խար­հի վրայ առ­կայ տա­ռա­պանք­նե­րու ծա­ւալ­նե­րուն վրայ՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս յի­շե­լով Սու­րիան։ Ըստ ի­րեն, ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին հա­մաշ­խար­հա­յին ճգնա­ժա­մե­րուն շուրջ քննար­կում­ներ պի­տի ծա­ւա­լէ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Ըստ ՄԱԿ-ի շրջա­նակ­նե­րէն փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, կ՚ակն­կա­լուին նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նորդ­նե­րու շարք մը հան­դի­պում­ներ։ «Այս հանգ­րուա­նին մենք ՄԱԿ-ի 70-ա­մեա­կին առ­թիւ կը սպա­սենք շատ լայն մաս­նակ­ցու­թեան, այն­պէս, որ մենք կը փոր­ձենք օգ­տուիլ հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն եւ կազ­մա­կեր­պել շարք մը հան­դի­պում­ներ», ը­սաւ ՄԱԿ-ի բան­բե­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար յայտ­նի պի­տի դառ­նան յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն։

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 70-րդ նս­տաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­կան բա­նա­վէ­ճե­րուն շրջագ­ծով մաս­նա­կից­նե­րու սկզբնա­կան ցու­ցա­կին վրայ ընդգր­կուած են աշ­խար­հի շուրջ ինն­սուն եր­կիր­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու, այ­սինքն ա­ռա­ջին դէմ­քի մա­կար­դա­կով։ Այդ եր­կիր­նե­րու շար­քին են՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սաս­տան, Չի­նաս­տան, Պրա­զիլ, Ուք­րայ­նա, Ե­մէն, Ի­րան, Լի­պիա, Պա­ղես­տին, Իս­րա­յէլ, Հո­լան­տա, Ֆրան­սա, Ղա­զա­խիս­տան, Աղ­ֆա­նիս­տան, Ե­գիպ­տոս, Սպի­տակ Ռու­սիա, Լաթ­վիա, Սեր­պիա ե­ւայլն։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ներ­կա­յա­ցուած է նոյն շրջա­նին նա­խա­տե­սուած Կլո­պալ զար­գաց­ման գա­գա­թա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն սկզբնա­կան ցու­ցա­կը։ Նոր նստաշր­ջա­նի բաց­ման ըն­դա­ռաջ կ՚ակն­կա­լուի, որ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­նայ Կա­յուն զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րու հա­մա­ձայ­նե­ցուած ծրա­գի­րը։ 

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 70-րդ նս­տաշր­ջա­նի օ­րա­կար­գին վրայ ընդգր­կուած է 170 նիւթ, ո­րոնց շար­քին կը գտնուին խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման, զի­նեալ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու, ա­հա­բեկ­չու­թեան, ցե­ղա­յին խտրա­կա­նու­թեան եւ այ­լա­տեա­ցու­թեան հա­կազ­դե­լու, բնա­պահ­պա­նու­թեան, եր­կիր­նե­րու կա­յուն զար­գաց­ման ա­ջակ­ցե­լու, մի­ջու­կա­յին սահ­մա­նա­փակ­ման դրու­թեան պահ­պան­ման, մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեան ա­պա­հով­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Բաց աս­տի, պի­տի շա­րու­նա­կուի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի բա­րե­նո­րոգ­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն քննար­կում­նե­րը։ Տա­րուան ըն­թաց­քին պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի սկսի նաեւ ՄԱԿ-ի նոր ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի ընտ­րար­շա­ւը։ Ար­դա­րեւ, Պան Քի Մու­նի լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րու ժամ­կէ­տը պի­տի լրա­նայ 31 Դեկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին։ Ան 1 Յու­նուար 2017 թուա­կա­նէն ի վեր կը գտնուի այդ պաշ­տօ­նին գլու­խը եւ այ­լեւս ի­րա­ւունք չու­նի եր­րորդ հնգա­մեայ ժամ­կէ­տով մը թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րե­լու։

Ա­ւան­դա­բար իւ­րա­քան­չիւր նստաշր­ջա­նի բա­ցու­մէն շա­բաթ մը վերջ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի շրջա­նակ­նե­րէն ներս տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կան բա­նա­վէճ մը, ո­րու ըն­թաց­քին ՄԱԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու պա­տուի­րակ­նե­րը կրնան ար­ծար­ծել ո­րե­ւէ հարց։ Սա­կայն այս տա­րի ընդ­հա­նուր բա­նա­վէ­ճե­րը յե­տաձ­գուած են քիչ մը ա­ւե­լի ուշ հանգ­րուա­նի մը։ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի շրջա­նակ­նե­րէն ներս, 70-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նի ա­ռա­ջին մեծ ձեռ­նար­կը պի­տի ըլ­լայ զար­գաց­ման հար­ցե­րուն նուի­րուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ նա­խա­տե­սուած է Սեպ­տեմ­բե­րի 25-27-ին։ Այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին պի­տի հաս­տա­տուի 2015-2030 թուա­կան­նե­րու կլո­պալ ըն­կե­րատն­տե­սա­կան զար­գաց­ման օ­րա­կար­գը, ո­րու նա­խա­գի­ծը քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ ար­ժա­նա­ցած էր ՄԱԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու հա­ւա­նու­թեան։ Հարկ է նշել, որ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր խորհր­դակ­ցա­կան մար­մինն է։ Կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան շրջա­նին այդ մար­մի­նը ու­նէր 51 ան­դամ, իսկ ներ­կա­յիս մաս­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րուն թի­ւը հա­սած է 193-ի։

Ըն­կե­րատն­տե­սա­կան զար­գաց­ման հար­ցե­րուն ձօ­նուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն օր մը վերջ ՄԱԿ-ի կեդ­րո­նէն ներս պի­տի սկսին ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կան բա­նա­վէ­ճե­րը։ Այս տա­րի կ՚ակն­կա­լուի պե­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ա­ւե­լի քան 150 ղե­կա­վար­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ ալ պի­տի ներ­կա­յա­նան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի մա­կար­դա­կով։ Եր­կիր­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն ե­լոյթ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին մին­չեւ Հոկ­տեմ­բե­րի 3-ը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015