ԹԱՂՈՒՄԻՍ ԵԿԵՐ ԵՄ…

Միայն մէկ անգամ եկած է մեր տուն եւ լաւ տպաւորութիւն ձգած։

Երբ մտաւ, անմիջապէս մօտեցաւ դաշնամուրիս. «Այս գերմանական անթիք դաշնամուր է» ըսաւ, բացաւ եւ սկսաւ նուագել։

«Պախրա» երգը առաջին անգամ իրմէ լսած եմ։ Մատները պարեցին դաշնամուրին վրայ, իսկ ձայնը լեցուց ո՛չ միայն հիւրասենեակն ու տունը, այլ այն ժամանակ, որ օդորակիչները դեռ չկային եւ ամրան շոգին տան բոլոր պատուհանները բաց կ՚ըլլային, ամբողջ թաղը ըմբոշխնեց մեր մով սարերու «Պախրա»ն»։

Ոտքի ելաւ.

-Պարոն Հրանդ գործով մը եկած եմ։

-Նուագէ՛, ըսաւ հայրս, կը խօսինք գործիդ մասին, քիչ մը նուագէ… 

Եւ այդ «քիչ մը»ն գոնէ ժամ մը երկարեցաւ։ «Պախրա»էն անցանք «Ծիծեռնակ»ին, Աշտարակէն հասանք Կիլիկիա, քայլամոլոր քալեցինք Մայր Արաքսի ափերով, յետոյ հովիւը սիրոյ երգը նուագեց, գովեցինք Հայաստանի կարմիր գինին… Գործնական հանդիպումը վերածուեցաւ տօնի եւ Բարթողեանը մոռցաւ, թէ ինչո՛ւ եկած էր…

Նաեւ լաւ ասմունքող էր։ 

Ապրիլ 24 էր։ Հասակէս շատ աւելի երկար բանաստեղծութիւն մը պիտի արտասանէի։ 

Ինձմէ ետք Բարթողեանն ալ պիտի ասմունքէր, շատ հանդիսաւոր բեմ բարձրացաւ իր հանդարտ քալուածքով՝ աջ ոտքը թերութիւն մը ունէր, կեցաւ բեմին մէջտեղը, ամբողջ սրահը աչքէ անցուց, պէտք եղածէն աւելի երկար սպասցուց մինչեւ դժգոհութիւններ սկսան լսուիլ, յետոյ տող մը ըսաւ, դարձեալ լռեց, տողը կրկնեց, աջ ու ձախ նայեցաւ, ձեռքը բարձրացուց, ոտքը առաջ տարաւ, անգամ մըն ալ շատ խորհրդաւոր շուրջը նայեցաւ, մինչ այդ երիտասարդ նկարիչը չիք-չաք, չիք-չաք չորս կողմը կը դառնար ամէն անկիւնէ նկար մը առնելու համար… Բարթողեանը ալ չդիմացաւ ջղայնացած ձեռքը վեր հանեց, բաներ մը մրթմրթաց եւ բեմը ձգեց։ 

Ես բեմին ետեւը վարագոյրին անկիւնէն կը հետեւէի, թէ ինչպէս պիտի արտասանէ։ Գտաւ զիս, աչքերը լայն բացած լորձունքոտ բերանով ըսաւ.

-Դուն այս թիզ մը հասակովդ քեզմէ եօթ անգամ երկար այս բանաստեղծութիւնը ինչպէս միտքդ պահեր ես…

Աստուած իմ, «Պախրա»ն երգող մա՞րդն է ասի… Յանկարծ չխեղդէ, հազիւ թուքս կլլեցի։

Բարեբախտաբար նկարիչը հասաւ.

-Պարոն Բարթողեան, ի՞նչ պատահեցաւ, ինչո՞ւ չարտասանեցիք։

-Դուն լռէ՛, լռէ,՛ դուն ես պատճառը, որ չարտասանեցի, կապիկի պէս հոյնա կապիկ կը ցատկռտես շուրջս, բառերը մոռցուցիր…

Եւ յարձակեցաւ նկարիչին վրայ, մէկ աջէն, մէկ ձախէն, բեմին ետեւը գտնուողները իրար անցան հասան օգնութեան, մէկը զարկաւ, միւսը փշրեց, մէկը առիթը օգտագործեց, միւսը զոհ գնաց.

«Ջարդեցինք ու փշրեցինք,

Հայուն պատիւը բարձր պահեցինք»։

Վերջապէս լռութիւն եղաւ։ Բեմէն երգը աւարտած եկաւ Բարթողեանին յաջորդած երգչուհին, արցունքները հազիւ զսպած գնաց ուղղակի նկարիչին.

-Ասկէ վերջ ինձմէ բարեւ չսպասես, բոլորին նկարեցիր, երբ կարգը ինծի եկաւ՝ անհետացար, աս է բարեկամութիւնդ հա՞…

Լռութիւնը աւելի ծանրացաւ… Բարթողեանին տարը, նկարիչը բեմ ղրկեցին… Երգչուհիին ալ թաշկինակ տուին արցունքները սրբելու համար։

Բարթողեանին ընկերներէն մէկը օր մը կ՚ուզէ խաղ մը խաղալ պրն. Բարթողեանին գլխուն։

Նախ պէտք է ըսեմ, որ մեր հերոսը ասմունքելու, երգելու, նուագելու կողքին արուեստագէտ ոսկերիչ էր… Հմուտ՝ լուսանկարչական գործիքներ նորոգելու մէջ։ Ոսկի ձեռքեր ունէր, բայց ծոյլ էր ու խմիչքի մտերիմ ընկեր… Քսանհինգ տարուան պարպուած գինիի շիշերը փոշիներու տակ մնացեր էին տունը մինչեւ ամուսնութեան որոշում տալը։ Սակայն չամուսնացած դեռ ինչե՜ր պիտի ըլլային…

Խանութը կէսօրէ ետք երկուքէն կամ երեքէն առաջ չէր բանար։

Այդ օրն ալ խանութ կը հասնի եւ դուռին վրայ մահազդ մը կը տեսնէ իր անունով։ Աստուած իմ, կը մտածէ, իմ անունովս ուրի՞շ մըն ալ կայ եղեր եւ ես տեղեակ չեմ… Իսկ եթէ ոչ, ուրեմն ես եմ մեռնողը։

Թաղումը ժամը չորսին է, կ՚ուղղուի եկեղեցի։ 

Բազմութիւն, ծաղկեպսակներ, բայց դագաղը դեռ չէ բերուած։ Երբ կը մօտենայ ժողովուրդին, մէկը սարսափահար կը պոռայ, միւսը ետ-ետ կ՚երթայ, ուրիշ մը կը մարի։ Բարթոն (ինչպէս կը կանչէին ընկերները, շուարած չորս կողմը կը նայի, վերջապէս մէկը կը համարձակի հարցնել.

-Ծօ Բարթօ՛, դուն մեռած չե՞ս, ի՞նչ գործ ունիս այստեղ…

-Ձեզի նման թաղումիս եկեր եմ, կ՚ըսէ Բարթոն, առաջին անգամ ըլլալով ծայր աստիճան խեղճացած…։

Ափսո՜ս, նկարիչը ներկայ չէր…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

29 Դեկտեմբեր, 2025, Երուսաղէմ

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2025