ՄԵՂԱ՜Յ… ՉԵ՛Մ ԳԻՏԵՐ ՈՐՈ՞Ւ
Սիրելի երիտասարդ, եթէ չես գիտեր, թէ ի՞նչ պէտք է պահանջել, ապա մեղաւորութիւն պէտք է փնտռես նախկին ու ներկայ բոլոր իշխանութիւններուն մէջ. ինչո՞ւ համար չեն ստեղծեր ժողով մը՝ պատմաբաններու եւ մտաւորականներու, որոնք ազգի մը ամենէն կարեւոր ներկայացուցիչները ըլլալով գլուխ գլխի տալով որոշեն, թէ ի՛նչ կարելի է ընել. այսօր հարց կու տաս, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, սակայն, նոյն հարցը մեր պետութիւնը տուա՞ծ է իր մտաւորականներուն. այսօր աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունին հայկական գրասենեակներ. մեր պետութիւնը անոնցմէ քանիի՞ն հետ խորհրդակցած է եւ իրապէս լսած անոնց առաջադրանքներն ու խնդիրները: Քու այդ հարցիդ պատասխանը պէտք է պահանջես պետութենէն, որովհետեւ անոր հովանիին տակ գործող յանձնաժողով մը միայն կրնայ իմաստութեամբ տալ այդ հարցիդ պատասխանը:
Երկրորդ կէտը հետեւեալ բառերը կը գործածես. «ու պահանջէր ու արժանանար հարեւան երկրներուն զայրոյթին»։ Տրամաբանական կը տեսնե՞ս, որ հարեւանին «զայրոյթ»ին պատճառով անձ մը զիջէր իր շահերէն եւ իր ազգային արժէքներէն: Եթէ կ՚ուզէք, դրացին չնեղացնելու համար իրեն տանք նաեւ մեր բոլոր հարստութիւնները, որպէսզի չըլլայ թէ զայրանայ եւ վատ վերաբերմունք ունենայ Հայաստանի հանդէպ: Նոյնիսկ եթէ պէտք է երկրի ինքնիշխանութիւնը դնենք անոնց ձեռքերուն տակ, թող իրենք որոշեն ու ղեկավարեն՝ որպէսզի անոնց զայրոյթին չարժանանանք. չեմ գիտեր, աշխարհի երեսին գոյութիւն ունի՞ նման իշխանութիւն: Այս տրամաբանութեամբ, սիրելի երիտասարդ, ես գամ ու անհետացնեմ բոլոր ընտանիքդ, սակայն, զայրոյթս նկատի ունենալով՝ յանկարծ չփորձես հաշիւ եւ կամ արդարութիւն պահանջել. պէտք է մտածես, պահանջելու պարագային կրնա՞ս դիմանալ ջղայնութեանս: Շատ անգամ կը զարմանամ, թէ քաղաքականութեան մասի՞ն կը խօսինք, թէ ետեւի փողոցին մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի մասին... պարզապէս հիասթափեցնող է: Ձեր այս ըսածով կը հասկնանք, որ վախը շատ աւելի մեծ ու առաջնահերթ է, քան արդարութիւնը: Կ՚ուզենք բարեբախտաբար մը ըսել, որ տակաւին նման արտայայտութիւն չունեցան մեր ղեկավարները, սակայն, նման արտայայտութիւն մը զարմանալի պիտի չըլլայ լսել անոնցմէ... որովհետեւ անոնց մօտ արդէն իսկ ծնած է երկիրը վախով առաջնորդելու հիւանդութիւնը՝ հեռու ամէն տեսակի քաջութենէ:
Գալով երրորդ հարցին, կ՚ուզես հասկնալ, թէ նախկին իշխանութիւնները ի՞նչ ըրին պահանջատիրութեան գծով. հիներուն բան մը չընելը երբեւէ չի կրնար նորերուն բան մը չընելը արդարացնել, որովհետեւ բան մը չընելու մէջ մեղաւոր են թէ՛ հիները եւ թէ նորերը: Դուն կը փորձես ներկայ իշխանութիւնները մեղաւոր նկատողները կեղծ հայրենասէր անուանել, այն թշուառ համոզումով, որ ներկայ իշխանութիւնները ատող մը, բնականաբար հիները սիրող պիտի ըլլայ. ո՞ւր գրուած է նման օրէնք. չի՞ կրնար ըլլալ, որ ներկայ իշխանութիւնները սխալ նկատող անձ մը, սխալ նկատէ նաեւ նախկինները եւ նոյնիսկ նախկիններուն նախկինները, որոնք չեն կրցած կարեւորութիւն տալ հայկական հարցին եւ անոր փոխարէն զբաղած են ժամանակաւոր այլ մանրուքներով:
Եթէ խորապէս ուզենք հասկնալ այս երիտասարդի գրածն ու անոր ընդդիմադիրներու մտայնութիւնը, պիտի հասկնանք, որ այս բոլորը երբեւէ արհաւիրքին հետ կապ չունի. պարզապէս մանկական կռիւներն են նախկիններուն եւ ներկաներուն եւ պահուած մտայնութիւնը ապագային. թող այս ալ գրուի այստեղ որպէս փաստ. նման մտայնութիւն ունեցող պետութիւն մը եթէ շարունակէ մնալ ղեկավարութեան գլուխը, ապա ոչ շատ ուշ հայկական օրակարգէն ամբողջութեամբ պիտի հեռանայ հ հարցը եւ մեր ակնկալութիւնն է, որ ի յայտ չգայ, թէ մեղաւորները մենք էինք:
Փորձի մը համար երիտասարդին նամակ մը գրեցի եւ ստացայ հետեւեալ պատասխանը. «Խնդիրը այն է, որ եթէ ներկայացուցածդ արտադրանքը չի ծախուիր աշխարհի շուկային մէջ, պիտի փոխես զայն։ Յատկապէս հաշուի առնելով, որ աշխարհակարգը յարափոփոխ է, դարերով նոյն հաստատուած կարգերը չեն մնար։ Նոյնիսկ 2024-ի աւարտին ու 2025-ի սկիզբը բազում հաստատեալ կարգավիճակներու փոփոխութեան ականատես եղանք։ Ազգային գաղափարախօսութիւնները թարմացնելուն մէջ չարիք չեմ տեսներ։ Զոհի կերպարով աշխարհին ներկայանալը սպառած օրակարգ է»։
Այս ըսածին որպէս պատասխան կու գանք երիտասարդին ըսելու հետեւեալը. «Այս ըսածդ միտքս բերաւ եւրոպացի մտաւորականներէն մէկուն խօսքը. «Անոնք, որոնք չեն կրնար իրենց անցեալը յիշել, դատապարտուած են դարձեալ զայն ապրելու». նոյնիսկ եթէ Աստուածաշունչի էջերը փորձես թերթատել՝ պիտի տեսնես, որ միշտ շեշտուած է անցեալը մտաբերելու եւ յիշելու կարեւորութեան մասին, որովհետեւ ինչպէս Ս. Օգոստինոս կ՚ըսէ «Անցեալը ներկայի հիմքն է»: Կը կարծեմ մեր ազգին համար տակաւին կանուխ է դուրսի աշխարհին բան մը «ծախել» փորձելը, որովհետեւ շուկայական մտածողութեամբ յաջողելու համար պէտք է լաւագոյն «ապրանք»ը շուկայ հանել եւ մենք տակաւին շա՜տ ընելիքներ ունինք այդ «ապրանք»ին վերջնական տեսք ու իմաստ տալու: Ազգային գաղափարախօսութիւններ թարմացնելը անհրաժեշտ է վստահաբար, բայց, մեր մօտ պարագան քիչ մը ուրիշ է. եթէ հարցնելու ըլլաս բոլորս նոյն նպատակներն ու իտէալները ունինք, սակայն չես գիտեր ինչպէս նոյն իտէալներն ու նպատակները հետապնդելով հանդերձ այսքան հակառակ ենք իրարու հանդէպ: Ես ալ, դուն ալ կ՚ուզենք հասնիլ լաւին, բայց միասնաբար քալելու փոխարէն արգելք կ՚ըլլանք իրարու եւ վերջաւորութեան ո՛չ դուն կը հասնիս եւ ոչ ես:
Պարոյր Սեւակ «Դարակէսի հիմնը» բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Լաւ ապրանքը ինքն է ծախւում, ու վատն է որ պիտի գովես». այդ իսկ պատճառով հիմա ու հիմա աշխարհին բան մը ծախելու չնայինք, այնքան ժամանակ երբ մեր ապրանքը այնքան ալ ծախուելիք չէ... անիմաստ չգովենք «վատ»ը ծախելու պէս:
•շար. երէկի թիւէն եւ վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ազգ մը իր սեփական շահերուն համար պէ՞տք է մոռնայ իր անցեալն ու պատմութիւնը:
Պատասխան. Ազգ մը իր շահերուն համար պէտք չէ մոռնայ իր անցեալն ու պատմութիւնը իր շահերուն համար, որովհետեւ այդ մէկը իր ինքնութիւնը, մշակոյթն ու արժէքներն է: Թէեւ նոր իրողութիւններու յարմարիլը յառաջընթացի համար կարեւոր է, սակայն անցեալը ամբողջութեամբ անտեսելը վտանգ է. մոռնալով անցեալը կարելի է կորսնցնել կարեւոր դասեր, որոնք պատճառ կ՚ըլլան խուսափիլ նոյն սխալներէն: Ազգի մը պատմութիւնը հիմքն է միասնութեան եւ հպարտութեան, ինչ որ կ՚օգնէ խելամտօրէն յաղթահարել մարտահրաւէրները: Ազգեր պէտք է ընդունին իրենց անցեալը՝ թէ՛ յաղթականներով եւ թէ պարտութիւններով, որպէսզի կառուցեն աւելի ուժեղ ապագայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան