ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Զ.)
Հին քաղաքակրթութիւնը կը հաւատար, որ ներդաշնակ ու համերաշխ հասարակութիւն մը սկիզբ կ՚առնէ յարգալիր ու սիրալիր ընտանիքէն. ընտանեկան պարտաւորութիւնն ու ընտանեկան կեանքին մէջ խոր յարգանք ունեցող զաւակներ, հասարակութեան համար ալ լաւ օրինակ դառնալով՝ լաւ միջավայր կը ստեղծեն: Այս մէկը բարոյական սկզբունքներէ աւելի կը դիտուէր որպէս քաղաքական մօտեցում. աւելի լաւ ձեւով հասկնալու համար յիշենք փիլիսոփայութեան մէջ յիշուած հետեւեալ խօսքը. «Մարդ, որ իր ծնողները կը յարգէ, բնականաբար կը յարգէ նաեւ իր վերադասը եւ ով որ իր վերադասը կը յարգէ, անկարգութիւններ չ՚ըներ»։ Հետեւաբար, ժողովուրդը իշխանութիւններուն հնազանդեցնելու համար անհրաժեշտ էր ընտանեկան յարգանքը. այս մտածումի լոյսին տակ պէտք է յիշել, որ Արիստոտէլ իր կարգին ընտանիքը կը տեսնէր որպէս պետութեան ամենէն փոքր միաւոր, հաւատալով, որ սիրով հասակ առած անձեր ինքնաբերաբար կ՚ըլլան բարոյականութեամբ հարուստ քաղաքացիներ:
Անցեալի պատկանող համոզումներն ու ըմբռնումները հասկնալու համար դիմեցինք Աստուածաշունչին, դիմեցինք փիլիսոփայութեան, սակայն այդ բոլորը հասկնալու մէջ կարեւոր տեղ ունին նաեւ պատմաբանները, որոնք յաջողած են անողոք ձեւով գրի առնել ժամանակի համոզումներն ու ապրելակերպը. ծնող-զաւակ յարաբերութիւնը շատ անգամ անոնց յիշատակութիւններուն մէջ կ՚արտացոլացնեն ժամանակի համոզումները. Օրինակ՝ յոյն պատմաբան Պլուտարքոս (46-120 թուականներ) իր աշխատութեան մէջ գրած է տղամարդու վրայ մօր ունեցած ազդեցութիւնը՝ հաւատալով, որ մօր ազդեցութիւնը մեծ է զաւակի բարոյական զարգացման, ինչպէս նաեւ առաքինութեան ձեւաւորման մէջ: Պատմաբանը կը գրէ. «Տղամարդը, որ կը մեծարէ իր մայրը, պիտի մեծարուի մարդոց կողմէ, որովհետեւ մայրը եղած է անոր առաջին ուսուցիչը». այստեղ կը տեսնենք, թէ մօր առաջին ուսուցիչ ըլլալը ունի հազարամեակներու անցեալ: Նման մօտեցում կարելի է գտնել գրեթէ բոլոր քաղաքակրթութիւններու մէջ. օրինակ՝ հռոմէացի պատմաբան մը խօսելով գերմանացիներուն համար կ՚ըսէ. «Գերմանացիներուն մօտ մօր ազդեցութիւնը որդիին համար սուրբ է». այս բոլորը մեզի մտածել կու տան նաեւ այլ իրողութեան մը մասին. այդ ժամանակ հայրը բացարձակ հեղինակութիւն էր. մասամբ կը կարծուի, թէ «անտեսուած» էր կինը, սակայն այս բոլորը ցոյց կու տան, որ այնպէս ինչպէս հօր, նոյնպէս կար յարգանք մօր հանդէպ. տղամարդը աւելի առաջնահերթ կը նկատուէր հասարակութեան մէջ, սակայն զաւակի մը համար մայրը հօրմէն պակաս հեղինակութիւն մը չէր:
Հին ժամանակ կար այն համոզումը, որ տղամարդու դաստիարակութիւնը տրուած էր հօր, իսկ աղջիկ զաւակինը՝ մօր. մայրը ի՛նք պարտաւոր էր իր աղջկան սորվեցնել կենցաղային, բարոյական եւ ընկերային պարտաւորութիւնները. հին ժամանակ չկար դպրոցական կրթական հասկացողութիւնը եւ մայր մը պէտք էր իր զաւակը պատրաստէր ապագայ ամուսնութեան. այս իսկ պատճառով շատ կարեւոր էր մայր-դուստր յարաբերութիւնը. սակայն այդ պարտաւորութիւններուն կողքին մայրը ունէր որոշ արժէքներ փոխանցելու սրբազան պաշտօնը։ Արիստոտէլ խօսելով այս յարաբերութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Մայրը իր դստերը ո՛չ միայն տունը վարել կը սորվեցնէ, այլ կը սորվեցնէ յարգել եւ առաքինութեամբ ապրիլ»:
Հետեւաբար, միշտ ալ կարեւորութեամբ շեշտուած է մայր-որդի, մայր-դուստր, հայր-որդի եւ հայր-դուրստ յարաբերութիւնները, որոնք ժամանակի ընթացքին զարգանալով, ձեւափոխուելով հասած են մինչեւ մեր օրերը: Իրականութեան մէջ երկու հազարամեակներ գրեթէ անփոփոխ մնացած է ծնողքին դաստիարակ ու մօր առաջին ուսուցիչ ըլլալու իրողութիւնը. Վերոյիշեալ բոլոր սկզբունքները որոշ մշակոյթներու մէջ մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ նոյնը. անոնցմէ շատեր աւելիով կարելի է տեսնել Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ:
Ծնողք-զաւակ յարաբերութեան զարգացման հիմնական կէտը եղած է խստութենէ սիրոյ անցումը. անցեալին շատ աւելի խստութիւն կար, որովհետեւ մարդուն համար առաջնահերթ էր կարգապահ ըլլալը, սակայն ժամանակի ընթացքին սէրը, յարգանքը շատ աւելի առաջնահերթ եղան. օրինակ՝ առաջ զաւակէն կ՚ակնկալուէր առանց հարցերու եւ խնդիր ունենալու հնազանդիլ ծնողներուն։ Հայրերը բացարձակ իշխանութիւն ունէին. մայրերը իրենց զաւակները՝ մանաւանդ դուստրերը մեծցուցած էին խիստ կարգապահութեամբ եւ հիմնական նպատակը այն էր, որ զաւակները ժառանգէին իրենց հօր ու մօր կերպարը. պատճառը այն էր, որ բարոյականութենէն աւելի առաջնահերթ էին կրօնական պարտաւորութիւնները. թէեւ կրօնական պարտաւորութիւններուն մէջ եւս կային սէր ու յարգանք, սակայն այդտեղ եղած կարգապահութիւնը շատ աւելի ծանր կը կշռէր։ Ժամանակի ընթացքին կրօնական պարտաւորութիւնները սկսան տեղի տալ կրթութեան գաղափարին եւ ծնողքը սկսաւ վախով ու խստութեամբ կրթելու փոխարէն, սիրով ու հասկացողութեամբ դաստիարակել:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ընտանիքին մէջ խստութիւնը անհրաժե՞շտ է:
Պատասխան. Ընտանիքին մէջ խստութիւնը որոշ չափով անհրաժեշտ է, որովհետեւ կ՚օգնէ սերմանել կարգապահութիւն, պատասխանատուութիւն եւ յարգանքի սահմաններ կը գծէ տան անդամներուն միջեւ: Սակայն չափէ դուրս խստութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ վախի, ըմբոստութեան եւ ընտանիքի անդամներուն միջեւ որոշ հեռաւորութիւն կրնայ ստեղծել: Ընտանիքին համար պէտք է հաւասարակշռուած մօտեցում, ուր օրէնքները կը գործադրուին ըմբռնումով եւ առողջ հաղորդակցութեամբ, զաւակներուն համար ստեղծելով առողջ միջավայր: Խստութիւնը պէտք է իր հետ ունենայ որոշ ջերմութիւն մը՝ աւելի ամուր եւ վստահելի ընտանեկան կապ ստեղծելու համար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան