«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Համայնքային շրջանակները երէկ Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Զանազան թաղերէ հաւատացեալներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։ Երէկուան արարողութիւնները Գողթանի ընտանիքին տեսակէտէ ալ յատկանշանակ էին՝ քանի արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դպրապետ Հերման Քըրին կիսասարկաւագի աստիճան շնորհեց՝ գնահատելով անոր բազմամեայ ծառայութիւնը։ Արարողութեանց ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսարանէն Հ. Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆըրատեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ բացատրեց, որ լոկ ուղեղով մեր սորվածները բաւարար չեն հոգեւոր կեանքի համար, ուստի պէտք է սորվիլ նաեւ սրտով։ Նորին Ամենապատուութիւնը կրթութեան կարեւորութիւնը բացատրելու ժամանակ ընդգծեց «Հրանդ Տինք» դպրոցի եզակի առաքելութեան նշանակութիւնը։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգըստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան «Հրանդ Տինք» դպրոցի՝ անդարձ բաժնուած բոլոր սատարողները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Այս փուլին ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ այլ հոգեւոր հայրեր։ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան եւս մասնակցեցան սիրոյ սեղանին։
«Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձու Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ գլխաւորուած ուսուցչական կազմը մեծ ջանքեր գործադրած էին՝ այս տարուան նուիրահաւաքման արդիւնաւէտութեան համար։ Ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան՝ մինչ անոնց ուղղեալ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Հորոզօղլու՝ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելով կրթօճախի այժմու կացութեան շուրջ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտները արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։
Արարողութիւնները եզրափակուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։