ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՎԱՐԻՉԸ
1995-ի աշնանն էր։ Սրբոց Թարգմանչաց երկրորդական վարժարանը կը դասաւանդէի։ Տեսուչ հայր սուրբը՝ Տ. Սահակ Վրդ. Մաշալեան, այժմ Պատրիարք Պոլսոյ Հայոց, կանչեց զիս.
-Ռամաթկանի համալսարանէն հրաւէր եկած է, որպէսզի հայերէնի մասնագէտ մը մասնակցի երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու լեզուներու ժողովին։ Առանց երկմտելու մտածեցի, որ դուն կրնաս ընել այդ։
-Ե՞րբ է հայր սուրբ։
-Ամիսէ մը, կասկած չունիմ, որ կը հասցնես պատրաստել քառասուն վայրկեաննոց դասախօսութիւն մը հայոց լեզուին մասին։ Երկու օր պիտի տեւէ, անշուշտ, հրաման կու տանք եւ քեզի համար ալ լաւ կ՚ըլլայ, վերջ ի վերջոյ համալսարանական բարձր կրթութիւն ունիս եւ այդ միջավայրը քեզի համար հաճելի պիտի ըլլայ։
-Ոչ միայն հաճելի, այլեւ կարօտցած եմ այդ հարազատ միջավայրը, դպրոցը կը սիրեմ, բայց գիտաժոովը ուրիշ բան է։
Այնքան ուրախ դուրս եկայ տեսուչին սենեակէն եւ տակաւին ուսուցչարան չհասած արդէն մտքիս մէջ սկսայ նախաբանը գրել։
Պէտք է ըսել, որ շատ լաւ անցաւ դասախօսութիւնս եւ հետաքրքրուողներն ու հարցումները շատ էին։ Իսկ ինծի առիթ տրուեր էր օտարներու մէջ փառաբանելու մեր ոսկեղենիկը, զարմացնելու, որ 38 տառ ունինք, անշուշտ, խօսեցայ Ոսկեդարին մասին, Աստուածաշունչին թարգմանութեան մասին, եւ այն, եւ այլն, եւ այլն… Աշխարհ իմս էր, քառասուն չէ, յիսունհինգ վայրկեան խօսեցայ եւ ընդհանրապէս կարելի չէ սահմանուած ժամանակէն աւելի երկարել, բայց ձայն հանող չեղաւ, բոլորը ուշադիր եւ հիացած մտիկ կ՚ընէին։
Ընդմիջումին «Փոքրամասնութիւններու լեզուներ»ուն ամպիոնի վարիչը, որ նաեւ կազմապերպողն էր, մօտեցաւ, շնորհաւորեց զիս, առաջարկեց միասին յօդուած մը գրենք։
Սիրով ընդունեցի։
-Ես ծանօթ չեմ նիւթին, սակայն, առաջարկը ինծի եկած է։ Գումարը բաւական է, կը կիսուինք։
Աւելի ուրախացայ, գրելը՝ գրեր եմ արդէն, պզտիկ փոփոխութիւններ եւ ինչո՞ւ չէ։
Համաձայնեցանք գալիք չորեքշաբթի հանդիպիլ մեր տան մէջ։
Չորեքշաբթին ես որոշեցի, քանի որ չորեքշաբթի օրերը տղաս ակումբը ֆութպոլի խաղ կ՚ունենար, ուրեմն կարելի էր հանգիստ աշխատիլ։
Բայց… Եկուր տես, որ…
Սարսափելի, տեղատարափ անձրեւ մը առտուընէ սկսաւ չորեքշաբթի օրը։ Աստուած իմ, ինչ ընեմ։ Անկարելի է, որ Արփիակը ձգէ աշխատիմ, այդ ալ օտար մէկու մը հետ։ Բոլոր հնարաւորութիւնները պիտի գործածէր մարդուն քիթէն-բերնէն բերելու եւ ճամբելու համար։ Մայրը միայն իրն էր։ Ակումբը երբ Ծնունդ-Զատիկ խրախճանք ունենայինք, բոլորս կ՚երգէինք, կը պարէինք, երաժշտութիւնը դանդաղելուն պէս ո՛ր անկիւնը որ ըլլար՝ վազելէն կու գար փէշէս բռնած նստելու կը տանէր։ Ինծի համար ալ տղաս բոլորէն առաջ էր, իր ուզածը թող ըլլար…
Հեռաձայնեցի մարզանքի պատասխանատու Իւանին.
-Իւան հոգիդ սիրեմ, գիտեմ ֆութպոլ չէք կրնար խաղալ այս անձրեւին, բայց ակումբէն ներս զբաղեցուր պզտիկները, շատ կարեւոր գործ ունիմ։ Չնայած տղաս արդէն գնդակը առած իջած է։
-Անհոգ եղիր, լաւ խաղեր պատրաստած եմ։
Անձրեւին պատճառով չորսին հասնելու տեղ հինգին հասաւ փրոֆեսէօրը։
Հազիւ հասած էինք ժամ մը աշխատիլ, երբ փոթորիկի նման դուռը բացուեցաւ եւ տղաս գնդակը ձեռքը յայտնուեցաւ.
-Ո՛ւր է մամաս… Մամի ո՞վ է այդ տգեղ մարդը, որ մամայիս դիմացը նստեր սուրճ կը խմէ։
Եւ մէկ-երկու չկայ, նշանը առաւ ու գնդակը օդին մէջն էր արդէն։
Գնդակը ուղղակի մարդուն ճակատին, հաստ ակնոցը երկուքի բաժնուեցաւ, գնդակը ինկաւ դէմը դրուած տաք «Nes Café»ին գաւաթին վրայ, գաւաթը դարձաւ մարդուն տափատին վրայ… Մարդը տեղէն ցատկեց, որովհետեւ որովայնէն վար՝ սրունքներէն վեր թափած էր տաք սուրճը եռացած կաթով… Իսկ ինծի մէկ աստիճան մնացած էր կաթուածահար ըլլալու։
Մայրս, հիւրանոցին մէկ բազմոցին նստած անակնկալ առատ անձրեւին պատճառով, լուացքը տունին մէջ չորցնելէ ետք կը ծալէր, տեղէն ցատկեց, անմիջապէս ձեռքը ինչ լաթ անցաւ՝ տղուս տափատը թէ իմ պլուզս չեմ գիտեր առած եկաւ, որպէսզի թափածը սրբէ.
-Մամ ինչ կ՚ընես…
-Ի՞նչ կ՚ընեմ, տղուդ աւերը կը սրբագրեմ, կ՚այրիկօր մարդը, չես տեսներ այրած տեղը բռնած կը ցատկէ։
Տղաս գոհ սենեակը գնաց իր խաղերուն, մենք դարձանք մեր գործին, մայրս ալ շարունակեց լուացքը ծալել։
Եւ քանի որ մարդը թրջուած եկած էր, բարիք ընելու նպատակով, մայրս մարդուն անձրեւէն պաշտպանուելու յատուկ վերարկուն վառարանին վրայ դրած էր, որպէսզի չորնայ։
-Վերարկո՜ւս, վերարկո՜ւս, պոռաց փրոֆեսէօրը։
Դարձանք, որ վերարկուէն ծուխ կ՚ելլէր արդէն։ Այրուածքէն տակաւին մրթմրթացող փրոֆեսէօրը վիճակը մոռցած՝ վազեց վերարկուն վերցնելու վառարանին վրայէն եւ գոյացած խոշոր ծակի մը երկու կողմէն մայրս շուարած եւ շատ անմեղ ժպիտով, փրոֆեսէօրը ջղային եւ թօփալ ակնոցով իրարու նայեցան։
Մայրս վերջին ծայր սառնասրտութեամբ ըսաւ.
-Ձեզի նոր վերարկու մը կու տամ։
Հայրս նոր մահացած էր եւ չհագած մէկ վերարկուն իրեն տուինք։
Սաստիկ ցուրտերուն եւ անձրեւոտ օրերուն երբ շատ ելեկտրական վառարան կը վառուի, ելեկտրականութիւնը կը տկարանայ։
Տունին դրան զանգը հնչեց։ Մայրս բացաւ, պութակազ ծախողն էր. իրենց առեւտուրի լաւ ժամանակն է, պութակազ պէտք ունի՞ս թէ ոչ, պիտի առնե՞ս, մարդը այդ ջրհեղեղին քու մասիդ մտածեր է մինչեւ տունդ եկեր է.
-Մուհամմէտ, այս անձրեւին ինչո՞ւ եկեր ես։
-Է՜հ, կ՚ըլլայ «եա իմ Սարօ» (Ով Սարոյի մամա, արաբները անդրանիկ որդիին անունով կը կանչեն կիները իբր յարգանք), եթէ ելեկտրականութիւնը երթայ եւ պութակազ չունենաք, ինչո՞վ պիտի տաքնաք, թող ես հիւանդանամ, բայց դուք չմսիք։
-Շատ շնորհակալ եմ, սպասէ այս անձրեւին գոնէ հովանոց մը տամ քեզի։
Մայրս վճարեց, հովանոց մըն ալ տուաւ եւ ճամբեց։
Ալ չեմ գիտեր ինչպէս, բայց, գործերնիս այդ օրուան համար աւարտեցինք։ Եթէ դեռ շարունակէինք, ուրիշ ինչ կրնար պատահիլ չեմ գիտեր… Թող վայրկեան առաջ երթայ մտածեցի։ Չեմ կարծեր ալ «Փոքրամասնութիւններուն լեզուներ»ով ուզէր զբաղիլ… Սակայն այս մէկ սկսած գործերնիս պիտի աւարտէինք, համաձայնեցանք անգամ մըն ալ հանդիպիլ եւ արդէն ճամբու պիտի դնէի մարդը.
-Հովանոցս չեմ գտներ, ըսաւ, այստեղ դրած էի…
Մայրս, անշուշտ, բոլոր հովանոցներուն մէջէն փրոֆեսէօրին հովանոցը տուած էր պութակազ ծախողին։
Այրուած, ակնոցը կոտրած, հովանոցը ուրիշին տրուած՝ առօք-փառօք ճամբու դրինք «Փոքրամասնութիւններու լեզուներ»ու ամպիոնի վարիչը։
Քանի մը օր ետք ինչպէս համաձայնած էինք հեռաձայնեցի՝ չպատասխանեց, շաբաթէ մը դարձեալ հեռաձայնեցի, դարձեալ չպատասխանեց, նամակ գրեցի՝ անպատասխան մնացի, քարտուղարուհիին հետ խօսեցայ՝ վստահ եմ ստեց ըսելով, որ վեց ամիսով ուրիշ քաղաք գացած է դասախօսելու…
Եղբօրս հեռաձայնեցի, որ ի՞նչ կրնամ ընել։
-Աղօթէ, որ վնասից հատուցում չպահանջէ։
Վստահ եմ, որ իր անունով հրատարակեց, դրամն ալ ամբողջութեամբ ինք առաւ։
Բայց, մենք այրած վերարկուին փոխարէն աւելի լաւ վերարկու մը տուինք, օրիորդական սիւսլիւ-փիւսլիւ հովանոց մըն ալ՝ իր սեւ հովանոցին փոխարէն, բայց, այրուած մասը որքան ժամանակ պահանջեց դարմանուելու համար՝ այդ չեմ գիտեր…
Ի՞նչ ըսեմ, փառք Աստուծոյ, բարին այդ էր կ՚երեւի…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ