«ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ» ՃԻՒԱՂՆ ՈՒ ՄԵՆՔ

Հարաւային Գալիֆորնիոյ միլիոնաւոր բնակիչներուս համար, բոլորովին նոր կամ անծանօթ անուն մը չէ «Սանթա Անա» կոչուած այս զօրաւոր եւ տաք քամին, կամ՝ ահաւոր հրդեհներու պատճառ դարձող հով-փոթորիկը: Այսպէս, ան, տարին քանի մը անգամ, իբրեւ անկոչ հիւր, մեր նահանգը «այցելելով», իր խելայեղ եւ սարսափազդու «վազքի» ընթացքին, մեծ աղէտներ կը գործէ: Անզուսպ եւ սանձարձակ իր վազքի ընթացքին, իրեն հանդիպած բոլոր ծառերը, թուփերը, ելեկտրական ձողերը, խանութներն ու բնակարաններու տանիքները կարգով կամ առանց կարգի անգութօրէն կը տապալէ, կը քանդէ եւ ամենէն սոսկալին՝ իր տաք շունչը բլուրներու եւ ձորերու չոր խոտերուն ու ծառերուն վրայ փչելով՝ կը հրկիզէ: Կ՚այրէ: Մոխիրի կը վերածէ:

Սակայն, այս տարուան իր այցելութիւնը, նախկիններուն նմանը չէր երբեք: Որովհետեւ այս անգամ «չափը» անցուցած էր: Մէկ ծառէն միւսը ցատկելով, մէկ թուփէն միւսին անցնելով, հասած էր գեղեցիկ եւ բաւական սուղ արժող հազարաւոր բնակարաններուն ու զանոնք կտոր մը թուղթի նման, այրած, հիմնովին հրկիզած ու այս ձեւով նոր «չափանիշ» մըն ալ աւելցուցած իր անունին առջեւ ու նախկին իր այցելութիւններուն վրայ «լեմոն քամելով», նոր «մրցանիշ» մըն ալ հաստատած: Մէկ խօսքով, «ինքզինք գերազանցած»: Անսովոր «ճիւաղ» մը, որ իր կրակէ լեզուներով ագահօրէն լափելով ամէն «բան», տուն, տեղ, ծառ, ծառաստան, խանութ, վաճառատուն, բնակարան, դպրոց, դրամատուն, նոյնիսկ պատճառ դարձած էր նաեւ անմեղ մարդոց կեանքերուն:

Ու մեզի հետ ու նոյնքան ալ հեւքով, համայն աշխարհն ալ մօտէն կամ հեռուէն հետաքրքրութեամբ եւ աղօթքով, հետեւեցաւ երկու եւ աւելի շաբաթներու համրանքով մեր ապրած այս նահանգին վրայ արշաւող «Սանթա Անա» կոչուած ահաւոր քամիին եւ անոր պատճառած ու տարածած հրդեհներուն, հարիւրաւոր հրշէջներու ստեղծուած կրակին առաջքը առնող քաջագործ ճիգերուն եւ ջրատար օդանաւերու անհամար թռիչքներուն հետ:

Տասնամեակներէ ի վեր Գալիֆորնիա կ՚ապրիմ ու ինծի նման հազարաւոր հայորդիներ ալ: Գիտէինք որ «երկրաշարժի» ու նաեւ զօրաւոր քամիներու երկիր մըն ալ էր: Բայց, այս մէկուն երբեք չէինք հանդիպած: Այո՛, երկրաշարժ եւ հրդեհներ... կը պատահէին, բայց ո՛չ այսքա՜ն աղէտալի, չար եւ մահացու:

Հիմա որ մեծ համեմատութեամբ կրակը հանգած եւ իր կատաղութիւնը խաղաղած ու ձեւով մը ինքն ալ «յոգնած» եւ «ուժասպառ» դարձած է, կարծես՝ հանգստացած ալ է, կարելի է քիչ մը աւելի պարզ եւ հանդարտ յիշել եւ մտածել եղածին եւ եղածներուն մասին: Որովհետեւ, աղէտ, ողբերգութիւն, դառնութիւն, ֆիզիքական եւ նիւթական մեծ զոհեր ու ահռելի ու անհաշիւ վնասներ պատճառող այս մեծ պատուհասը՝ կամաց կամաց նահանջած ալ է: Միւս կողմէ, հազարաւոր գալիֆորնիացիներ, որոնց մէջ դժբախտաբար մեր հայրենակիցներէն ալ կան, ոչ միայն կորսնցուցած են իրենց շքեղ, փառաւոր եւ կամ համեստ տուներն ու բնակարանները, այլ իրենք ալ բառին իսկական առումով դարձած՝ մէկական անտունիներ:

Բոլորին նման ես ալ՝ կը վախնամ ստեղծուած այս տեսարաններէն: Խօսքը մեր մէջ, մայր բնութեան -ջուր-հով-ալիք-«սունամի»-կրակ-փոթորիկ-երկրաշարժ- անհամ խաղերէն կը սարսափիմ:

Ու «Սանթա Անա»ի խելայեղ այս արշաւին առաջին իսկ օրերուն, բոլորիս կեանքերը շփոթութիւններով լեցուեցան: Ահ: Վախ: Սարսափ: Մեր միտքերն ու աչքերը անղեկ նաւակի նման երերացին մէյ մը թի-վիին եւ մէյ մըն ալ «այֆոն»ին դիմաց: Ժամերով ե՛ւ անքուն ե՛ւ առանց լոյսի ու կազի մութ գիշերներով, յոյս մուրացինք ու տխուր եւ ցաւագին հետեւեցանք մեզի հրամցուած լուրերուն եւ դժոխքի կրակը յիշեցնող ցուցադրուած նկարներուն:

Շանթահար իրականութիւն: Ամէն օր մեր շրթներուն վրայ բոյն դրին կարճ ու երկար աղերս-աղօթքները, իսկ մտքերուն մէջ՝ չարագուշակ ստուերներ: Այլ խօսքով, քամին եւ հրդեհները սահմանեցին մեր մտածումները եւ օրերու մտահոգութիւնները գողցան մեր ուրախութիւնը: Պղտորեցաւ մեր կեանքի հոսքը, մինչ՝ մեզմէ տասը-քսան մղոններ հեռու, հազարաւորներ կորսնցուցին տարիներէ ի վեր իրենց կառուցած եւ ապրած բնակարանները:

Ու միշտ յուսախաբ եւ տխրութեամբ կը մտածեմ այս բոլորի մասին։ Կարծես կեանքը իր հիասթափութեան խորշոմներով մեզի ալ հրած էր ցաւի եւ խոր մտահոգութեան աշխարհ: Նոյնպէս, երկար կը մտածեմ, թէ այդ «դժբախտ» մարդիկը ինչպէ՞ս պիտի կարենային տանիլ իրենց այս նոր կեանքը: Մարդկային ուղեղը կանգ կ՚առնէ այս տեսարաններուն դիմաց: Անոնք ինչպէ՞ս պիտի կարենային պահել իրենց կեանքի ջերմութիւնը, որովհետեւ, այդ օրերուն, բոլորիս համար ուշացաւ յոյսը եւ որուն սպասումն ալ դարձած էր կարօտ:

Մեր վախէն մեր բոլորի երազներն ալ սպաննուեցան...: Տխուր իրականութիւն: Կրակը, իր շիկացած ոտքերով եւ կարմրագոյն լեզուով, անցած էր մեր նահանգին վրայէն, մահ եւ աւերակ ցանելով ամէն կողմ: Իր ներկայութիւնը այրած էր քաղաքներու տեսքն ու բնակարաններու գեղեցկութիւնը: Հրդեհ, հով, փոթորիկ... անկասկած մեր նահանգի պատմութեան էջերը խառնեցին... այնքան արագ... նոյնքան զարմանալի եւ իրական: Կրակը, ամբողջ երկինքը սեւ ներկելով, ծուխ-մուխ իրար խառնած էր, միաժամանակ ստեղծելով աներեւակայելի եւ աննկարագրելի մտքի խուճապ:

Արդ, ինչպէ՞ս բացատրել կեանքի այս դաշտանկարը:

Ամբողջ իրերայաջորդ շաբաթներ ապրեցանք վիճակ մը, որ կարելի չէ մէկ բառով որակել կամ քանի մը տողերով ներկայացնել: Մօտէն եւ հեռուէն ասեղի նման սրած աչքերով տեսանք ու հետեւեցանք կրակի լեզուներուն, որոնք կը բարձրանային, կը հեղեղէին, կը խեղդէին ամէն բան ու կը ճարակէին անյագ, մոխիրի վերածելով տուն-տեղ-ծառ-ծառաստան ու անմոռաց եւ նոյնքան ալ «յիշատակելի» հետքեր ձգելով բոլորին վրայ:

Սակայն, անկախ այս բոլորէն, ամենէն սարսափելին... եթէ յանկարծ այս «ճիւաղ» կրակը մեզի ալ հասնէր... անձնապէս ի՞նչ պիտի կարենայի ընել... ի՞նչ կամ ինչե՜ր պիտի կարենայի փրկել իր «ճիրաններէն», տասնամեակներէ ի վեր ստեղծած ու ապրած այս տունէս: Ու վայրկեանին տեսակ մը անօրինակ վախ մը երակներէս ներս կը սկսէր հոսիլ: Անկախ վաւերական թուղթերու, անձնագիրներու, ինչե՜ր պիտի կարենայի մեծ ու փոքր պայուսակներու մէջ տեղաւորելով՝ հետս առնել եւ հեռանալ... փրկել...

Արդեօք էականը... յիշատակելիները փրկե՞լ էր, թէ ոչ ինքնութեան պահպանումը։

Ահա թէ ի՞նչ կը զգաս, երբ քե՛զ հարազատ տունէդ, պարտադիր բաժնեն: Անկասկած մորմոք մըն է, որ կը պատէ միտքդ, հոգիդ ու անկարելի կը դառնաս հաշտուելու իրականութեան հետ: Նման բաներու դիմաց սիրտդ կը մաշի ու դուն «կը հալիս»:

Եւ տակաւին, անդին, երբ յանկարծ միտքդ կու գայ երկու տարի առաջ Արցախի հայորդինեուն վիճակը... տեղահանութիւնը... այն ժամանակ կը զգաս ահռելիութիւնը պարտադիր տեղահանութեան... անտուն մնալու դրութեան...

Իսկ այս պարագային, ինքզինքդ կը համոզես, որ մայր բնութեան հետ խաղ կամ կատակ ընել կարելի չէ: Նոյնպէս, կը մտածես, աւելորդ է տանդ սեմին կամ պարտէզիդ մուտքին ցուցակի մը վրայ գրել «ծաղիկ պոկելը արգիլուած է»... որովհետեւ... մայր բնութիւնը կարդալ չի գիտեր:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2025