ՓՈԽԵԼ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ Ուաշինկթընի բազմակողմանի շփումները։ Ան երէկ մասնակցեցաւ Միջազգային կրօնական ազատութեան 5-րդ գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Սա տարեկան ձեռնարկ մըն է, որուն այս տարի մասնակցած է Նիկոլ Փաշինեան։ Գագաթաժողովին առընթեր, վարչապետը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ «Ազգային աղօթքի նախաճաշին»։
Ուաշինկթընի մէջ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ Ճորճթաունի համալսարանի երդիքին տակ, ուր մեկնաբանեց Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգին բազում խնդիրները եւ բացատրեց տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու վերաբերեալ հայկական կողմի քաղաքականութիւնը։
Ամերիկեան ազդեցիկ շրջանակներուն հետ վերջին օրերուն խտացեալ շփումներ ունեցաւ Փաշինեան, որ նախօրէին Ատլանտեան խորհուրդի մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին ալ ըսած էր հետեւեալը. «Կարծես հայերու միջազգային գործառոյթը դարձած ըլլար զոհուիլը, կը փորձենք փոխել այդ ճակատագիրը»։