ՄԱՀ՝ ՏՔԹ. ԱՐՏԱՇԷՍ ԱՔՏԱՂԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժիշկներէն Արտաշէս Աքտաղ։ Համայնքային շրջանակներէն ներս այս կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է՝ նկատի ունենալով, որ Արտաշէս Աքտաղ տասնամեակներ շարունակ իր մասնագիտութիւնը ծառայեցուցած է բոլորին՝ արժանանալով յարգանքի եւ համակրանքի։
Տքթ. Արտաշէս Աքտաղ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետի պաշտօնը վարած է նուիրումով եւ իր այս մասնագիտական գործունէութեան առընթեր, համայնքէն ներս ստանձնած է նաեւ վարչային պաշտօններ՝ մասնաւորապէս Գալֆաեան տան խնամակալութեան մէջ։ Այս բազմակողմանի ծառայութիւնները զինքը դարձուած են համակրելի եւ յարգելի դէմք մը, որու կորուստին դիմաց այսօր բոլորը կ՚ապրին խոր ցաւ։ Դժբախտաբար, շուրջ մէկուկէս տարիէ ի վեր Արտաշէս Աքտաղի առողջական վիճակը լրջօրէն խանգարուած էր եւ ան գրեթէ անկողնոյ կը ծառայէր։ Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր ալ արհեստական շնչառութեան սարքի միացուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Իր համար ի սպաս դրուած բժշկական եւ ընտանեկան խնամքը դժբախտաբար կարելի չէ եղած իր առողջութիւնը վերականգնելու եւ ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր ցաւ պատճառելով իր ընտանիքին եւ սիրելիներու շրջանակին։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք տքթ. Արտաշէս Աքտաղի հոգւոյն եւ իր ամբողջ ընտանիքին ու սիրելիներու շրջանակին վշտակցութիւն կը յայտնենք՝ ի մասնաւորի կողակցին՝ Պրենտա Աքտաղին։