ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ԺՊՏԻԼ…
Ժպտիլը՝ մարդուն լաւ տրամադրութեան մէջ եւ բարձր տրամադրութեամբ, լաւատես ըլլալու կ՚առթէ։ Եւ յայտնի է որ լաւ տրամադրութիւնը ինչպէս հոգիին՝ կ՚ազդէ նաեւ մարմնաւոր առողջութեան վրայ։ Ուրեմն, ժպտինք եւ շարունակենք ժպտիլ։
*
Դպրոցականին հայրը, բարկացած կը պոռայ տղուն վրայ, քննութիւններուն բերած ցած նիշերուն համար։ Իսկ տղան անհոգ եւ անտարբեր կը պատասխանէ հօրը՝ ըսելով.
-Պատճառը բացակայութիւնն էր։
-Ի՜նչ բացակայութիւն ի՜նչ բան, կ՚ըսէ հայրը կատղած, չէ՞ որ քննութիւններուդ ընթացքին ես քեզի ամէն օր դպրոց կը տանէի։
-Հայրիկ, ճիշդ է դուն կը տանէիր, սակայն քովս նստող տղան այդ օրերուն բացակայ էր…։
*
Հայրը իր քնանալու վրայ եղող զաւկին հեքիաթ կը պատմէ. սակայն հեքիաթի կէսին կը նկատէ, որ տղան արդէն քուն մտած է։ Արթնցնելով քնացած զաւակը՝ կ՚ըսէ.
-Տղա՛ս, ո՞ւր կ՚երթաս, կեցի՛ր, տակաւին հեքիաթս չվերջացաւ։
*
Երբեմն կը շեղինք մեր նպատակէն եւ կամ կը չափազանցենք զայն…
*
Վատիկան, Սրբազան Պապի ընդունարանը երկու հրեաներ կու գան եւ կը պահանջեն անպայման տեսնուիլ Պապին հետ։ Երբ հարց կը տրուի, թէ ի՞նչու համար կը փափաքէին հանդիպիլ Սրբազան Քահանայապետին, կը պատասխանեն՝ «Անձնական հարցով»։
Ամբողջ տարի մը այս երկու հրեաները անձանձրոյթ կու գան Վատիկան եւ միշտ կը մերժուին։
Ի վերջոյ օր մը դիւանապետը կ՚որոշէ ընթացք տալ ասոնց խնդրանքին եւ մտնելով Սրբազան Պապի մօտ կը տեղեկացնէ այս երկու հրեաներու մասին։ Սրբազան Քահանայապետը կ՚արտօնէ, որ ներս առնեն զանոնք։
Սովորական բարեւտուքէ եւ քաղաքավարական խօսքերէ ետք, հրեաներէն մին գրպանէն կը հանէ գծագրութիւն մը եւ ցոյց կու տայ Պապին, հարցնելով եթէ նկարին մէջ եղողներէն մէկը կը ճանչնար, ըսէ իրենց։
Սրբազան Քահանայապետը ուշադրութեամբ կը նայի նկարին՝ որ «Վերջին ընթրիք»ի նկարն էր եւ կը պատասխանէ.
-Այո՛։ Յիսուսն է եւ իր առաքեալները։
Հազիւ այս ըսած, միւս հրեան գրպանէն կը հանէ ուրիշ թուղթի կտոր մը, ըսելով.
-Այս հաշիւը ինծի հասած է իմ նախնիներէն, որոնց քով ձեր Յիսուսը կատարած էր Վերջին ընթրիքը, եւ այդպէս ալ հաշիւը անվճար մնացած է. հաճեցէ՛ք վճարել…։
*
Երբեմն աշխարհային մտածումներ կը կանխեն հոգեւոր զգացումները…
*
Ուսուցչուհին աշխարհագրութեան դասապահին կը հարցնէ ուսանողին.
-Ըսէ՛ նայիմ տղաս. ո՞վ բացաւ Սուէզի ջրանցքը։
-Չե՛մ գիտեր, կ՚ըլլայ ուղղամիտ տղուն պատասխանը՝ որ ծեծը ուտելով, լալով տուն կու գայ։
Երբ հայրը կը հարցնէ, թէ ի՞նչ պատահած էր, տղան կը պատմէ եղելութիւնը։
Հայրն ալ իր կարգին բարկանալով կը պոռայ տղուն վրայ եւ կ՚ըսէ.
-Շան լակոտ, ես շատ լա՛ւ գիտեմ ի՜նչ անշնորհք ըլլալդ, գիտեմ թէ անպայման դո՛ւն բացած ես…։
*
Անգիտակից տգէտներ աւելի՛ վտանգաւոր են, քան ուղղամիտ անգէտներ…
*
Առաւօտ մը մարդը կ՚իջնէ տունէն եւ այդ պահուն կ՚անդրադառնայ, թէ ակնոցները եւ թաշկինակը մոռցած էր առնելու։
Դարձեալ եօթը յարկ չբարձրանալու համար վարէն կը պոռայ եւ կնոջմէ կը խնդրէ, որ ակնոցները նետէր վար։ Ակնոցները կը նետուին, սակայն մարդը չի յաջողիր բռնել եւ կը կոտրին։
Մարդը, անմիջապէս վարէն կը պոռայ.
-Կին, սպասէ՛, ես կու գամ թաշկինակս առնելու։
*
Ժպտինք միշտ, ժպտինք, բայց միանգամայն մտածենք եւ խորհրդածենք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 4, 2025, Իսթանպուլ