ԶՄՈՒՌՍ, ԿՆԴՐՈՒԿ ԵՒ ՈՍԿԻ

«Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ սեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ։ Երբ տեսան աստղը, շատ ուրախացան։ Տունը մտնելով՝ տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ եւ ինկան երկրպագութիւն ըրին անոր եւ իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր՝ ոսկի եւ կնդրուկ եւ զմուռս». (ՄԱՏԹ. Բ 9-11)։

Աւետարանի այս հատուածին մէջ յիշուած ընծաներ՝ զմուռս, կնդրուկ եւ ոսկի կը խորհրդանշեն արժէքներ, որոնց վրայ կ՚արժէ խորհրդածել։

Նախ տեսնենք այս նիւթերուն բնական էութիւնը։

Զմուռս. Երկու եբրայեցերէն բառ «զմուռս» կը թարգմանուի Սուրբ Գիրքի մէջ. նախ՝ «մուռ» բառը (ԵԼՔ. Լ 23) եւ (ՍԱՂՄ. ԽԵ 8), եւ ուրիշ համարներ։

Կը կարծուի, թէ այս համարներուն մէջ «զմուռս»ը բժշկական է եւ շատ համեմային եւ ըստ բաւականին գրգռիչ խէժը՝ որ կ՚ելլէ Արաբիոյ եւ Ափրիկէի մէջ բուսնող ծառէ մը. գոյնն է նախ ճերմակ եւ իւղային, եւ ապա կը մթագնի։ Յոյներ զայն կը գործածէին գինիի բաղադրութեան համար։

Երկրորդ՝ «լոդ» բառը (ԾՆՆԴ. ԼԷ 25), (ԾՆՆԴ. ԽԳ 11), որ կը թարգմանուի «զմուռս»։ Բուն զմուռս չէր գտնուեր Պաղեստինի մէջ, ուստի կը կարծուի, թէ այս վերջինն է «աղանգանոյն» ըսուած խէժը, որ կ՚ելլէ Պաղեստինի եւ Կիպրոս կղզիի մէջ գտնուած ծառէ մը, եւ ընդհանրապէս կը գործածուի գլխաւորապէս իբրեւ անուշահոտ նիւթ։

Խունկ-Կնդրուկ. Այս խէժ մըն է, որ կ՚ելլէ «ստիւրակ» կոչուած տեսակ մը կնդրուկի ծառէ եւ շատ հոտաւէտ է։ Եբրայեցիներ ասիկա իբրեւ ծխանելիք կը գործածէին իրենց կրօնական պաշտամունքներու ժամանակ։ Խունկ-կնդրուկ համարուած էր աղօթքի այլանական նշան. (ՂԵՒՏ. Բ 2), (ՍԱՂՄ. ՃԽԱ 2), (ՅԱՅՏ. Ը 3-4)։ Խունկի ամենէն ընտիր տեսակը կը բերուի Հնդկաստանէն։

Ոսկի. Կը գտնուի զուտ, նաեւ արծաթի եւ երկաթի հետ խառն։ Հրեաներ զայն կ՚առնէին մեծաւ մասամբ Սաբայէ եւ Ոփիրէ՝ որոնց երկուքն ալ Արաբիոյ մէջ էին. (Գ ԹԱԳ. Թ 28), (ՍԱՂՄ. ԽԵ 9), (ՍԱՂՄ. ՀԲ 15)։ Հիմա ոսկի չի գտնուիր Արաբիոյ մէջ, բայց հին պատմիչներ կը հաստատեն, թէ նախապէս կը գտնուէր հոն առատութեամբ. (ԴԱՆ. Ժ 5) եւ (Բ ՄՆԱՑ. Գ 6) համարներուն մէջ յիշուած տեղերը՝ «Ոփազ» եւ «… խունկ ծխելու տեղ մը պիտի պատրաստեմ…» ծանօթ չեն։ Կռածոյ՝ ծեծուած կամ թերեւս ուրիշ մետաղներու հետ խառնուած ոսկի յիշուած է. (Գ ԹԱԳ. Ժ 16-17) համարներուն մէջ։ Ոսկին երբեմ կրակով կը զտուէր. (ԱՌԱԿ. ԺԷ 3). եւ առ այս կը գործածուէին կապար, անագ, աղ, թեփ (=ունգ կամ փոշի որ ալիւրէն կը զատուի, նաեւ կը նշանակէ՝ ձուկի նուրբ մաշկ) եւ ծարոյր (=ծարիր՝ ծարրաքար)։ Ոսկիէ զարդեր կային շատ հին ժամանակ. ոսկին իբրեւ դահեկան՝ դրամ գործածելու սովորութիւնը Դաւիթի ժամանակէն ետք յիշուած կարելի է գտնել. (Ա ՄՆԱՑ. ԻԱ 25)։

Գալով, թէ՝ ինչեր կը խորհրդանշեն զմուռս, խունկ-կնդրուկ եւ ոսկի։

Զմուռս. մահացողի մը մարմինը կը զմռսէին. դիակը զմուռսով կը դեղէին՝ անապական պահելու համար, կ՚անուշահոտէին։ Ուստի, զմուռս Յիսուսի մահը կը նշանակէ։ Արդարեւ, «ծնիլ» կը նշանակէ՝ «մահ»ը ճաշակել, քանի որ ամէն մարդ կը ծնի մեռնելու համար։

Խունկ-կնդրուկ. նշանակ է որ Աստուած է, այսինքն ներկայ է միշտ։

Ոսկի. նշանակ է թագաւորութեան՝ թագաւորական փառքի եւ զօրութեան, փառաւորութեան։ Բայց Յիսուս Քրիստոսի թագաւորութիւնը երկնային է, եւ հաստատուած՝ խոնարհութեան, համեստութեան, անձնուիրութեան եւ սիրոյ վրայ։ Ան չէ՛ եկած ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ խոնարհաբար ծառայելո՛ւ։ Նաեւ, Ան չէ՛ եկած դատելու եւ դատապարտելու, այլ՝ ներելու եւ փրկելո՛ւ։ Ան, խոնարհ, համեստ եւ ծառայասէր Թագաւոր է։

Արդարեւ, ամբողջ Աւետարանի համառօտութիւնը՝ ամփոփ եւ խտացեալ բովանդակութիւնը Սէ՛ր է։ Սէր մը՝ որուն մէջ կայ ներողամտութիւն, խաղաղութիւն, խոնարհութիւն եւ համեստութիւն։ Ուստի, սէր եւ խաղաղութիւն զիրար կը լրացնեն՝ հոն՝ ուր սէր կայ, կայ նաեւ խաղաղութիւն, եւ հոն՝ ուր խաղաղութիւն կայ, հոն կայ նաեւ սէ՛ր։

Բայց եւ դժբախտաբար, ապագայի մտահոգութիւններ, մտատանջութիւններ, մտմտուք եւ անդոհ՝ մարդս կը հեռացնեն երբեմն հոգեւոր բարձր արժէքներէ եւ կը հրապուրեն, կը մոլորեցնեն դէպի երկրայինը, այն՝ ինչ որ ժամանակաւոր է ու անցողակի։

Խոնարհութի՛ւնն է իսկական վեհութիւնը եւ ազնուականութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 31, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2025