ՄԻՒԶԻՔԻ ՏՈՔԹՈՐԸ
Ըստ ծնողքիս, պէտք է բժիշկ ըլլայի։ Դպրոցական տարիներուն արձանագրած փայլուն յաջողութիւններուս սլաքը միայն ա՛յդ կողմը ցոյց կու տար։ 90-ական թուականներուն դեռեւս ընդունուած համոզմունք էր, որ ամենադժուարը բժիշկ ըլլալն է, ուրեմն, դժուարը գլուխ հանողները՝ աշխատասէր ու փայլուն աշակերտները բժշկութիւն կ՚ուսանին ու տոքթոր կ՚ըլլան։
Այդպիսի համոզմունք մը մեր տան մէջ ալ կար, թէեւ մայրս դեղագործ մը ըլլալուս գաղափարն ալ բաւական գայթակղիչ կը սեպէր, այսպէս թէ՛ այնպէս ճերմակ այդ տարազով զիս կը նկարագրէր ու իր միտքերով հեռուները կը հասնէր...
Պաքալորէայի մեր տարեշրջանի արդիւնքներու յայտարարութեան օրը, ցաւօք, ջուրը ինկան վարդագոյն այս երազները։ Հաւաքած նիշերուս համաձայն, ամիսներ անց յայտնուեցայ Հալէպի Պետական համալսարանի՝ համակարգչային ճարտարապետութեան բաժնի երկարաւուն նստարաններուն վրայ։ Սրտիս ոչ այնքան մօտիկ այս տեղերը զիս մղեցին վերստին առաջնային դարձնել դպրոցական տարիներու ընթացքին մօրս պնդումով երբեք-երբեք չդադրած դաշնամուր նուագելու դասերը։
Միայն «Աստուածային նախախնամութիւն» կրնամ կոչել՝ կեանքիս այս հանգրուանին յայտնուող նորանոր դասատուները, որոնք զիս ծանօթացուցին մէջս տեղ մը, բանի մը սպասող «երաժիշտ Սեւանին»։ Սիրեցի ես այդ Սեւանն ու անոր մէջ բացուող թաքուն ծալքերը։ Շուտով երաժշտութեան դասերու վերածուեցան դաշնամուրի դասերը եւ քաղաքի լաւագոյն օտար մասնագէտներուն օգնութեամբ բացայայտեցի «ո՞ւր եմ»ին, եւ «ո՞ւր պէտք է ըլլամ»ին միջեւ գտնուող խորագոյն վիհերը...
Պահ մը անյաղթահարելի թուացին այդ հեռու գագաթները, բայց անմոռանալի կը մնան մօրս՝ ուզածս ըլլալու համար թափած անգին ջանքերը։ Բառին բուն իմաստով՝ օր ու գիշեր աշխատելով, Հալէպի համալսարանի երկրորդ տարիս բոլորելէս ետք, ընդունուեցայ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դաշնամուրային բաժնէն ներս։
Խտացուած դասերուս համար յաճախ մեր տուն ժամանող ռուս փրոֆեսէօր պր. Միխայիլին հետ ֆրանսերէնով ընթացող զրոյցներուն ընդմէջէն մայրս հասկցած էր, որ «ոչ թէ գիտութեան, այլ՝ արուեստի մարդ պէտք է ըլլար իր աղջիկը» եւ տարիներ շարունակ զիս դեղարանին մէջ երեւակայող մօրս այդ տեսարանները փոխարինուած էին ամբողջովին նոր երազանքներով, որոնց հիմնական բաժնեկիցը մեծ մօրաքոյրս էր՝ Ռոզինը եւ անդադրուն հեռաձայններով ճակատագրական այս զրոյցներուն մասնակցող փոքր մօրաքոյրս՝ Վիքին։ Մեր բարքերէն հեռու հոգատարութիւն մը չէր ասիկա, անշուշտ. երեք քոյրերուն աշխարհ բերած միա՛կ աղջիկն էի ես։ Անփոխարինելի տղաքը կային, բայց բոլորին «Մեր աղջիկն» էի ես, որ, այդ տարիներուն ընդունուած կարգին համաձայն Հայաստան պիտի երթար...
«Հինգ տարի Հայաստան պիտի երթայ, տոքթոր կամ դեղագործ պիտի չըլլա՞յ» հարցնողին՝ «Միւզիքի տոքթոր» պիտի ըլլայ մեր աղջիկը», կարճ, կտրուկ ու բովանդակալից պատասխանը կու տային անոնք... Որքան առեղծուածային են մեր մայրերը եւ որքան մայր են մեր մօրաքոյրները...
Ա՛յլ էր հօրս մօտեցումը։ Զիս ուրախ տեսնելու գոհունակութեան եւ միակ աղջիկը աչքէ հեռու, օտար տեղ մը ղրկելու հակասութեան մէջ էր ան։ Իմ նուագած, մօրս ու մօրաքրոջս նուագած-երգած պահերուն, ամբողջովին տարբեր էին հօրս խոհերն ու մտահոգութիւնները, որոնք, ինչպէս միշտ՝ լուռ-լուռ իր մէջ կ՚ապրէր ան։ Աղջիկ զաւակ չունիմ, - գիտեմ՝ այլ որակի մայրութիւն մըն է ատիկա, - բայց այսօր չեմ դժուարանար պատկերացնել, թէ խօսք ու գիրէ անդին՝ ինչպիսի խորո՜ւնկ սէր մը պահուած էր հօրս փոթորկալի լռութեան մէջ։
Որքան հեզասահ, այնքան ալ արկածախնդիր, լեփլեցուն անցան ուսման տարիներս, որոնց ընթացքին բազմապատկուեցան կարօտէն վրդոված մօրս յորդառատ զգացումները։ «Աստեղը շատ աղուոր է», կ՚ըսէր մայրս ու կ՚երգէր, քովս կը նստէր, կը խօսէր, կը պատմէր, կ՚երթար-կու գար, քնացած ատենս ձեռքերս կը շոյէր, ճամբորդելիք օրերս քովս արցունքոտ կը նստէր, եկած օրերս սիրած բոլոր ճաշերս կ՚ընէր... մօրս իւրաքանչիւր ըրածը սէր ու ջերմեռանդութիւն ցայտող պարոյր մը կը ստեղծէր, երբ «Ինչի՞ պէտք ունիս» եւ առաւելաբար՝ «Հոն կը պաղիսկո՞ր, աղջիկս» հարցնելու համար մէկ-մէկ լռութիւնը կը խախտէր հայրս...
Այսպէս չե՞ն եղած միշտ, չլռող, ամէն ինչ կրկնող, գրկող ու պատող մեր մայրերը եւ գիշերը մեր քնացած պահուն մեզ շոյող ու ծածկող մեր հայրերը...
Ուսմանս հինգ տարիներուն աւարտին հայրս ու մայրս Հայաստան եկան, ներկայ գտնուեցան մեր երաժշտանոցի հանրութեան բաց քննութիւններուն։ Դահլիճներու առաջին կարգերը նստած, մայրս՝ ճիչերով, հայրս՝ լուռ, բայց վստահ եմ, որ երկուքն ալ հպարտութեամբ լսեցին իրենց աղջկան ելոյթներն ու զինք գովող դասատուները։
Աւարտելէս երկու տարի անց, առաջ քաշեցի դեռեւս ուսումս շարունակելու միտքը։ Հոն ընդունուած ուղիին համաձայն, «ասփիրանթ» պիտի ըլլայի, յետոյ, դեռ ու դեռ շարունակելու ճամբայ կար։ Կարօտակէզ մայրս գրկաբաց չընդունեց մէյ մը գալէն ետք, ետ երթալու գաղափարը. «Ասփիրանթա-մասփիրանթա չկայ, կը բաւէ՜», վճռեց ան, երբ զիս երբեք չզարմացնող, խոհեմ «թող շարունակէ՜» մը ըսաւ իրատես հայրս։
Խօսելով թէ՞ գործելով կը սիրէք դուք։
Շարունակեցի մասնագիտութեան այդ երկու տարիները, դեռ մնացածն ալ քալելու յոյսով, բայց շուտով քաղցկեղով հիւանդացաւ տարիներու տքնութենէ ետք, այլեւս զաւակներուն միջեւ հանգստանալու համար ամբողջովին Հալէպ վերադարձած հայրս, որուն, չեմ գիտեր՝ ցաւօք թէ՛ բարեբախտաբար, վիճակուածը երկնային յաւերժական հանգիստը եղաւ։
Հօրս մահանալէն քանի մը օր ետք տան հեռաձայնը հնչեց։ Պատասխանեցի։ Իրաքի բարբառով խօսող մեծահասակ արհեստաւոր մըն էր։
-Ձեզի կեանք, ըսաւ մարդը, լսեցի որ վարպետ Եզեկէլը մահացաւ։ Կը ցաւակցիմ։
-Ողջ մնաք, պատասխանեցի։
-Վարպետին աղջի՞կն ես դուն, հարցուց մարդը։
-Ես եմ, ըսի, ճիշդ գիտցաք։
-Դո՞ւն ես, ուրեմն, տոքթորը... Հայրդ այդքա՜ն կը հպարտանար քեզմով, միշտ կ՚ըսէր՝ «Միւզիքի տոքթոր է աղջիկս»...
Հիմա ալ դեռ խորապէս կը յուզուիմ, երբ կը յիշեմ Աստուծոյ ուղարկած այդ մարդուն վկայութիւնը։ Ա՛յդ օրը, ա՛յդ պահուն վերցուցած հեռաձայնի ընկալուչս հօրս չըսած սիրոյ բոլո՜ր խօսքերը հասցուցած էր ինծի։ Թէկուզ ուրիշի մը միջոցաւ, բայց հօրս ձայնը լսեցի ես։
... Կարմիր, կապոյտ, դեղին, կանաչ բազմագոյն ու բազմիմաստ՝ այսօրուան ամէնուր նետուած սրտիկներուն, որեւէ դրութեան ու յարաբերութեան յարմարող սիրալիր յայտարարութիւններուն, սիրոյ շուկայական կեղծ չափանիշներուն մէջ, ի՞նչ կը կարծէք, անհետացա՞ծ են լուռ ու մունջ սիրողները...
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ