ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Բ.)
Բ.- Ամուսնութեան որպէս հիմնական նպատակ կը տեսնենք մարդու ընկեր ունենալու հասկացողութիւնը։ Ծննդոցի առաջին էջերուն մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Աստուած Եւան Ադամի տուաւ որպէս կողակից ու ընկեր. ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ, Աստուած տեսաւ, որ մարդուն համար լաւ չէ մենակութիւնը եւ անոր համար օգնական կողակից ստեղծեց, ընդգծելով ամուսնութեան մէջ ընկերութեան կարեւորութիւնը. միութիւն՝ որ փոխադարձ աջակցութիւն եւ ընդհանուր նպատակ կը հետապնդէ:
Գ.- Վերոյիշեալ նպատակներէն բացի, Աստուածաշունչի մէջ ամուսնութիւնը ուխտի խորհրդանիշ էր. ոէչ միայն քրիստոնէութեան, այլ՝ գրեթէ բոլոր կրօններու մէջ ամուսնութիւնը կը դիտուի որպէս Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ կնքուած ուխտ. բոլոր կրօնները ամուսնութեան կու տան աստուածային իմաստ մը, որով կարելի կ՚ըլլայ աւելիով ընդգծել հաւատարմութեան եւ նուիրուածութեան արժէքները. Այնպէս, ինչպէս Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ ուխտը յաւիտենական է, նոյնպէս ամուսնութիւնը կը դիտուի յաւիտենական ուխտ, որով զոյգեր կը խոստանան ցմահ կողակիցներ ու կեանքի ընկերներ ըլլալ՝ անկախ ամէն տեսակի մարտահրաւէրներու։
Ուսումնասիրելով Հին կտակարանի մէջ տեղ գտած ընտանիքները, կը տեսնենք նահապետական համակարգի տիրութիւնը։ Ընտանիքը կառոյց մըն էր, որուն կը գերիշխէր տղամարդը։ Ամուսինը ինք կը գլխաւորէր ընտանիքը եւ իր ձեռքը կը պահէր հիմնական որոշումներ կայացնելու իշխանութիւնը. այդտեղ կանանց դերը սահմանափակուած էր կենցաղային պարտաւորութիւններով, երեխաներու դաստիարակութեամբ. յստակ սեռի խտրութիւն մը կար տղամարդուն եւ կնոջ միջեւ եւ այս մէկը լաւապէս տեսանելի է հին պատմութեան ընտանեկան կեանքը ուսումնասիրած ժամանակ:
Հին կտակարանի մէջ ալ կարելի է տեսնել, թէ ամուսնութեան որոշումը կը կայացնէ ընտանիքը եւ ո՛չ անհատները։ Հին մշակոյթներուն մէջ սովորական ու ընդունուած բան էր այս մէկը եւ ապագայ կնոջ եւ կամ ամուսինի ընտրութիւնը տրուած էր ծնողներուն։ Նահապետական մթնոլորտի մէջ յատկապէս կարեւոր էր հօր համաձայնութիւնն ու կարծիքը՝ որպէս ընտանիքի հեղինակութիւն: Աստուածաշունչի մէջ կարելի է հանդիպիլ զանազան դրուագներու, ուր հայրը ինք որոշում կը կայացնէ. Ինչպէս, օրինակ, Ռեբեկայի պարագային (Ծննդոց 24:58-67): Հիմնական նպատակը այն էր, որ ո՛չ միայն անհատները, այլ ընտանիքները եւս ուխտ կ՚ընէին եւ ուխտի միջոցով կ՚ամրացնէին ընտանեկան կապերը:
Այսօր շատ մը մշակոյթներու մէջ կը տեսնենք «օժիտ»ի եւ կամ փեսացուին կողմէ հարսնացուին ընտանիքին տրուած ընծաներու եւ գումարներու աւանդութիւնը. այս մէկը Հին կտակարանին մէջ ալ կը տեսնենք, ինչ որ կը բացատրուի որպէս փեսային հարսին հանդէպ ունեցած նուիրուածութիւնն ու սէրը: Նկատի պէտք է ունենալ, որ այնպէս, ինչպէս հին մշակոյթներուն, նոյնպէս ալ Աստուածաշունչին մէջ կը տեսնենք բազմակնութիւնը. կը տեսնենք, թէ աստուածաշնչեան յայտնի դէմքեր, ինչպէս՝ Աբրահամ, Յակոբ, Դաւիթ եւ Սողոմոն, կ՚ունենան մէկէ աւելի կիներ, սակայն հակառակ այս իրողութեան, Հին կտակարանի մէջ կը տեսնենք, թէ այդ մէկը կրնար հարցերու դուռ բանալ. բացի կիներէն, այդտեղ կը տեսնենք հարճերու գոյութիւնը. անձեր՝ որոնք աւելի ցած կարգավիճակ ունէին՝ քան կիները, սակայն, անոնք եւս զաւակներ լոյս աշխարհ կը բերէին:
Այս բոլորին կողքին, անուղղակիօրէն կը տեսնենք դերերու եւ պարտաւորութիւններու բաշխում. կնոջ պարտաւորութիւնն էր լոյս աշխարհ բերել զաւակ, ստանձնել անոր դաստիարակութիւնը, իսկ ամուսինին պարտաւորութիւնն էր ապահովել ընտանիքի թէ՛ մարմնական եւ թէ հոգեկան բարեկեցութիւնը, պաշտպանել ընտանիքը ամէն տեսակի վտանգներէ:
Այս բոլորի կողքին, ինչքան ալ կարծուի (մանաւանդ համեմատուի մեր օրերուն հետ), թէ հին ժամանակ ամունսալուծութիւնը գրեթէ գոյութիւն չունէր, իրականութեան մէջ այդպէս չէ. Բ. Օրինաց գիրքը կարդալով՝ կը տեսնենք յստակ կանոններ, թէ ո՛ր եւ ինչպիսի՛ պարագաներուն կարելի է ամուսնալուծուիլ։ Անոնցմէ մէկն էր, վստահաբար, շնութիւնը, որ Մովսիսական օրէնքով մեծ մեղք կը նկատուէր եւ մինչեւ իսկ ունէր մահացու պատիժ: Շնութիւնը արգիլուած էր, սակայն կային այլ օրէնքներ. օրինակի համար՝ եթէ ամուսինը մահանար, ապա անոր եղբայրը ունէր պարտաւորութիւն ամուսնանալու մահացած եղբօր կնոջ հետ՝ պահելու համար իր եղբօր ընտանիքն ու նաեւ պատիւը: Ամէն մշակոյթ, ներառեալ հայկականը, ունեցած է իր տարբեր ու տարօրինակ համոզումները, որոնք ինչքան ալ տարօրինակ թուին մերօրեայ մարդուն, այդ ժամանակուան համար ընդունուած իրողութիւն մըն էր։ Այսօր մենք եւս ունինք բազմաթիւ աւանդութիւններ, որոնք կրնան տարօրինակ թուիլ ապագայ սերունդներուն համար, որովհետեւ ամէն ժամանակ կը ստեղծէ իր կարիքները, որոնց շուրջ կը ձեւաւորուի մարդկային համոզումը: Յառաջիկայ յօդուածներուն մէջ աւելիով առիթը պիտի ունենաք մանրամասն ուսումնասիրելու ամուսնութեան շուրջ եղած օրէնքները:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ամուսնութեան մասին ի՞նչ տարօրինակ օրէնք գիտէք:
Պատասխան. Տարօրինակ աւանդութիւն մը գոյութիւն ունի Անգլիոյ մէջ. զոյգը կրնայ ամուսնանալ առանց պաշտօնական արարողութեան, ինչպէս նաեւ առանց քահանայի ներկայութեան։ Անոնք կրնան իրարու երդումներ փոխանցել եւ իրենք զիրենք ամուսնացած յայտարարել՝ նոյնիսկ առանց կրօնական կամ պետական պաշտօնեայի ներկայութեան, սակայն այսօր քիչեր կը գործադրեն այս մէկը: Այդ մէկը ուխտ էր երկուքին միջեւ, առանց պետութեան եւ կամ եկեղեցւոյ միջամտութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան