ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ
«Գիտցի՛ր հայ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու եւ խօսք ունիս ասելու այս նամարդ աշխարհին։ Հիւր ենք այստեղ ու դատ ու դատաստան ունինք։ Երկիր ունինք։ «Երբ պիտի դառնանք»ը դաւանանք պիտի դառնայ բոլոր հայերի համար։ Մեր հայրենիքը կա՛յ, առանց որի ո՛չ գաղութ կայ, ո՛չ մենք կանք։
Ի՞նչ ասել է գաղութ, առանց հայրենիքի։ Գաղութը տանջանք է, մի բան կերտելու համար։ Շաղախ է հայրենիքի համար»։
Հալէպի մէջ գործադրուող ուսման կարգին համաձայն, երրորդ պատրաստականէն՝ Պրովէյէն վերջ դէպի տասներորդ դասարան անցնիլը՝ մեծ, շա՜տ մեծ քայլ մըն էր (է) մեր դպրոցական ճանապարհին մէջ։ Պատանի-մատանի չէինք այլեւս մենք, ըստ մեր յատուկ հաշիւներուն։
Այլ տեսակի աշակերտ մը ըլլալու մեր զգացումը կը սնէր այդ տարիներու տասն-տասնմէկերորդ դասարանի հայերէնի ուսուցչուհին՝ օր. Ազնիւ Արապեանը։ Օր. Արապեանը առաջին դասատուն էր, որուն մականունով դիմեցինք։ Ընդունուած կարգ մը չէր ասիկա ամէն վայրկեան օրիորդ Զապէլ, օրիորդ Լենա, օրիորդ աս ինչ կանչող մեր դասարանցիներուն համար։
Բացի մականունի խնդիրէն, մեզի համար նորութիւն էր, որ հայերէնի իւրաքանչիւր դասապահ պէտք է սկսէր Աւետիս Ահարոնեանի՝ վերը գրուած այս տողերով. դասարան կը մտնէր մեր դասատուն, լուռ կեցած «Հաւատամքը» կը սպասէր։ Այո՛, մեր «Հաւատամք»ն էր ասիկա, մեր հաւատալիքը։ Դասարանի անխտիր բոլոր աշակերտները անգիր պէտք է ըսէին զայն։ Գործը պատահականութեան ձգող չէր մեր օրիորդը. շրջան առ շրջան, առանց վարանելու մեզի մէկ-մէկ արտասանել տալով կը ստուգէր բոլորիս սորված ըլլալը... եւ ի՞նչ կը կարծէք, երկու տարի ամէն օր ըսուած այս տողերը երբեւէ մոռցա՞նք, կրնա՞նք մոռնալ մենք։ Այսօր կրնամ հասկնալ, թէ ինչ խորհուրդ կար քրիստոնէական մեր «Հաւատամքին» օրինակով՝ մեր դասատուին հնչեցուցած ամենօրեայ դպրոցական հաւատամքին մէջ, որ անզգալաբար շա՜տ բան դրոշմեց մեր ինքնութեան մէջ։
Ուրիշ նորութիւն մըն ալ ունէր տասներորդ ըլլալու մեծութիւնը. մեր օրիորդին առաջարկած հայերէն գիրքերու ընթերցանութեան ցանկը։ Մինչ այդ, նախակրթարանի կամ պատրաստականի հայերէնի մեր դասատուները ոչի՛նչ կը թելադրէին կարդալ։ Աս ճամբայով օր. Արապեանին հասած աշակերտի մը համար ցնցում պիտի չըլլա՞ր Րաֆֆիին «Խենթը» ընթերցելն ու ամփոփելը...
Ինչպիսի աշակերտ կ՚ուզես եղիր, եթէ մեր դպրոցի տասներորդ եւ տասնմէկերորդ դասարաններէն անցար, ուրեմն, ուզես-չուզես, «Խենթ»էն վերջ կարդացած պէտք է ըլլաս «Սամուէլ»ը, Զօհրապին «Ռեհանը», «Ճօկօ»ն, «Կարծեմ թէ»ն, «Կապիկը», պէտք է գիտնաս, որ Զարիֆեանին կը պատկանին՝
«Գարուն է, քոյր, ամէն տունի, Իմ տունս տես, ծի՛լ մը չունի» տողերը։
Այս նշածներս եւ ասոնց բազմապատիկը օր. Արապեանին պատճառով կարդացած, սիրած ու աշխարհին մէջ համացանցի գիւտը ըլլալով հանդերձ, Եգիպտոս եկած ատեն ալ, անկախ ծանրութենէն, այդ գիրքերը հետս բերած եմ ես... բացառութիւն մը չեմ համարուիր, ի դէպ։ Բացառութիւնը ինքն էր՝ ամրան արձակուրդի շեմին, խոշոր թիւերով իր տան համարը պատին վրայ գրող մեր դասատուն, որ իր անձնական կեանքին, ուսման տարիներուն վերաբերող այնպիսի հետաքրքրական դրուագներ կը պատմէր, որոնք իրենց անմիջականութեամբ ու տուած բարոյական դասով բոլորիս ուշադրութիւնը կը գրաւէին... եւ ինչպիսի՞ գանձի մը հետ կրնաք համեմատել, երկա՜ր տարիներու պաշտօնավարութեան ընթացքին կուտակուած երիտասարդները ապագային՝ նաեւ զոյգերն ու ընտանիքները, որոնք իրենց զաւակներուն օտար անուն մը տալու պարագային, հաշիւը կ՚ընէին հայերէնի դասատուին հաւանական նեղութեան...
Երանի՜, օր. Արապեանին պէս դասատու ունեցող աշակերտներուն եւ երանի՜, օր. Արապեանին պէս դասատուներուն։ Առաւելաբար՝ Հայոց լեզուի ուսուցիչներուն։ Ճի՛շդ ատենին, ճի՛շդ տարիք ու հանգրուանին, քու ժամանակիդ տուեալներուն, ռիթմին ու միջոցներուն համապատասխան այդ նորակազմ այդ միտքին հասնիլը, անոր մէջ գիտակից սէր մը արթնցնելը հանդէպ մե՜ծ պատկանելիութեան՝ ոեւէ «հայրենաւանդ» ուսուցիչի մը ընելիք բանը չէ՛։
«Քանի՞ առի», «քանի՞ առիր», մանկական մեր մրցակցութիւններուն մէջ, 90-ական թուականներուն սկիզբը նորանկախ մեր հայրենիքին մասին կը խօսէր օր. Արապեանը, անոր Հռչակագիրը մեզի կը բաժնէր, դասարանի աշակերտներուն թիւով Հայրիկ Մուրատեանին քասէթները ձայնագրել կու տար, զանոնք լսելն ու չլսելը մեր հայեցողութեան չձգելով, դասարանին մէջ այդ քասէթը կը միացնէր եւ բոլորիս լսել կու տար։ Կը խնդայինք եւ այլն... բայց եկէք տեսէք, որ կը լսէինք։ Հայրիկ Մուրատեանի այդ քասէթին մէջ աքափելլա երգած «Բարի լուսոյ աստղ երեւաց»ին մինչեւ այսօր խաղաղելու համար կը դիմեմ ես։
Համացանց, «Արմէնփրէս» ու եութիւպ չկային օր. Արապեանին ատեն, բայց Հայաստանէն «Գարուն», Պէյրութէն «Շիրակ» կը բերէր ու բոլորիս կը բաժնէր Սայեաթ-Նովան պատկերող վզնոցը ամառ-ձմեռ վրայէն չհանող հայերէնի մեր օրիորդը. դասարանի ամենավերջին կարգը նստող աշակերտն ալ կրնար նկատել քամանչա բռնած հոնտեղի երաժիշտը։ Արցախի պատերազմի այդ տարիներուն՝ ոեւէ աշակերտի «Ղարաբաղէն ի՞նչ լուր», կը հարցնէր, չգիտցողը իր վրայ նետուած լռութեամբ յանդիմանող ծանր հայեացքէն գետնին տակ կը մտնէր, իսկ օրիորդը մեզի «Զարթօնք» ու «Ազդակ» կը բաժնէր, Թոմ Քրուզին եւ Նիքոլ Քիտմընին՝ ժուրնալներէն կտրտուած նկարներուն կողքին՝ մեր ժամանակին լոյս տեսնող, ձեռքով բռնուող հայ մամուլի պարբերականներն ու թերթերը մեր պայուսակներուն մէջ շալկած տուն կը վերադառնայինք....
Այսպիսին էր «Հայերէնի» դասը իսկութեան մէջ «Հայութեան» դասի վերածած մեր դասատուն։
Այսօր, բաժնելիք, շալկելիք բան չունինք. աւելորդ ժամանակ տրամադրելու, յոգնելու, հաւաքելու կարիք չկայ։ Ամէն ինչ մէկ տեղ է, յստակ է, բայց ի՞նչ կ՚ըսէք, աշխարհէն բաւականաչափ տեղեակ մեր երիտասարդներուն քանի՞ տոսկոսը տեղեակ է մեր հայրենիքին, թէ «պետութեան» անցուդարձէն, անոր սպառնացող վտանգներէն... Զուքերպերկին եւ Էլըն Մասքին յայտարարութիւններուն չափ տեղեա՞կ են Ալիեւի, Էրտողանի եւ Փաշինեանի յայտարարութիւններէն... անոնց «փլէյլիսթ»ին մէջ Թէյլըր Սուիֆթին եւ Ռիհանային երգերուն կողքին ներկա՞յ են մեր երգերը (ուրիշ խնդիր է, թէ այս պարագային՝ ի՞նչն է մերը...)։
Հայ ըլլալու, մնալու, այս ընտրութիւնը սիրելու կրակէ այդ շապիկը մէջս վարպետօրէն հիւսող լուսահոգի դասատուս, անկէ մնացած ամէն ինչ ողջ է իմ մէջ եւ, հակառակ մեզ շրջապատող ամէն ինչին, մէջինովս, ճի՛շդ մէջինովս անչա՜փ հարուստ Սեւանն եմ ես...
Լուսաւոր այս ճամբան շարունակողներ կան այսօր, գիտե՛մ. ծանօթ եմ հոգեհարազատ այդ սիրտերուն, ուր որ են կը փայլին, բայց վստահ եմ, որ շատո՜նց անհետացողներու շարքին անցած են անոնք...
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ