ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Հայաստանի մէջ անցեալ տարի ընթացք առած շարժումը, որուն գլուխը անցած էր Տաւուշի թեմի երբեմնի առաջնորդներէն Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան, մեծ տրամագիծով մը հանրութեան «ներկայացուց» քաղաքական-հանրային կեանքին մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութեան «ներկայութիւնը»։ 

Ճիշդ է, որ եկեղեցւոյ ընդգծուած դերը արդէն իսկ կար սփիւռքի ամենահեռաւոր ափերուն, բայց եւ այնպէս, այդ դերը կը տարբերէր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն։ Սփիւռքին եկեղեցին, եկեղեցական մարմինները գործակից եւ գործընկեր են սփիւռքի քաղաքական «ներկայութիւնը» կամ քաղաքական ուժը ներկայացնող կառոյցներուն, իսկ Հայաստանի պարագային պատկերը բոլորովին այն եղաւ, երբ եկեղեցին, պահանջեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Սա, անշուշտ, եղաւ Հայաստանը հարուածած ամենածանր զարգացումներու ճիշդ կիզակէտին ու ասոր զուգընթաց՝ հրաժարանի կոչը ի դերեւ մնաց։ Տապալեցան նաեւ ընդդիմադիր եւ տարբեր փուլերու երանգ ու տեսակ փոխած իրերայաջորդ «ընդդիմութիւններու» փորձերն ու ճիգերը, որոնք շուրջ հինգ տարի առաջ փողոց իջան ու բաւական բուռն ոճով ու խօսոյթով պահանջեցին Փաշինեանի հրաժարականը։ 

Աւելի ուշ, նոյն այդ ուժերը՝ յուսալով ու հաւատալով, թէ ընտրութեանց ճամբով շատ հեշտ պիտի ըլլայ իշխանափոխութիւն հասնիլը, այս անգամ «գործարքի» մտան իշխանութեան հետ ու բոլորով հանդերձ գացին խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Ընտրութեան արդիւնքը ծանօթ է։ Ընդդիմութեան մէջ ալ սկսան ծագիլ մեծ հարցումներ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ընդդիմադիր ուժ դառնալ եւ ըլլալ նոյն դահլիճին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի կողքը կամ անոր դիմաց։ Այս հարցումը ցայսօր ալ կը շարունակուի լսելի դառնալ կարգ մը շրջանակներու կողմէ, որոնց համար Հայաստանի իրավիճակը կրնայ բարւոք հուն մը, ճանապարհ մը առնել միայն այն պարագային, երբ իրականութիւն կը դառնայ «Առանց Նիկոլի Հայաստան» դրոյթը։

Անցեալ դարձաւ այդ փուլը եւս, դարձեալ ցոյցեր ու բողոքի բազմաշերտ, բազմապիսի գործողութիւններ, որոնք բոլորն ալ տապալեցան եւ, ի հարկէ, այդ տապալումը ունէր հիմնաւոր դրդապատճառներ, որոնց քննարկումը այստեղ ժամավաճառութեան կրնայ տանիլ։ Ու մինչեւ Բագրատ սրբազանի հրապարակ գալը Հայաստանը ապրեցաւ քաղաքական ոչ այդքան սահուն, բայց եւ այնպէս, ոչ ալ «քաոթիք» իրավիճակ մը, որուն տարբեր ժամանակներուն, սահմանին վրայ երեւցած անհանգստութիւնները, Արցախի Հանրապետութեան լուծարումն ու հայաթափումը ստեղծեցին ներքին տինամիքներ, որոնց վրայ յենելով՝ ընդդիմութիւնը փորձեց միաւորներ կուտակել ու հասնիլ որոշակի յստակութեան։

Մինչ այդ տեղի կ՚ունենային զուգահեռ գործընթացներ, որոնք կը յատկանշուէին իշխանութեան մօտեցումներուն դէմ յստակ ձեւակերպումներով եւ այդպէս մէջտեղ կը նետուէին՝ ազգային կրթութեան հարցը, խաղաղութեան խաչմերուկի խնդիրը, գերիներու հարցը եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները։

Հայոց Եկեղեցիին դէմ ընթացք առած շարժումները յանկարծ կը մարէին ու կարծէք տեղի կ՚ունենար փոխադարձ համաձայնութիւն մը՝ մէկ կողմէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին ու միւս կողմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ՝ մինչ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» անունով հրապարակ իջած շարժումն ալ կը մարէր ու կերպով մըն ալ կը մատնուէր մոռացութեան։ Այդ փուլէն ետք երկու կողմերը դարձեալ կ՚ունենային հին-նոր տարակարծութիւններ, որոնք նաեւ կ՚ուրուագծուէին Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները կարգաւորելու միտուած, սակայն, «մեռեալ ծնունդ» մարմին-յանձնաժողովի վաղահաս վախճանով։

Եկեղեցին ետ կը քաշուէր դէպի իր խրամատները, իսկ իշխանութիւնը կը գոհանար քանի մը հարուած տալով (օրինակի համար «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան» առարկան կը հանուէր դպրոցական ծրագիրներէն)՝ բացատրելու համար, որ ընդհանրապէս կացութիւնը տակաւին իր ձեռքն է։

Ահա այդ փուլէն ետք պայթած էր Տաւուշի սահմանազատման նիւթը, որուն զուգահեռ՝ կը փայլէր աստղը Բագրատ սրբազանին, որ յար եւ նման Նիկոլ Փաշինեանին՝ կըհասնէր Հանրապետութեան հրապարակ ու կը պահանջէր վարչապետի անյապաղ հրաժարականը։ Մնացեալ զարգացումները արդէն բոլորին ծանօթ են։ Բագրատ սրբազանի առաջնորդած «Սրբազան շարժում»ը կը գտնուի կիսամեռ վիճակի մը մէջ։ Ունի հետեւորդներ, ունի յաւակնութիւններ, բայց, սոյն շարժումը շատ հեռու է երկրին մէջ իշխանափոխութեան օրակարգ մը յառաջ տանելու։

Այս բոլորէն անդին, յստակ է, անշուշտ, որ այսօրուան դրութեամբ թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ Մայր Աթոռը եկած են այն եզրակացութեան, թէ իրարու դէմ պայքարելու դրուածքը այլեւս նպաստաւոր չէ։ Աւելի՛ն, յստակ է արդէն, որ այդ պայքարը տեղ մը պիտի չտանի եւ ընդհակառակը՝ Բագրատ սրբազանի եւ անոր համակիր հասարակութեան (ընդդիմադիր ուժերու գլխաւորութեամբ) կողմէ արարքները աւելիով աճեցուցած են այն վիհը, որ արդէն գոյութիւն ունէր մէկ կողմէ եկեղեցիին եւ միւս կողմէ Հայաստանի հասարակութեան կողմէ։

Ու այստեղ, անշուշտ, կը ծագին մէկէ աւելի հարցադրումներ՝ կապուած ո՛չ միայն պայքարի հանդարտեցման, այլեւ դերերու վերաբաշխումի մը հետ, որ կրնայ կատարուած ըլլալ բոլորովին պատահական պայմաններու ներքոյ։ Նախ պէտք չէ մոռնալ Հայաստանի պետական աւագանիի մասնակցութիւնը՝ անցեալ սեպտեմբերին տեղի ունեցած Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութեան։ Ապա, առկայ ընդհանուր լռութիւնը (երկու կողմէն ալ) ու անոր յաջորդած Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի բացայայտ յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ որոշ չափով հասունցած է նոր իրականութիւն մը, որ առնուազն կը խօսի իրավիճակը խաղաղ պահելու, ներքին լարումները այս ուղղութեամբ մղմելու ջանասիրութեամբ։

Անշուշտ, եկեղեցւոյ տեսակէտէ, մօտաւոր այցեալի դէպքերը մէկէ աւելի առումով պիտի շարունակեն մնալ մտահոգութեան առանցք։ Այդ հարցադրումները թերեւս կը հնչեն կամ կը հնչեցուին փակ սրահներու մէջ, սակայն, նոյն այդ հարցադրումները պիտի շարունակեն մնալ մեծ հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնին։

Թէ ի՞նչ առումով Բագրատ սրբազան յայտարարուեցաւ «սառեցուած եպիսկոպոս» կամ այսօր ի՞նչ է իրական կեցուածքը իր նկատմամբ Մայր Աթոռին… Աւելի՛ն, Միքայէլ սրբազանի կողմէ անցեալ իշխանակարգերու հասցէագրուած մեղադրանքները արդեօք պատահակա՞ն եղան։ Պարզ է՝ կայ նաեւ եկեղեցւոյ կողմէ նոր շարժում մը սկսելու բարի կամեցողութեան վիճակ մը, որ պայմանաւորուած է բաց կերպով խօսելով Արցախի խնդրին, արցախցիներու ճակատագրին ու մանաւանդ՝

Պաքուի մէջ պահուած հայ պատանդներու ազատութեան մասին։ Ահա այս հարցերը կարծես նոր դեր մը կրնան հասունցնել, բայց, մնացեալ ամէն ինչը մինչեւ հիմա կը շարունակէ մնալ անորոշ։

Ուրեմն, այժմ նոր փուլ մըն է, որ կրնայ յատկանշուիլ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու կարեւորութեամբ։

ՉԽԱՌՆՈԻԻԼ ԻՐԱՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ

Զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ պետութիւնն ու եկեղեցին պէտք չէ խառնուին իրարու գործերուն։ Ան աւելցուցած էր, որ անհրաժեշտ է եկեղեցւոյ թափանցիկ ըլլալը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2025