ԴԷՊԻ ՌԻԱՏ ԵՒ ԱՆԳԱՐԱ
Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա վերջին օրերուն այցելեց Ռիատ եւ Անգարա. ի՞նչ զարգացումներու սպասել… Յստակ է, անշուշտ, որ Սուրիոյ նոր առաջնորդը կարեւորագոյն ճիգեր կը գործադրէ որոշ հաւասարակշռութիւն մը կերտելու տեսակէտէ։ Այս առումով վերջին իրադարձութիւնները առանցքային էին։ Իրերայաջորդ այցելութիւններ՝ դէպի Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա։
Խմորումներու փուլը տակաւին ընթացքի մէջ է, անշուշտ, սակայն, կարեւորագոյն հանգամանքն այն է, որ վերոնշեալ երկու երկիրներու հետաքրքրութենէն անդին՝ Սուրիա ամէն գնով հաւասարաչափ յարաբերութիւններ ունենալ կը ձգտի Մերձաւոր Արեւելքի այս երկու հսկաներուն՝ մէկ կողմէ Ռիատի, իսկ միւս կողմէ Անգարայի հետ։ Այն դէտերը, որոնք Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն մօտէն կը հետեւին եւ մինչեւ օրս որոշակի մտավախութիւններով կ՚արտայայտուէին Սուրիոյ իշխանափոխութեան մասին, այսօր լռած են։ Լռած են ո՛չ անոր համար, որ երկրին մէջ արեան նոր հեղեղներու մասին անոնցմէ շատերուն ունեցած կանխատեսումները ի դեռեւ ելան, այլեւ անոր համար, որ Սուրիա թէեւ դանդաղ, սակայն, հաստատուն կերպով կը փորձէ մտնել նոր փուլ մը։ Նոր Սուրիոյ մը «ծննդաբերութեան» փուլը արդէն մեր ետին է, սակայն, «Կեսարեան» վիրահատութեան սեղանին արեան քանակը այդքան ալ «տպաւորիչ» չէ։ Դրական են երկրի գործընթացները ու այդ առումով անկիւնադարձային կարելի է համարել 29 յունուարին Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած «ընդդիմադիր» ուժերու ժողովը, որու աւարտին ալ Ահմէտ էլ Շարա դարձաւ անցումային փուլի նախագահ։ Սուրիոյ նախկին իշխանութիւններուն եւ յատկապէս՝ Իրանի խօսափողը համարուող արաբական մամուլի քանի մը վառ ներկայացուցիչներ վերլուծելով՝ Շարայի նախագահ դառնալը մեծ հաշուով կատարուած իրողութիւն մը պէտք է համարել։ Անոնք կը նշեն նաեւ, որ Սուրիան տակաւին շատ հեռու է կայունութեան ճանապարհէն։
Նոյն վերլուծութիւններուն մէջ դրական շեշտերով գրուած էին Ռուսաստանի բարձրաստիճան պատուիրակութեան՝ գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Պոկտանովի, Դամասկոս կատարած այցին մասին կը նշուէր, որ այդ այցելութիւնը մեծ յաջողութեամբ պսակուած է ու համաձայնութիւն գոյացած է՝ Սուրիոյ Թարթուս եւ Պանիաս քաղաքներուն մէջ ռուսական ներկայութիւնը պահելու վերաբերեալ։ Թէ ինչքանո՞վ ճիշդ են այս վերլուծութիւնները՝ տակաւին հարցական է, որովհետեւ այդ այցելութեան աւարտէն անմիջապէս ետք «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը արագօրէն հաղորդեց, որ Շարա Ռուսաստանէն պահանջած է, որպէսզի արտայանձնէ Պէշար Էսատը։ Այս լուրի հրապարակումէն ժամեր անց, Մոսկուա դիւանագիտական ոճով կը պատասխանէր սոյն պահանջին։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով դիտել տուաւ, որ այս փուլին իրենք կը նախընտրեն լռութիւն պահել Էսատի արտայանձման նիւթին վերաբերեալ։ Այս ոճը, անշուշտ, ենթադրել կրնայ տալ, թէ Դամասկոսի քննարկումները եղած են ոչ-այնքան հեզասահ ու աւելի՛ն, ըստ երեւոյթին, Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները հետամուտ չեն Մոսկուա-Դամասկոս մօտիկ անցեալի սերտ յարաբերութիւններու ոճը այս փուլին ալ շարունակել։
Այսպէսով, Մոսկուա կ՚ենթադրուի նոր հարուածի մը։ Բոլոր այն ենթադրութիւնը, թէ Ռուսաստան տեղի տուած է Սուրիոյ մէջ, բառացիօրէն կրնան ճիշդ ըլլալ, եթէ յառաջիկայ օրերուն Սուրիա իրավիճակը մեղմացնելու ուղղեալ ճիգով մը հանդէս չգայ Ռուսաստանի պարագային։ Միւս կողմէ, ամէն օր աւելի յստակ կերպով կ՚ընդգծուի, որ Սուրիոյ համար իրական կռիւը տակաւին պիտի շարունակուի։ Խօսքը մէկ կողմէ Քաթար-Թուրքիա դաշինքին, իսկ միւս կողմէ Սէուտական Արաբիա-Արաբական Միացեալ Էմիրաթիւններ ճակատներու մասին է։ Մեծ հաշուով, վերը նշուած այս չորս երկիրները կը համարուին դաշնակիցներ, եթէ պահ մը անտեսելու տանք Ռիատ-Տոհա լարումը, որ այսօր արդէն անցեալ է։ Թուրքիա, որ կը փորձէ ամէն գնով նոր միաւորներ շահիլ Սուրիոյ մէջ, սկսած է աւելի հանգիստ հայեացքով նայիլ իրերուն՝ մինչ Սէուտական Արաբիա, որ Էսատի տապալումէն անմիջապէս ետք բաւական անտարբեր հայեացքով բնորոշուեցաւ, այսօր արդէն անցած է նոր խաղաոճի մը, որուն կարեւոր ուրուագծումները երեւելի կրնան դառնալ յառաջիկայ շաբաթներուն։ Սուրիոյ համար արդէն ամենէն էական խնդիրը երկրի ելմտական իրավիճակի բարելաւումն է։ Սա, բնականաբար, վեր է Թուրքիոյ կարողութիւններէն ու նոյն առումով ալ ճերմակի վրայ սեւով կ՚արտացոլուի, որ Քաթար գլխաւորութեամբ՝ Թամիմ իշխանի չի՛ պատրաստուիր նոր հարցեր ունենալ Սէուտական Արաբիոյ հետ՝ մասնաւորապէս Սուրիոյ հարցով։ Այս նուրբ թելերուն մէջ է նաեւ Ռուսաստանի նահանջի մեծ խորապատկերը, որ հետեւանքն է Թուրքիա-Քաթար դերի նահանջին, որուն կրնայ փոխարինել՝ մասնաւորապէս Սէուտական Արաբիոյ դերին ամրագրումը։ Այստեղ փաստ է նաեւ, որ Ռիատի ազդեցութեան նոր որակներուն ականատես դարձանք Լիբանանի մէջ եւ այդ մէկը արդէն կը խօսի որոշակի «full pacakge»ի մը մասին։
Անշուշտ, մինչեւ պատկերի ամբողջական բիւրեղացումը տակաւին երկար ճանապարհ կայ անցնելիք ու այդ առումով եւս չի բացառուիր, որ տեղի ունենան տարբեր մակարդակի ներքին ցնցումներ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ անվտանգութեան մակարդակի վրայ մինչեւ այս պահը ամենատիրական խօսքը կը պատկանի Անգարային ու այս առումով ալ մեծագոյն փաստն է, որ միայն անոր յորդորներէն ետք է, որ աւելի քան 18 զինեալ միաւորումներ ընդունեցին լուծարուիլ եւ միանալ Սուրիոյ պետական բանակին՝ ներառեալ «Հայաթ Թահրիր ալ Շամ»ը։ Սա կը համարուի կարեւորագոյն բանալի մը՝ ապահովելու Սուրիոյ ներքին կայունութիւնը եւ անցնելու յառաջիկայ քայլերուն։
Աւարտին, խօսելով Սուրիոյ քրիստոնեայ շրջանակներուն մասին՝ հարկ է նկատել, որ այնտեղ մօտաւոր անցեալի մտահոգութիւններու էջը կարծես թէ փակուած է։ Ըստ երեւոյթին, Սուրիա պիտի չվերածուի «Նոր Լիպիոյ» մը։ Այդ բոլորը, սակայն, աւելի յստակ կերպով պիտի ուրուագծուին միայն այն պահուն, երբ ընդգծուին Սուրիոյ յարաբերութիւններու մակարդակը արտաքին խաղացողներուն հետ։
Արաբական ծոցի երկիրներուն համար երբեք ձեռնտու պիտի չըլլայ, որ Սուրիան ամբողջութեամբ հագուի իսլամական սեւ կապան, այլ համարկի տարածաշրջանին, ճանապարհներու, փոխանակումներու եւ քաղաքակրթական կարեւոր կեդրոն մը դառնայ եւ ամենակարեւորը՝ երբեք ճանապարհ չտայ Իրանին ու այդ երկրի գաղափարական կշիռին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան