ՔԻՉ ՔԻՉ…

Մինչեւ ոչ-շատ վաղ անցեալը կային վերացականն ու իրականը։ Իրարու հականիշներ էին։ Եթէ բան մը վերացական էր, ուրեմն չէր կրնար իրական ըլլալ եւ փոխադարձաբար։ Իսկ եթէ բան մը իրական չէր, ապա չէր կրնար գործնականութիւն ենթադրել։

Այժմ անոնց վրայ եկած է աւելնալ վիրթիւէլը, առցանցը, որ թէեւ իրական չէ, բայց նաեւ վերացական ալ չ՚ընդունուիր։ Համադրութի՞ւն… Երկուքին արանքը՞ մնացած. քիչ քիչ։

Առցանցը կարծես կը տարբերի, որովհետեւ կը ծառայեցուի՝ որպէս միջոց ճշմարտութեան ընկալման կամ պատկերացման։ Ընկալումը կ՚ածանցուի իրականութեան, պատկերացումը վերացականին հետ։

Ուշագրաւ է Անի Տիւփէօրէի ֆրանսական մամուլին մէջ տեղ գտած խորհրդածութիւնը. «Ընկերային ցանցերուն հետ՝ բնորոշումէն ուղղակի անցանք գործադրութեան»։

Երեքշաբթի, Փետրուար 4, 2025