ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ…
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Տուշանպէի մէջ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովին շրջագծով յայտարարեց, թէ հայ-ազէրի սահմանին վրայ իրադրութիւնը սրելու ուղղեալ Ատրպէյճանի փորձերը յղի են տարածքաշրջանի ապակայունացման։ Ելոյթ ունենալով ՀԱՊԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նըս-տաշրջանին՝ Սերժ Սարգսեան նշեց, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն նեղ կազմով հանդիպման ընթացքին քննարկուած են սուր հարցեր եւ այդ քննարկումը՝ ըստ աւանդութեան, կրած է անկեղծ բնոյթ։ «Ես ՀԱՊԿ-ի պետութիւններու ղեկավարներուն տեղեկացուցի Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի իրադրութեան մասին՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով հայ-ազէրի սահմանին եւ ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գծին երկայնքով լարուածութեան աճի էական սպառնալիքին վրայ։ Կրկին չեմ անդրադառնար այդ հարցին, միայն կը նշեմ, որ իրադրութիւնը սրելու ուղղեալ ատրպէյճանական կողմի փորձերը՝ միջազգային հանրութեան համարժէք հակազդեցութեան բացակայութեան պարագային, յղի են ամբողջ տարածքաշրջանի իրադրութեան ապակայունացման», ըսաւ Սերժ Սարգսեան Տուշանպէի մէջ։ Հարկ է նշել, որ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը Սերժ Սարգսեանի այս արտայայտութիւններուն արձագանգ հանդիսացած է՝ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան հաղորդումներուն հիման վրայ։
ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովէն վերջ երէկ Տուշանպէի մէջ անդամ երկիրներու ղեկավարները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ, թէ անոնք անթոյլատրելի կը համարեն ՄԱԿ-ի շրջանցումով գործադրուող պատժամիջոցները։ ՀԱՊԿ-ի երկիրները ընդվզում յայտնեցին նոր բաժանարար գիծերու եւ փակ սահմաններու կապակցութեամբ։ Անոնք կողմնակից են սպառազինութիւններու մրցավազքի կանխուելուն։ Նախագահները առանձնապէս անհանգստութիւն յայտնեցին նաեւ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիի սահմաններուն մօտ տիրող իրադրութեան, տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորուած չըլլալուն առընչութեամբ։ Ահաբեկչութեան եւ աթոմային զէնքերու տարածման դէմ եւս զգայնութիւն յայտնած են նախագահները, առանց ուշադրութենէ սպրդելու նաեւ Սուրիոյ հարցը։ ՀԱՊԿ-ի երկիրները պայմանաւորուած են շարունակել արտաքին քաղաքական դիրքորոշումներու համակարգումը՝ միջազգային իրադրութեան հրատապ խնդիրներուն շուրջ։
Տուշանպէի մէջ երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստան ստանձնեց ՀԱՊԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ապակայունացման վտանգին բացառուած չըլլալուն շուրջ Երեւանի զգուշացումները յայտնելու առընթեր, Սերժ Սարգսեան խօսեցաւ նաեւ հայկական կողմի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն եւ հիմնական ծրագրերուն շուրջ։ Ան առաջարկեց ստեղծել ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերու նախապատրաստման կեդրոն մը։ Հարկ է նշել, որ ցայսօր ՀԱՊԿ չէ մասնակցած որեւէ խաղաղապահ գործողութեան։
Նկատի ունենալով, որ Հայաստան ստանձնած է շրջանային նախագահի պաշտօնը, ՀԱՊԿ-ի յաջորդ գագաթաժողովը յառաջիկայ տարուան երկրորդ կէսին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ Մինչ այդ, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները կը նախատեսեն համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս գալ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին մօտ։
Թէ՛ ՀԱՊԿ-ն եւ թէ անոր անդամ պետութիւնները ցարդ որեւէ յայտարարութիւն չեն կատարած հայ-ազէրի սահմանին վրայ առկայ լարուածութեան առընչութեամբ։ Կարգ մը լրատուամիջոցներ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահներու պատրաստութեան կեդրոն մը ստեղծելու վերաբերեալ Սերժ Սարգսեանի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկը կը մեկնաբանեն այս ֆոնին վրայ եւ կ՚ընեն հետաքրքրական եզրակացութիւններ։ «lragir.am» կայքէջը հարց կու տայ, թէ արդեօք Սերժ Սարգսեան խաղաղապահնե՞ր կը կանչէ։ Արդարեւ, ինչպէս ծանօթ է, երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծի երկայնքին խաղաղապահներ տեղակայելու խնդիրը։ Սա թէեւ բարդ հարց մըն է եւ բազում ճիւղաւորումներ կրնայ ունենալ, սակայն մեկնաբաններ յաճախ կը յայտնեն, որ Մոսկուա կը ձգտի իր խաղաղապահները տեղակայել այնտեղ։ Սա, բնականաբար, կրնայ ըլլալ միջազգային առաքելութեան մը ձեւաչափին մէջ։
Սարգսեան փաստացիօրէն խաղաղապահներու հարցը բերած է ՀԱՊԿ-ի օրակարգին վրայ, սակայն իր յայտարարութեան մէջ ուղղակիօրէն առաջարկ մը չկայ հայ-ազէրի սահմանին ՀԱՊԿ-ի ուժեր տեղակայելու վերաբերեալ։ Ան փաստացիօրէն առաջարկած է Հայաստանը դարձնել ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահներու կեդրոնը։ Հետեւաբար, մեկնաբանները հաշուի կ՚առնեն զանազան վարկածներ։ Արդեօք այդ առաջարկը քօղարկուած փո՞րձ մըն է ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահները Արցախի հակամարտութեան գօտի մտցնելու համար։ Սարգսեանի առաջարկին մէջ նկատուած է նաեւ ուշագրաւ այլ հանգամանք մը։ Ան մատնանշած է Հայաստանի տասնամեայ խաղաղապահ փորձառութիւնը։ Նրբութիւնը այն է, որ Հայաստանի խաղաղապահները պատրաստուած են ՆԱԹՕ-ի օժանդակութեամբ։ Հայ խաղաղապահները փորձառութիւնն ալ կուտակած են ՆԱԹՕ-ի առաքելութիւններուն շրջանակներէն ներս։ Սա կը նշանակէ ՆԱԹՕ-ի չափանիշները։ Այսինքն, Սերժ Սարգսեան ՆԱԹՕ-ի չափանիշներուն հիմա՞ն վրայ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահներու ստեղծման ծրագիր մը կ՚առաջարկէ։ Արդեօք Երեւան այս հարցին շուրջ որեւէ հանգամանք համաձայնեցուցա՞ծ է ՆԱԹՕ-ի հետ։ Չի բացառուիր նաեւ, որ Երեւան կը փորձէ որոշ կամուրջ մը հանդիսանալ ՆԱԹՕ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ կառոյցներու համարկման համար, մանաւանդ, որ ՀԱՊԿ կը փափաքի իր խաղաղարար միաւորներով ներգրաւուիլ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ իրականացուող գործողութիւններուն։