ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
Ընդունելով հանդերձ, թէ Հայաստան շատ կանուխէն ունեցած է իր առաջին հրեայ քարոզիչները կամ առաքեալները՝ որոնք ուղղակի կամ անցողակի եկած եւ աւետարանած են Քրիստոսի կրօնը, ընդունելով այդ, պէտք է նկատի առնել նաեւ, թէ Հայաստանի շրջակայ երկիրներն ալ կրնային ունեցած ըլլալ իրենց ազդեցութիւնը։
Քրիստոնէութիւնը ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս անոր շրջակայ երկիրներուն մէջ քարոզուած է առաջին օրէն իսկ։ Հետեւաբար պէտք է ընդունիլ, թէ անոնք նա՛եւ Հայոց երկրի վրայ ունեցած են իրենց ազդեցութիւնը՝ որուն համար բազմաթիւ պատճառներ կան։
Հռովմէական պետութիւնը «մահիկաձեւ» պատած էր Հայաստանը՝ արեւմուտքէն, հիւսիսէն եւ հարաւէն։ Կոմոգենէ, Մեծն Կապադովկիա, Պոնտական Կապադովկիա եւ Պոնտոս շաղապատած էին զայն արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն։
Այրարատ երկու գլխաւոր գիծեր ունէր՝ որոնցմով կը կապուէր կապադովկեան խճուղիներուն։ Արտաշատէն Սադաղա՝ Սեբաստիա եւ Կեսարիա, իսկ միւսը Տարօնի վրայէն՝ Ծոփաց գաւառէն՝ Մելիտինէ եւ Կեսարիա։ Արդ, Կեսարիայի ճամբաները կապուած էին Հռոմի եւ Ասորիքի հետ։
Անտիոքէն դէպի Հռոմ տանող ցամաքային ուղին կ՚անցնէր Տիանայի դուռներէն դէպի կապադովկեան Կեսարիա, անկէ Սեբաստիոյ՝ Ամասիոյ գծով՝ դէպի Ամիսոս Պոնտոսի, Սեւ ծովուն ամենէն բանուկ նաւահանգիստը՝ որ կապուած էր Հռոմի հետ։
Քրիստոնէական կրօնը Փոքր Ասիոյ մէջ այս ճամբուն հետեւած է։ Բայց այս ճամբան շատ հեռու կ՚իյնար Հայաստանի համար։ Ուրիշ աւելի մօտիկ ուղղութիւն մը կար Հայոց եւ Ասորիքի միջեւ։ Միջագետքը գիրկընդխառն լծորդուած էր Հայաստանի հետ։ Բազմաթիւ ճամբաներ իրարու կը կապէին այս երկու երկիրները, իրենց հետ միացնելով մին Ասորիքը եւ Պաղեստինը, իսկ միւսը՝ Պարթեւաստանը եւ Կովկասեան ազգերու մրջմնոցը՝ մարդոց բազմութիւնը։
Պաղեստինէն դէպի Միջագետք մեկնող գիծ մը կար՝ որուն մէկ ծայրը Եգիպտոսի Հերապոլիսն էր, իսկ միւսը՝ Բաբելոն։ Սելեւկիան եւ Կտեսիփոնն անոր քովիկն էին, որոնցմէ դէպի հիւսիս երկարած ճամբան կ՚երկճղէր՝ երկու ճիւղ ունէր. մին դէպի Պարթեւներուն եւ Արիաներուն երկիրը կ՚առաջնորդէր, իսկ միւսը՝ դէպի հիւսիս՝ Արբէլա, Մծբին եւ կամ Ուրմիոյ վրայէն, Արաքսի հովիտները ճեղքելով, դէպի Արտաշատ։
Շատ աւելի կարճ գիծ մըն էր Անտիոքէն Եդեսիա, դէպի Ամիդ, դէպի Տիգրանակերտ տանող ճամբան։ Եդեսիայէն Մծբին հաղորդակցութիւնը ուղիղ էր եւ անմիջական։ Արդ, Եդեսիա եւ Մծբին ամենէն մօտիկ եւ ամենէն ծաղկեալ քաղաքներն էին հարաւային շրջանին համար։ Կորդուաց, Աղձնեաց, Ծոփաց գաւառները սահմանակից են անոնց. Տարօնը ա՜յնքան մօտիկ։
Հետեւաբար կարելի չէր, որ անմիջական ազդեցութիւն չ՚ունենար Հայաստանի վրայ, գոնէ անոր հարաւային սահմաններուն մէջ. այնպիսի մեծ փոփոխութիւն մը, որպիսին էր քրիստոնէութիւնը, որուն ասպարէզ եղան սկիզբէն ի վեր այն երկու սեմական աշխարհները, Ասորիք եւ Պաղեստին, որոնց ամենէն ջերմ «վառարաններ»ը կամ «օճախ»ները դարձած էին Անտիոք, Մծբին եւ Եդեսիա։
Ուրեմն զարմանալի պիտի չըլլայ անշուշտ որ այդ կեդրոններէն ալ քրիստոնեայ քարոզիչներ ալ եկած ըլլան Հայաստան եւ իրենց կարգին աշխատած ըլլան հոն։
Հայ եւ ասորի աւանդութիւնները հետազօտելով կը տեսնուի, որ առաջին երկու երեք դարերուն մէջ գտնուած են մէկ քանի անձեր՝ որոնք Հայաստան գալով, շարունակած են Աւետարանի առաջին քարոզիչներու գործը։ Ասորական աւանդութեան համաձայն, այդ քարոզիչներէն մէկը եղած է Ագգէ անուն մէկը։ Ադդէ անուն առաքեալը, որ շփոթուած է Թադէոս առաքեալի հետ, կը բժշկէ Աբգարը Եդեսիոյ մէջ։ Եւ նոյն քաղաքին մէջ իբրեւ իրեն յաջորդ՝ կը ձեռնադրէ Ադդէն։ Ադդէ կը մնայ եւ կը վախճանի Եդեսիոյ մէջ։ Իսկ Ագգէ կ՚երթայ «դէպի Արեւելք». դէպի Հայաստան եւ հոն կը քարոզէ Քրիստոսի կրօնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 6, 2025, Իսթանպուլ