ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Ե.)
Հին ժամանակաշրջանի մտայնութիւնը աւելիով հասկնալու համար պէտք է աչքէ անցընել նաեւ օրէնքները։ Մարդկային պատմութեան ու քաղաքակրթութեան մէջ մեծ դեր ունին օրէնքները, որոնք եղած են միջոց ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը վերացնելու եւ զանազան հարցերու մասին յստակ բարոյական կեցուած որդեգրելու եւ վստահաբար օրէնքները սերտած ժամանակ պէտք է մօտէն ուսումնասիրենք Համմուրապիի օրէնքները, որոնց ընտանիքի մասին օրէնքները կարեւոր դեր ունին հասկնալու համար ծնողք եւ զաւակ յարաբերութիւնները:
Նախքան ծնողք եւ զաւակ յարաբերութեան մասին խօսելու, Համմուրապի որոշ օրէնքներ ունի կապուած զոյգերու. Ինչպէս՝ ամունսալուծութեան եւ այլ հարցերու մասին:
Անշուշտ, նկատի ունենալով, որ Համմուրապիի օրէնքները գրուած է մեր թուականէն մօտաւորապէս 1754 տարիներ առաջ՝ այսինքն աւելի քան 3700 տարիներ առաջ, ապա կրնանք պատկերացնել, որ այդտեղ կարելի է գտնել խիստ օրէնքներ, որոնք ընտանեկան կեանքին մասին որոշ ենթադրութիւններ ընել կու տան:
Ա.- Համմուրապիի օրէնքներէն մէկն է հետեւեալը. «Եթէ զաւակը իր հօրը հարուածէ, ապա անոր ձեռքը պէտք է կտրուի»: Այս մէկը Համմուրապիի 195-րդ օրէնքն է: Այս օրէնքը երկու պատճառ կրնայ ունենալ. առաջին պատճառին մասին խօսեցանք նախապէս. Հին կտակարանէն իսկ կը տեսնենք, թէ ինչպէս հին քաղաքակրթութեան մէջ եւս կարեւորութիւն կը տրուէր ծնողական յարգանքին, սակայն այս մէկը, միւս կողմէ, մտածել կու տայ, որ կրնայ ըլլալ այդ ժամանաշրջանին ծայր տուած էին ընտանեկան անհամաձայնութիւններ, կռիւներ ու վէճեր, որ նման օրէնքի մը պէտքը զգալի եղած է. պէտք է միշտ յիշել, որ իւրաքանչիւր օրէնք իր ետին ունի պատճառ մը եւ նման օրէնքի մը պատճառը կը կարծենք միայն բռնութիւնը եղած կրնայ ըլլալ: Համմուրապիի օրէնքները հիմնականին մէջ եղած են կարգապահութիւնը պահելու համար եւ նման օրէնք մը կը միտի սպասուած այդ յարգանքը պահելու:
Բ.- Համմուրապիի 168-րդ օրէնքը դարձեալ աղերս ունի ծնողներուն եւ ընտանիքներուն. օրէնքը կ՚ըսէ. «Եթէ զաւակը իր հայրն ու մայրը ձգելով գացած է այլ տեղ ապրելու, սակայն, հեռու ըլլալով իսկ չի կրնար իր հօրն ու մօրը պահել ու հոգ տանիլ, ապա անոր ունեցուածքը կը բռնագրաւուի»։ Այստեղ կը տեսնենք դարձեալ ծնողքը յարգելու ուղղուած օրէնք մը. օրէնք, որ պարտաւորութիւն կը դնէ զաւակներուն վրայ հոգ տանիլ իրենց ծերացած հայերուն ու մայրերուն: Այս տողերէն կը հասկնանք, որ այնպէս մը չէ, որ առաջ ամուսնացեալ զաւակը անպայմանօրէն իր հօր ու մօր կ՚ապրէր. նման օրէնքը փաստ է, որ շատեր բաժնուելով կ՚երթային այլ երկիրներ, սակայն Համմուրապի կը պարտադրէ նոյնիսկ հեռաւորութեան վրայ անթերի կատարել զաւակի մը տրուած պարտաւորութիւնը:
Ծնողքի հանդէպ անյարգալիր վերաբերումի համար Համմուրապի շատ մը տեղեր մինչեւ իսկ ժառանգութենէն զրկուելու կողքին կը յիշէ մահապատիժը. այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ այդ ընկերութիւնը ինչքա՜ն կը կարեւորէր ծնողքը:
Ծնողք եւ զաւակ յարաբերութեան մասին խօսող այլ օրէնք մը կը գտնենք հին Հռոմէական օրէնքներուն մէջ, որ նոյնպէս Համմուրապիի նման խստութիւն մը ունի: Այդ օրէնքներէն մէկը կ՚ըսէ. «Հայրը բացարձակ վստահութիւն ունի զաւակներուն վրայ եւ վստահութենէն անդին ունի իշխանութիւն՝ ազատօրէն ծախելու եւ կամ ստրկութեան տալու իր զաւակը»: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ զաւակներ առանց տրտնջելու կը հնազանդէին ծնողներուն. թէ՛ Աստուածաշունչին եւ թէ օրէնքներուն մէջ նման օրէնքներու շեշտադրումը ինքնաբերաբար աւելիով վախ ստեղծելով կարելի կ՚ըլլար պահել յարգանքը:
Սակայն, ի տարբերութիւն Համմուրապիին, հին Հռովմէական օրէնքները շատ աւելի տարօրինակ իրաւունքներ վերապահած էր հօր. օրինակի համար՝ եթէ լոյս աշխարհ եկած զաւակ մը հայր մը չուզէ, ապա կրնայ զինք լքել եւ եթէ ուրիշը գտնէ երեխան ու խնամէ՝ իրը կը նկատուի: Այլ օրէնք մը կ՚ըսէ. «Եթէ որդին կամ դուստրը անարգեն իրենց հայրը, կը զրկուին ժառանգութենէն». այս օրէնքը եւս կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ ժառանգութիւնը (նոյնիսկ շատ մը մշակոյթներու մէջ մինչեւ այսօր) մենաշնորհ կը նկատուի տղամարդոց, սակայն, հին Հռովմէական օրէնքներուն մէջ կը տեսնենք, թէ դուստրը ի՛նք եւս բաժին ունէր ժառանգութենէն, պայմանով որ յարգած ըլլայ հայրն ու մայրը:
Եթէ ամբողջ օրէնքները ուսումնասիրենք, կը տեսնենք, թէ միշտ տղամարդն է գլուխն ու մեծը։ Օրինակ՝ կինը եթէ շնայ՝ մահապատիժի կրնայ արժանանալ, սակայն հակառակ պարագային համար բան մը չենք տեսներ: Օրէնքը նոյնիսկ կը թոյլատրէ, որպէսզի ծնողներ խիստ ձեւով պատժեն անհանդարտ պզտիկները եւ դարձեալ առիթ կու տայ, որպէսզի ծնողքը իր զաւակը ուրանայ:
Այս բոլորը առիթ է, ճանչնալու եւ լաւապէս հասկնալու համար, թէ ինչպէս զարգացած է ընտանիք հասկացողութիւնն ու դաստիարակութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է Համմուրապիի ամենէն տարօրինակ օրէնքը:
Պատասխան. Համմուրապիի ամենէն տարօրինակ օրէնքներէն մէկը ջուրի պատիժն է. օրէնքը կ՚ըսէ, թէ այն մարդը, որ յանցագործութեան համար կը մեղադրուի եւ սակայն կը հերքէ այդ մէկը, ապա պէտք է անձը գետը նետել: Եթէ անոնք գետին մէջ սուզուին եւ խեղդուին, կը նշանակէ մեղաւոր են, եթէ լողան ու գոյատեւեն, ուրեմն անմեղ են: Կը հաւատային, որ այս երեւոյթին մէջ կայ աստուածային միջամտութիւն, որովհետեւ աստուածները կը պաշտպանեն արդարները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան