ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԳՐԱԳԻՏՈՒՀԻՆ՝ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՍԻՆ (19-ՐԴ ԴԱՐ)
1990 թուականին Ֆրանսայի Մոնտիոնեան գրական մրցանակին կ՚արժանանայ անցեալ դարասկիզբին գրուած գիրք մը՝ «Ճանապարհորդութիւն Սեն Փեթերսպուրկէն Արարատ՝ 1899-ին» խորագրով:
Ֆրանսերէնով գրուած գիրքին հեղինակը ֆրանսացի գրող տիկին Սթանիսլաս Մէօնիէն է (բուն անունով՝ Լէոնի, բայց կը ստորագրէր ամուսինին անունով): Ան Փարիզի Բնական պատմութեան թանգարանի փրոֆեսէօր, երկրաբան հանքաբան Ստանիսլաս Մէօնիէի (1843-1925թթ.) կինն էր, որ ժամանակին քանի մը վէպ հանրամատչելի գիրքեր հրատարակած է եւ իր ժամանակի մտաւորական կիներէն մին կը նկատուէր: Գրագիտուհին ծնած է 1852-ին եւ մահացած՝ 1940-ին:
19-րդ դարավերջին, երբ զբօսաշրջութիւնը մեծ զարգացում կ՚ապրէր, տիկին Մէօնիէն իր գիտնական ամուսինին 1898-1899-ին ուղեկցեցաւ Ռուսական կայսրութիւն՝ Սեն Փեթերսպուրկի երկրաբանական համաժողովին, իսկ այդ առթիւ, համաժողովի անդամներուն հետ այցելեց նաեւ Կովկաս:
Այդ ճանապարհորդութիւնը ոգեշնչող եղած է տիկին Մէօնիէի համար եւ ան ատկէ տարիներ ետք շարադրած է իր տպաւորութիւնները, որոնք վերածուած են գիրքի: Հայաստանին վերաբերող մասը՝ այց Էջմիածին եւ Էջմիածնի Մայր Տաճար, ինչպէս նաեւ՝ Արարատեան դաշտավայր, 1912 թուականին տպագրուած է Արամ Անտոնեանի՝ Պոլիս հրատարակուած «Գանձարան բարձրագոյն դասընթացքի» հրատարակութեան մէջ:
Այսօր, երբ նորոգուած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, հետաքրքրական է տեսնել, թէ երկու դար առաջ ինչպէս տեսած են զայն՝ օտարները: Տիկին Մէօնիէ, հիանալով Էջմիածնով, Մայր Տաճարով, մատնանշած է նաեւ վրիպումներ, որոնք նկատած է օտարի իր աչքը: Սակայն ամենակարեւոր բանը, որ ֆրանսուհի մտաւորական կինը զգացած է Մայր Տաճարին մէջ՝ ամբողջ հայութիւնը համախմբող անոր ուժն է: Իրաւ, այսօր ալ, մեր ազգային եկեղեցական կեանքին մէջ անփոխարինելի է Սուրբ Էջմիածնի դերն ու նշանակութիւնը: Ան միշտ մեր ժողովուրդի միասնութեան խորհրդանիշը եղած է, իր երեւոյթով մայր հայրենիքի սիրտին մէջ կանչող եւ շողշողացող լոյս է: Բոլոր դժուար ժամանակներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ուղեցոյց է ողջ աշխարհով սփռուած հայ ժողովուրդի համար:
*
ԷՋՄԻԱԾԻՆ
ՏԻԿԻՆ ՍԹԱՆԻՍԼԱՍ ՄԷՕՆԻԷ
Հեռուն, զանգակատուններ, աշտարակներ. Էջմիածին:
Սիրտս կը տրոփէ, որովհետեւ գիտեմ, թէ այնտեղ սրբազան վայր մըն է, ապաւէն մը՝ ժողովուրդի մը դժբախտութեանը, հաւատքին, յիշատակներուն եւ յոյսերուն համար:
Ժանեկաձեւ պատերով ու բերդակներով բողորուած եկեղեցիի մը առջեւէն կ՚անցնինք, յետոյ աւերակի մը առջեւէն, որ նոյնպէս եկեղեցի մըն է տակաւին:
Կիսկատար շինութիւններ, թափուր գետիններ, արդի ձեւով տուներ՝ պատշգամներով: Վաղարշապատն է ասիկա, այսօր գիւղ մը, ատենօք մայրաքաղաք մը: Վերջապէս կառքէն կ՚իջնենք: Դռնէ մը կ՚անցնինք, ու վանքին շրջափակին մէջն ենք:
Բակը բազմութեամբ լեցուն է. ուխտի ատեն է, եւ շատ հեռու տեղերէ հայերը կու գան իրենց սրբավայրը, որ ամէն կերպով կ՚ընդունի զանոնք, անոնց տալով իր աղօթքները օրհնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ուտելիք ու սեղան:
Դէպի մեզ կը յառաջանային ժպտուն, հիւրընկալ, ձեռքերնին երկնցուցած սեւ փիլոնով մարդիկ, սեւ մետաքսէ վեղարով, - Էջմիածնի եպիսկոպոսներն ու վարդապետները:
Մեզի ընդարձակ շէնք մը մտցուցին, սանդուխէ մը առաջնորդեցին, եւ լայն ճեմելիքի մը երկայնքը մեզի ննջարաններ տարին: Կարծեր էին, թէ իրենց հիւր պիտի ըլլայինք, եւ զուարթ մեծ սենեակներ ու ճերմակ անկողիններ պատրաստեր էին մեզի: Մէկ քանի կին էինք մենք, եւ մեզի համար ալ տեղ պատրաստուած էր, թերեւս էրիկ մարդերուն համար պատրաստուածէն աղէկ: Էջմիածնի կրօնաւորները, իրաւցնէ սրտառուչ փափկանկատութեամբ մը, ամէն հոգ տարած էին մեր բնակութիւնը հաճելի դարձնելու: Մեղք որ ի զուր այդչափ ձանձրութիւն յանձն առեր էին. մէկ քանի վայրկեան միայն պիտի կենայինք այդ սենեակները: Որչա՜փ պիտի ուզէի օրերով մնալ այնտեղ ու երազել, բաց լայն պատուհանին առջեւ:
Հռոմի մէջ, Պապին առջեւ կրելիք հագուստիդ մանրամասնութիւնները առաջուց կը կարգադրեն: Էջմիածին քեզ կ՚ընդունին երկաթագամ կօշիկներով, ամէն գոյնէ հագուստներով եւ ասուիէ շապիկներով: Էջմիածին սակայն նրբաճաշակ հիւրընկալութեամբ մը կը մեծարէ իր այցելուները:
Մեր շուրջը խմբուած, Էջմիածնի կրօնաւորները մեզի կ՚առաջարկեն վանքը պտտիլ: Երեք խումբ կը կազմուի մեզմէ, ֆրանսական խումբ մը, գերմանական խումբ մը, անգլիական խումբ մը, որոնց իւրաքանչիւրին կրօնաւոր մը կը միանայ իբր թարգման:
Մեր թարգմանը մեզի կը բացատրէ, թէ ինչ բանի կը ծառայէ Գէորգեան ճեմարանի սրահը, ուր կը գտնուինք: Հոն տեղի կ՚ունենան բանախօսութիւնները, նուագահանդէսները, ուսումնական հանդէսները:
Ագեւոր դաշնակ մը եւ երգեհոնակ մը կան հոն. պատերը զարդարուած են կաթողիկոսներու իւղաներկ կենդանագիրներով եւ փորագրութիւններով: Կաթողիկոսին յատկացուած բարձր գահուն շուրջը աթոռներ շարուած են աստիճանաւորներուն համար. նստարանները աշակերտներուն համար են:
Վարժարանէն մեկնելով կը վերսկսինք պտտիլ վանքը, որուն հնութիւններուն վրայ պէտք է սքանչանանք անյապաղ:
Ճեմելիք մը կը մտնենք, որ կենդանագիրներու հաւաքածոյով մը զարդարուած է: Էջմիածնայ մէջ շատ քիչ արուեստագէտ են, եւ շատ կը սխալին հոն իրերու արժէքին վրայ:
Ցուցափեղկերու մէջ ճաբոնական շատ անպիտան ապրանքներ տեսանք:
Կովկաս հրաշալի գորգեր կը պատրաստէ, այնքան ճոխ ու ներդաշնակ գոյներով, այնքան վայելուչ ու բազմադիմի նկարներով. եւ սակայն, մինչդեռ վանականներուն համեստ սենեակները այդ գորգերով զարդարուած են, Կաթոլիկոսը իր գահին ետեւը ունի ահռելի կապերտ մը:
Եկեղեցիներուն եւ մատուռներուն մէջ սրբազան պատկերները շատ գէշ նկարուած են: Էջմիածնի վանականները նոյնպէս արժեւորել չեն գիտեր իրենց հռչակաւոր մատենադարանը. շէնքը մութ է, գիրքերը, բացի մէկ քանիէն, գէշ կազմուած են: Հաւաքածոյին գոհարն է Ը. դարու գրչագիր Աւետարանը, փղոսկրէ կափարիչով:
Էջմիածին 4000 գրչագիր ունի. շատերը պատմութեան եւ աստուածաբանութեան կը վերաբերին . թերեւս գիտնական մը նոր լոյսեր գտնէ հոն անցեալին վրայ. ու չպիտի զղջար, եթէ երթար վանքը հաստատուէր՝ մէկ քանի ամիս հոն աշխատելու համար:
Գրատունէն յետոյ գանձարանը ցուցուցին մեզի:
Էջմիածնի սիրտը ականակուռ թագերուն, ոսկեթել ու ասեղնագործ շուրջառներուն ու խաչերուն հետ չէ: Այդ գեղեցիկ առարկաները, որոնք բաւական գէշ շարուած են չկղպուած պահարաններու մէջ, պզտիկ մը կը գրաւեն, որուն փոշին շատ քիչ անգամ կը մաքրուի:
Էջմիածնի սիրտը իր սրբատուփերուն հետ ալ չէ. ասոնց մէջ են Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը եւ ճոխ շրջանակը, որ Նոյի տապանին մէկ մասունքը կը պարունակէ:
Էջմիածնի սիրտը իր գաղթականներուն, ուխտաւորներուն, աշակերտներուն հետ է:
Էջմիածնի վանականները աշխատասէր են եւ ո՛չ հայեցող: Աւելի ապագային կը նային, քան՝ անցեալին. արդի ոգիով խորապէս տոգորուած, գիտեն գիտութեան ուժը, կը ճանչնան եւ կ՚ընդունին մարդկային մոքին ամէն իրաւունքները, ազատութեան ծարաւը ունին:
Վերադարձին՝ գիւղէն անցեր էինք, երբոր պարտէզէ մը երիտասարդ ու մանկամարդ կիներ դէպի մեր կողմը վազեցին ու նուիրեցին ողկոյզներ, իրաւցնէ դրախտի պտուղներ: Ազգային պտուղն էր, որ այդ երիտասարդներն ու կիները կը բերէին մեզի:
ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏԱՃԱՐԸ
Էջմիածնի Տաճարը շինուած է սեւ ու կարմիր խառն քարերէ: Ունի երեք դուռ, մէկը՝ արեւմտեան կողմը, որ ինկած է զանգակատան տակ, միւս երկուքն ալ հարաւային եւ հիւսիսային կողմերը: Հարաւային կողմը ուրիշ դուռ մըն ալ կայ, որ հիմա փակուած է եւ որ «Արքունի դուռ» կը կոչուէր, որովհետեւ Հայոց թագաւորները անկէ կը մտնէին տաճար:
Տաճարը խաչաձեւ է, չորս կողմը ունի երեսունհինգ փոքրիկ պատուհաններ: Դուրսէն տաճարին վրայ կը բարձրանան հինգ սրածայր, հայկական ճարտարապետական ոճով շինուած գմբէթներ, որոնցմէ չորսը անկիւնները կը գտնուին, իսկ մէկը՝ ամենէն մեծն ու հոյակապը՝ ճիշտ մէջտեղն է, ներսի կողմէն ալ չորս փառաւոր սիւներու վրայ կանգնած: Այդ գմբէթին տակ կը գտնուի Իջման սեղանը:
Սեղանին վրայ կաթողիկէի ձեւով մարմարէ հովանի մը շինուած է, շքեղ քանդակներով եւ նկարներով զարդարուն: Հանդիսաւոր օրերու մէջ՝ եպիսկոպոսները Իջման սեղանին վրայ կը կատարեն պատարագը: Սեղանին մօտը դրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին աթոռը, հինգ փոքրիկ գմբէթներով զարդարուած շքեղ հովանիի մը տակ:
Շահ Աբբասի արշաւանքէն վերջ Էջմիածին անշուք եւ տխուր վիճակի մէջ էր: Այդ ատենները Մովսէս Կաթողիկոս ձեռնարկեց անոր վերաշինութեան. նոր քարերով ամրացուց վանքին պատերը, ներսը վայելուչ կերպով զարդարեց, յետոյ չորս կողմը ընդարձակ պարիսպներ շինեց, պարիսպներէն ներս ալ կանգնեց զանազան շինութիւններ. ինչպէս՝ Հայրապետի վեհարան, միաբաններու համար յարմար բնակարաններ, ընդհանուր սեղանատուն, հիւրատուն եւ ուրիշ կարեւոր շինութիւններ:
Մովսէս Կաթողիկոսէն վերջ այդ շինութիւնները աւելի ընդարձակեց անոր յաջորդող Փիլիպպոս Կաթողիկոսը. ան սկսաւ նաեւ Մայր Տաճարի զանգակատան շինութեան, թէեւ չաւարտած վախճանեցաւ: Յետոյ, Յակոբ Կաթողիկոս աւարտեց զանգակատունը, զոր զարդարեց փառահեղ կամարներով եւ հրաշալի դրուագներով: Զանգակատան միջին յարկին մէջն ալ պատարագի սեղան շինեց:
Այսօր, Էջմիածնի տաճարին մէջ պատարագի հինգ սեղաններ կը գտնուին. մէկը՝ աւագ սեղանը, որ ամենէն մեծն ու վայելուչն է, շինուած է արեւելեան պատին մէջտեղը, յետոյ Իջման սեղանը, որուն երկու կողմերը՝ հարաւային եւ հիւսիսային պատերուն մէջ, շինուած են մէյմէկ սեղան, որոնցմէ հիւսիսայինը կանգնուած է Ս. Ստեփաննոսի անունով. այդ սեղանէն կը սկսի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան շքեղ հանդէսը: Հարաւային սեղանը շինուած է Ս. Յովհաննէս Կարապետի անունով. այնտեղ մշտապէս կը պահուի Ս. Միւռոնի փոքրիկ կաթսան:
Դառնաղէտ պատահարները միշտ անպակաս եղած են պարծանքներու պարծանք Էջմիածնէն, բայց հայութեան սիրտը միշտ անոր հետ եղած է, եւ ան միշտ ընդհանուր հայերու միութեան եւ սիրոյ օղակը հանդիսացած է:
Հայոց թագաւորներու ատենէն իսկ քաղաքական այս կամ այն գործերու վերաբերեալ խորհուրդներ եւ ժողովներ գլխաւորապէս Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած են, որովհետեւ Հայոց Հայրապետները, Հայաստանի քաղաքական գործերուն մէջ՝ թագաւորներու եւ իշխաններու հետ անբաժան մասնակցած են, եւ շատ անգամ անոնցմէ աւելի մեծ դեր խաղացած են:
Էջմիածին կառուցուած է 303 թուականին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ:
Իր հաստատութեան 1600-րդ տարեդարձը մեծ շուքով տօնուեցաւ 1903-ին: Երջանկայիշատակ կաթողիկոսներ միշտ աշխատած են ճոխացնել զայն եւ խոշորցնել անոր հարստութիւնը: Հայը միշտ սիրեր է Մայը Աթոռը: Ոեւէ հանդէսի ժամանակ մտէ՛ք Էջմիածին եւ այնտեղ կը տեսնէք աշխարհի ամէն ծայրերէն եկած հայեր: Այնտեղ կը հանդիպիք եղբայրներու եւ քոյրերու՝ եկած Հնդկաստանէն, Տաճկաստանէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայէն: Յատկապէս Էջմիածին այցելած են շատ թագաւորազուններ, կայսրեր, թագաւորներ, շահեր, մեծամեծ իշխաններ, մեծահռչակ գիտնականներ. եւ ամէնքն ալ սփոփանքով լեցուն սրտով հեռացեր են: Հայուն պարծանքն է այսօր Էջմիածինը:
Էջմիածին ամբողջ հայութեան համար է, իսկ բոլոր հայերը Էջմիածնի համար են:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան