ԿԵՂԾԻՔԸ ՄԻՇՏ ՎՆԱՍԱԿԱ՛Ր Է

Ցուցամոլութիւնը կը ստեղծէ կեղծիքը՝ քանի որ կեղծիքը կը ծածկէ ամէն տկարութիւն եւ թերութիւն. կեղծիքով է, որ մարդ ինքզինք ցոյց կու տայ այն՝ ինչ որ ինք չէ, բայց այդպէս ըլլալ կ՚ուզէ։

Տգէտ եւ ցուցամոլ մարդիկ, ընդհանրապէս չափազանցուած մօտեցումներ կ՚ունենան ամէն մարզի մէջ եւ իրենց չստացած արժէքները կը փորձեն փոխանցել իրենց ապագայ սերունդներուն՝ ցոյց տալու շրջապատին, թէ որքան նախանձախնդիր են անոնց նկատմամբ։ Արդարեւ, թերի կրթութիւն եւ անբաւարար դաստիարակութիւն՝ պատճառներ են կեղծիքով մօտենալու կեանքին։

Կեանքը փորձառութեան խնդիր է՝ գիտութեան եւ ամենայն կարգապահութեամբ աշխատելու եւ ճշմարտութեան հասնելու նպատակ մըն է։ Եւ ուրեմն, անպայմա՛ն կը ներկայանայ եւ կը յայտնուի մարդուն իսկակա՛ն դէմքը…

Սա անուրանալի իրողութիւն է՝ ճշմարտութիւն է, որ ներկան լաւ հասկնալու համար անհրաժեշտ է գիտնալ, լաւ ուսումնասիրել անցեալը, պատմութիւնը, եւ կարելի է լաւ ապագայ մը կերտել, կառուցանել ներկան լաւ հասկնալով։ Եւ ուրեմն, անբաժան են անցեալը՝ ներկան եւ ապագա՛ն։

Արդարեւ, շատ բնական երեւոյթ է, թէ՝ մանուկներ միշտ «կեանքի օրինակ» մը կը փնտռեն, եւ զայն կը գտնեն իրենց ծնողներուն մօտ։ Ուրիշ խօսքով՝ ներկան կը կազմաւորուի անցեալէն ստացած կեանքի օրինակներով. անցեալը հի՛մն է ներկային եւ անոր վրայ բարձրացող ապագային։ Եւ դարձեալ, մանուկներու օրինակով, քանի որ ապրած է այդ շրջանը, արդէն իր ծնողներուն նմանելու ցանկութիւնը կ՚արդիւնաւորուի նկարագրին կազմաւորումովը։ Սխալ օրինակը՝ սխալ արդիւնքներ կը ստեղծէ։

Այս պարագային, հազուադէպ է որ ոմանք կ՚անդրադառնան այդ սխալին եւ կը սրբագրեն իրենք զիրենք։ Սակայն ընդհանրապէս կը շարուանակէ սխալը՝ փոխանցուելով սերունդէ սերունդ։ Եւ այսպէս՝ սխալը կրկնօրինակուելով ի վերջոյ կը տուժէ ընկերութիւնը, քանի որ ան կազմուած կ՚ըլլայ սխալական անհատներէ։

Այս իմաստով, հասարակաց բարիքը կախում ունի անհատական բարիքէն։ Ուրեմն, իւրաքանչիւր անհատի կը վերաբերի լուրջ պարտականութիւնը՝ կերտելու ապագան եւ որուն հետեւանքով՝ ծանր պատասխանատուութի՛ւն այս մասին։

Զրպարտութիւն, բամբասանք եւ այս տեսակի զանազան վատ սովորութիւններ անցեալէն կը փոխանցուին յաջորդ շրջաններու՝ դժբախտացնելով սերունդներ։

Բայց անուրանալի է, որ մարդ արարածը յաճախ կը մոռնայ այն իրողութիւնը, որ միշտ պէտք է նորոգէ ինքզինք եւ ինքնաքննութեամբ, եթէ ունի սխալներ՝ փոխանցուած իրեն անցեալէն, սրբագրէ եւ նորոգուած շարունակէ իր կեանքը։

Արդարեւ, մարդ, անցեալէն ստացած տպաւորութիւններով, անոնց հպատակելով կազմակերպէ եւ ըստ այնմ ապրի իր կեանքը։ Ան կ՚ենթարկուի իրմէ աւելի զօրաւորին, երբ անիկա «բնութեան ուժ» է եւ կամ աներեւակայելի զօրութիւն մը։

Արդարեւ, այսօրուան մարդկային կեանքը շատ չէ՛ փոխուած նախկին դարերու մարդկային կեանքէն, որքան ալ զարգացած եւ քաղաքակրթուած ըլլայ աշխարհը։ Արհեստագիտութիւնը փոխած է աշխարհը եւ յառաջդիմած է կեանքը։ Եւ սակայն պէտք է ընդունիլ, որ մարդը բնութեամբ եւ բնաւորութեամբ մնացած է նո՛յնը։ Ան միշտ ծածկած է ինքզինք՝ կեղծիքի պատուարին յանձնելով ինքզինք։

Եթէ այդպէս չըլլար, մենք դարերէ՜ ի վեր եւ այսօր եւս պարտաւոր պիտի չըլլայինք խօսիլ սիրոյ, գութի եւ այլ առաքինութիւններու մասին։ Քանի որ անոնք արդէն գոյութիւն պիտի ունենային։

Ուրեմն, պէտք է յաճախ բաղդատել անցեալը՝ ներկային հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ բարւոք, բարելաւ ապագայ մը ստեղծել…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 1, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2025