ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին սկսան Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերը. առաջինը կազմակերպուած էր 2014 թուականին։ Աշխարհի 19 երկիրներու 77 քաղաքներէ, շուրջ 1300 ներկայացուցիչ կը մասնակցի Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերուն, որոնք տեղի կ՚ունենան Ջերմուկի մէջ։
Շաբաթավերջի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը անմոռանալի դարձաւ՝ գեղարուեստական եւ մարզական արժէքներու միահիւսման տեսակէտէ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան եւ Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Յակոբ Արշակեան, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Բացման արարողութենէն անմիջապէս վերջ արդէն համահայկական խաղերու ծրագրի գործադրութիւնը սկսաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամենամեծ աշխարհագրութիւնը կ՚ընդգրկէ ճատրակը։
Միասնութեան եւ համերաշխութեան տօնի մը մթնոլորտին մէջ կ՚ընթանան Համահայկական ձմեռնային երկրորդ խաղերը, որոնց կը մասնակցին նաեւ Իսթանպուլէն ներկայացուցիչներ։