ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ նշանակուեցաւ Տ. Գարեգին Աբեղայ Համբարձումեան, որ մինչ այդ փոխ-տեսուչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին։ 1986 թուականին Կապանի մէջ ծնած է Տ. Գարեգին Աբեղայ Համբարձումեան, որ դպրոցական տարիներուն յաճախած է նաեւ Արաբկիրի Հայորդեաց տունը։ Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ վերջ ան յաճախած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան։ 2006 թուականին սարկաւագ ձեռնադրուած է ձեռամբ՝ Տ. Արարատ Եպսկ. Գալթաքճեանի։ Երկու տարի վերջ ծառայութեան անցած է Մայր Աթոռի դիւանատան մօտ՝ եկեղեցի-պետութիւն բաժնէն ներս նախ որպէս գործավար-քարտուղար եւ ապա որպէս նոյն բաժնի պատասխանատու։
2008 թուականին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ գերազանցութեամբ պաշտպանած է աւարտաճառը՝ «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոնաիրաւական փոխյարաբերութիւնները» նիւթին շուրջ։ 2009 թուականին կուսակրօն քահանայ ձեռնադ-րըւած է ձեռամբ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։
2010-2014 թուականներուն ուսանած է Անգլիոյ Շեֆֆիլտի համալսարանին մէջ՝ միաժամանակ ուսանելով եւ պարբերաբար դասախօսելով Օքսֆորտի համալսարանին մէջ։ Ուսանողութեան աւարտին ստացած է Աստուածաբանութեան տոքթորի աստիճան։ Ուսման տարիներուն որպէս այցելու հոգեւոր հովիւ իր ծառայութիւնը մատուցած է Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եւ Մենչըսթըրի Ս. Երրորդութիւն հայկական եկեղեցիներէն ներս, ինչպէս նաեւ հիմնած է Օքսֆորտի համալսարանական առաքելութեան ծուխը։
2014 թուականի Նոյեմբերին, որպէս փոխ-տնօրէն, ծառայութեան կոչուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին մօտ։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, երէկ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս պաշտօնապէս բացուեցաւ 2015-2016 ուսումնական շրջանը։ Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, Մայր Աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու տեսչական ու դասախօսական անձնակազմը, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները եւ այլ հիւրեր։ Ցերեկոյթը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա կատարուեցաւ ուսանողներու օրհնութեան կարգ։ Աւելի վերջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան, որ ըսաւ.
«Մեր տրամադրութիւնը այսօր տօնական է ոչ թէ զուտ այն պատճառով, որ նոր ուսումնական տարուան բացման կը մասնակցինք, այլ իւրաքանչիւրս ներքուստ կ՚ապրինք խոր բաւարարութեան զգացում մը, որ կը ծնի Ճեմարանի յաղթական ընթացքէն։ Բոլորս քաջ կը գիտակցինք այն առաքելութեան, զոր Գէորգեան կրթարանը բարեյաջող կերպով կ՚իրականացնէ Հայոց Եկեղեցիէն ներս, աւելի՛ն՝ անոր ականատեսն ու մասնակիցն ենք։ Ան Հայոց Եկեղեցւոյ վերածնունդի հիմնական երաշխիքն է, անոր անխաթար ու հաւատարիմ գործունէութենէն կախուած է մեր ազգի հոգեւոր-բարոյական յառաջադիմութիւնը։ Մենք ոչ միայն կը գիտակցինք այս բանը, այլեւ հաւատով կը նուիրուինք այս գաղափարի իրականացման հայ կեանքէն ներս։ Իմ խորին համոզմամբ, ճեմարանականի ինքնութեան ամենաբնորոշ յատկանիշներէն մին անպարտութեան ոգին է։ Այս մէկով ճեմարանական կրթութիւնը կը տարբերի միւս բոլորէն. անոր տարերքը պայքարն է, ձգտումը, լոյսը»։
Աւելի վերջ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան հանդիսութեան մասնակիցներուն ներկայացուց նորանշանակ տեսուչ Տ. Գարեգին Աբեղայ Համբարձումեանը՝ բարի ընթացք մաղթելով անոր ստանձնած պատասխանատու առաքելութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ նաեւ ընդնելութեան քննութիւններու արդիւնքներուն։ Այս տարի 77 հոգի դիմած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններ ընդունուելու համար։ Անոնցմէ 43-ը ընդունուած է։ Այս սաները արդէն պիտի յաճախեն Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան, Սեւանի Վազգէնեան դպրանոց կամ Հարիճավանքի Թրփանճեան ընծայարանը։ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան աւելցուց նաեւ, որ յառաջիկային ընդունելութեան քննութիւններ պիտի կազմակեր-պուին քահանայից պատրաստութեան լսարանի դիմողներուն համար։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնէն վերջ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, որ իր գնահատանքը բերաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի վերատեսուչին ու նորանշանակ տեսուչին։ Ան մաղթեց, որ անոնց ջանքերով, նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ այս հոգեւոր հաստատութիւնը առաւել պիտի զօրանայ ու պիտի պտղաբերի։ Նոր ուսումնական տարուան վերամուտին առթիւ Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթանքներ եւ շնորհաւորութիւններ փոխանցեց Մայր Աթոռի միաբանութեան, Ճեմարանի պաշտօնէութեան, դասախօսական կազմին եւ սաներուն։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ լաւատեսութեամբ կը նայի այս հոգեւոր հաստատութեան ուսումնական ընթացքին։
«Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ՝ Քրիստոսի խորհրդական մարմնի առնառատ մայր երակն է։ Այս հաստատութեան արդիւնաւոր գործունէութիւնով է, որ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս կ՚ապրի եւ իր առաքելութիւնը կ՚իրականացնէ մեր Առաքելական Մայր Եկեղեցին։ Մենք որքանով որ կարենանք արդիւնաւէտ կերպով իրականացնել մեր պարտականութիւնները Գէորգեան հոգեւոր կրթական հաստատութենէն ներս. այն է՝ պատրաստել արժանաւոր եկեղեցականներ եւ նուիրեալ հայորդիներ, մեր երկրի քաղաքացիներ, այնքանով մեր եկեղեցին կը պայծառակերպուի իր փառքին մէջ, այնքանով նաեւ մեր ժողովուրդի հոգեւոր-բարոյական կեանքը կ՚ըլլայ իր բարձրութեան վրայ։ Ահա՛, թէ ինչու բոլորս՝ միաբանութիւն, մանկավարժներ, ուսանողներ, մեր ջանքերը առաւելագոյնս պիտի ներդնենք, որպէսզի այս հաստատութիւնը արդարացնէ բոլորիս յոյսերն ու սպասումները», ըսաւ հաւաքոյթի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը։
Անդրադառնալով մերօրեայ հոգեւորականի կերպարին՝ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ ժողովուրդը իր հոգեւոր խնամատարութեան համար կ՚ակնկալէ բարոյական բարձր նկարագրով, գիտելիքներու հարուստ պաշարով եւ զօրեղ հաւատքով եկեղեցականներ եւ այդ իմաստով ամենայն ջանք ի գործ պէտք է դրուի, որպէսզի Ճեմարանէն դուրս եկած սանը չնմանի Աւետարանական անպտուղ թզենիին, այլ արժանի դառնայ մեր սուրբ հայրերու ժառանգութեան եւ հանդիսանայ անոնց առաքելութեան հպարտ շարունակողը։ «Կարեւոր է, որ այս կրթական հաստատութիւնը գիտելիքներով զինէ սաները, բայց առաւել կարեւոր է, որ այս հաստատութեան մէջ կրթուի ու դաստիարակուի խոր հաւատքի տէր իր առաքելութեան տեսիլքը ունեցող, հոգեւոր նկարագրով եւ ամուր կերտուացքով օժտուած հոգեւոր առաջնորդը եւ հոգեւոր հովիւը։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը հոգեւորականներ կրթող, պատրաստող հաստատութիւն մըն է, իսկ հոգեւորականի առաջին բարենիշը անոր հոգեւոր նկարագիրն է, հոգեւոր զօրեղ ապրումը եւ հաւատքը, որոնցմէ պէտք է ծնին թէ՛ եկեղեցաշէն եւ թէ ազգաշէն գործերը», ըսաւ Վեհեփառ Հայրապետը եւ եկեղեցականներուն յորդորեց նպաստել իրենց ծառայութեամբ ժողովուրդի հոգեւոր-բարոյական կեանքին, հայրենանուիրումի զգացումին եւ գիտակցութեան զօրացման։
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Նորին Սրբութեան աղօթքով եւ Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ։