ԹՌՈՒՑԻԿԸ ԵՒ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐԸ

2024 թուականը տակաւին շատ չէ հեռացած մեզմէ։ 2024 թուականին լրացան պոլսահայ նշանաւոր գրող Մատթէոս Զարիֆեանի ծննդեան 130 եւ մահուան 100-ամեակները։ Այս երկու տարեթիւերը անգամ մը եւս առիթ են յիշելու Պոլսոյ մէջ երեսուն տարեկանին մահացած նշանաւոր գրողը, որ իր բախտակից շատ մը բանաստեղծներու պէս երգեց սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։ … Հիմնականը բանաստեղծութիւններ գրած Զարիֆեան ունի նաեւ արձակ էջեր, օրագրութիւններ, նամակներ, նաեւ իր կեանքին առընչուող գրութիւններ, որոնցմէ մէկն է իր առաջին սիրուն վերաբերող պատմութիւնը, որուն մէջ նիւթը թէեւ նկարագրած է, բայց զայն կը նկատուի ընդհատուած գործ մը, ինչպէս իր կենսագիրները փաստած են․․․ 

Զարիֆեանի ընտանեկան ժառանգորդներէն Պէյրութ բնակող Սիլվիա Աճէմեանի մօտ կը գտնուէր Զարիֆեանի արխիւը՝ կազմուած ընտանեկան լուսանկարներէ, վաւերաթուղթերէ եւ այլ կարեւոր նիւթերէ ու իրերէ, որոնք Զարիֆեանի գործի հետազօտող Նորա Սարաֆեան-Թաշճեանի միջոցով վերջին տարիներուն յանձնուած են Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին։ Լուսանկարները առնուած են Զարիֆեանի արխիւէն, իսկ գրութիւնը՝ արձակ էջերէն։ 

ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐՍ

1.

Առաջին սէրս կը պարտիմ թռուցիկի մը պոչին։ Տասը-տասներկու տարեկան եղած ատեններս՝ համբաւաւոր թռուցիկ թռցնող մըն էի։ Անկէ ի վեր ոչ մէկ բանի մէջ նոյնքան տաղանդ ցոյց տուած եմ։ Տղաքը կը դողային իմ թռուցիկներէս։ Միշտ ամենէն մեծը, ամենէն հաստատունը, ամենէն գեղեցիկը կ՚ըլլար իմ թռուցիկս, միշտ ամենէն աւելի առասան կ՚ունենայի ես։

Երբ իմ թռուցիկս օդը ելլէր, միւս բոլոր թռուցիկները վար կ՚իջնէին կամ կը հեռանային իմինիս սահմաններէն։ Երբեմն կը պատահէր, որ ուրիշ փողոցի մը մէջ բնակող քանի մը տղաք դաւ մը նիւթէին ինծի դէմ։ Իրենց առասանները կը միացնէին, զօրաւոր փայտերով թռուցիկ մը կը շինէին, կը թռցնէին զայն ու յաղթական կը մտնէին մեր փողոցը, մենամարտի հրաւիրելով իմ հէք թռուցիկս։ Այդ մենամարտը «խըռմալա» կը կոչէինք մենք։ Թռուցիկի բոլոր տղաքը կը վազէին հետաքրքիր, ահագին աղմուկով։ Երկու խումբ կը կազմուէր, անոնցը եւ իմինս։ Ու պայքարը կը սկսէր։ Իւրաքանչիւր կողմ իր տրամադրելի ամբողջ ճարտարութիւնը ի յայտ կը բերէր, լուրջ ու մտախոհ երեւոյթով, վտանգի մէջ գտնուող մարդոց նման։ Խեղճ թռուցիկները երկար ատեն կը չարչարուէին, օդին մէջ հազար յիմարական շարժումներ կ՚ընէին, մերթ իրարու մօտենալով, մերթ հեռանալով իրարմէ, կռիւի բռնուած աքաղաղներու պէս։ Յաղթանակը իմ կողմս կը մնար միշտ։ Հակառակորդ կողմին թռուցիկը, բզիկ-բզիկ եղած, իր պոչը կորսնցուցած, օդին մէջ ինքն իր վրայ դառնալով վար կ՚իյնար։ Եկուորները իրենց առասանը կը փաթթէին ու կը նահանջէին դէպի իրենց փողոցը։

Օր մը, սակայն, բախտը չժպտեցաւ ինծի։ Ահագին թռուցիկ մը շինած էի, պզտիկ-պզտիկ բիւրաւոր թուղթեր հաւաքած ու իրար փակցուցած, գոյներու ներդաշնակութեան օրէնքին համաձայն՝ զոր խիստ լաւ ուսումնասիրած էի։

Առաւօտուն կանուխ, հիանալի հովով մը զայն թռցուցեր էի մեր դիմացի դաշտէն։ Ամբողջ առասանս տրամադրեր էի շքեղ թռուցիկիս, որ կապոյտ երկնքին մէջ հազիւ տեսանելի բան մը դարձեր էր։ Յետոյ մեր պարտէզը գացեր, խոշոր սալորենիի մը կապեր էի ծայրը, փողոց երթալ եւ անոր ձգած տպաւորութիւնը ստուգելու համար։ Ամբողջ օրը սա տեսակ խօսակցութիւններ լսեր էի.

-Գրիգոր, աս ուշուրման անո՛րն է կինէ։

-Սա Մատթէոսի՞նը...

-Հապա որու՞նը, ծօ...

-Ասչափ հով կայ տէ՝ կինէ մոմի պէս կեցեր է։ Աս տղուն պէս ուշուրմա շինող չկայ։

Ու ես գոհ ու հպարտ ժպտեր էի, բոլորովին մոռցած թէ վերջին փայտը ողորկած միջոցիս ճկոյթ մատս կտրած ու բաւական արիւն կորսնցուցած էի։

Յանկարծ, մեր կռնակի թաղէն, սոնքալով բարձրացաւ թռուցիկ մը, որ բաւական վարպետ ձեռքէ մը կառավարուած կը թուէր։ Վերջը իմացայ, թէ սովորական հակառակորդներէս մէկուն տունը հիւր եկած տղայ մըն է եղեր։ Երբ իրեն պատմեր են գործած հրաշալիքներս, տղոցը ըսեր է... «Անգամ մըն ալ ե՛ս չափուիմ հետը»։

Միջոց մը, երբ թռուցիկները իրարու մօտեցած էին, տեսայ թէ իմ առասանս անորինին տակէն անցած էր. եթէ այդ վայրկեանին իմ թռուցիկս աւելի հեռու չգտնուէր, անվիճելի էր յաղթանակս. ուստի սկսայ բազուկներուս ամբողջ ուժովը քաշել առասանս։ Ան չքաշեց։ Յանկարծ թռուցիկս հակեցաւ, եւ իր շքեղ պոչը առկախուեցաւ հակառակորդիս առասանէն։ Սարսափած դադրեցայ քաշելէ։ Այն ատեն, հակառակորդս սկսաւ քաշել իր թռուցիկը, որ օդին մէջ կը բարձրանար յաղթական, իմինիս վրայ հաստատելով իր տիրապետութիւնը։ Այնքան ուժով կը քաշէր որ վերջապէս յաջողեցաւ թռուցիկս անջատել իր պոչէն։ Առաջինը խելակորոյս սկսաւ թաւալիլ ինքն իր վրայ, իսկ երկրորդը՝ շնորհալի նազանքներով վար իջնել։

Մեծ ճիգերով յաջողեցայ վիրաւոր թռուցիկս պարտէզ իջեցնել։ Յետոյ գացի պոչս փնտռելու։ Պարտէզին դուռէն դուրս ելայ. բարեբախտաբար, տղաքը այդ փողոցին մէջ չէին։ Սկսայ անդին ասդին վազել։

-Տղա՛յ, տղա՛յ...

Ետեւ դարձայ։ Ինծի տարեկից աղջիկ մը, իրենց դրանը առջեւ կեցած կ՚ըսէր.

-Հոն ինկաւ, հո՛ն, սա կանանչ ներկով տունին պարտէզը. նա՛, ծառի մը վրայ է, նայէ...

Իր ցուցուցած կողմ նայեցայ. տեսայ պոչը՝ որ ճիւղէ մը կախուած կը տարուբերէր հովէն։ Իսկոյն վազեցի, ոստումով մը անցայ պատէն, ծառին վրայ ելայ եւ առանց ամենափոքր վնաս մը հասցնելու ազատեցի պոչը։ Զայն վզիս շուրջը անցուցած կը վերադառնայի, երբ, նոյն տունին առջեւէն անցած ատենս, ան հարցուց.

-Գտա՞ր։ - Ուրախ կը ժպտէր։

-Այո՛, - պատասխանեցի, ես ալ ժպտելով իրեն. - ձեզի կը պարտիմ։ - Եւ անցայ։

Երբ իմ պարտէզս հասայ, պոչս հոն ձգեցի ու շիտակ սենեակս ելայ։ Շաբաթ իրիկուն էր։ Մայրիկիս ըսի, թէ եկեղեցի պիտի երթայի, ու նոր, ճերմակ հագուստներս հագայ - կարճ տաբատ մը եւ կապոյտ օձիքով մարեն մը, նաեւ դեղին կօշիկներս՝ մէկ քովէն կոճակներով -, զորս միայն կիրակի օրերը արտօնուած էի հագնիլ։ Յետոյ, հայելիին առջեւ գացի, մազերս խնամքով խոզանակեցի։ Երկայն եւ գանգուր գեղեցիկ մազեր ունէի։ Գլուխս անցուցի, քիչ մը ծուռ, նաւաստիի կլոր գլխարկս՝ ուսէս վար զոյգ մը ժապաւէններով։ Կէս ժամ ետք, ձեռքերս գրպաններուս խորը մխրճած, անոնց փողոցէն կ՚անցնէի կրկին, թռուցիկին պարտութիւնը բոլորովին մոռցած։

Դուռը գոց էր։ Չհամարձակեցայ պատուհաններուն նայիլ։ Հաւանաբար, արդուզարդս գոց դրան եւ կամ գոց պատուհաններուն կողմէ միայն տեսնուեցաւ։

Գիշերուան ճաշէն յետոյ, րոպէ մը խոյս տուի ու դարձեալ անցայ նոյն փողոցէն։ Նորէն ամայութիւն։

Այն գիշեր, մինչեւ առաւօտ, այդ աղջիկը երազներուս խառնուեցաւ։ Թռուցիկի հսկայ պայքարներու կը բռնուէի ու միշտ, հեւասպառ վազած միջոցիս, անոր կը հանդիպէի։ Նոյն քաղցր ժպիտով ինծի ցոյց կու տար կորսուած թռուցիկներս։ Միջոց մը, վարդենիի մը փուշերէն թռուցիկ մը ազատած միջոցիս, չեմ գիտեր ինչու, ինքն ալ հակեցաւ թուփին վրայ, եւ իր այդ մօտիկութիւնը այնքան շփոթ ու անճարակութիւն տուաւ մատերուս, որ հէք թռուցիկը կտոր-կտոր եղաւ, ու ես մեծ ցաւով մը արթնցայ քունէս։

Յաջորդ տարին, պատահեցաւ որ անիկա ալ իմ գացած վարժարանս գար, Ս. Խաչ։ Օր մը, պատահմամբ իմացայ իր անունը, երբ ընկերուհիները զինք կը կանչէին։

2.

Մեր դասարանապետ ուսուցիչը, որ միշտ իր ակնոցին համար յարմար տեղ մը չէր գտներ քիթին վրայ, ու խօսած ատենը երկու մատովը վեր վար կը շարժէր զայն, լուրջ հանդիսաւորութիւնով մը ըրաւ հրաշալի ծանուցում մը.

-Տղաք, վաղը առտու Պէյքոզ պիտի երթանք. քովի դպրոցիններն ալ պիտի գան։ Կանուխ եկէք...։

«Քովի դպրոցինները» - մեր ուսուցիչը երբեք չէր արտասաներ «աղջիկ» բառը - աղջիկներն էին... ԳՈՀԱՐԸ...։

Գիշերը յոյսով լեցուն պառկեցայ, բայց առաւօտուն, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, տարտամ յուսաբեկութիւն մը կար սրտիս մէջ։ Երկար ատեն չուզեցի անկողինէս ելլել։ «Ի՜նչ հարկ», կը խորհէի ու աչքերս կը գոցէի։ Յանկարծ, հիւրանոցի պատի ժամացոյցը ժամը եօթը զարկաւ։ Միւսիւ Յովակիմեանը ըսեր էր, թէ ժամը եօթնուկէսին ճամբայ պիտի ելլէինք։ Ակնթարթի մը մէջ՝ ամէն վարանում, ամէն շփոթութիւն անհետ եղաւ։ Անկողինէս ցատկեցի եւ հայելիիս առջեւ անցայ։

Երբ դպրոց հասայ, տեսայ թէ տղաքը երկաթէ մեծ դուռէն դուրս կ՚ելլէին։ Նախ պզտիկները եկան. յետոյ, երբ մեր դասարանի տղաքը երեւցան, գացի անոնց մէջ խառնուեցայ։ Ճամբան, մանաւանդ շոգենաւին մէջ, շատ տխուր էի։ Ընկերներս ծրագիրներ կը պատրաստէին օրուան խաղերուն համար։ Անոնց մէջ էի ես ալ. ու նոյնիսկ ատեն ատեն ինծի ուղղուած հարցումի մը կը պատասխանէի, անձնական կարծիքս յայտնելով խաղի մը զանազան նրբութիւններուն մասին, նոյնիսկ ժպտելով ու խնդալով եղած կատակներուն ու դպրոցականի սրաբանութիւններուն։ Եւ սակայն՝ տարօրինակ, անբացատրելի թախիծ մը կար հոգիիս մէջ, որ տեսակ մը ծանրութիւն ու մտախոհ երեւոյթ կու տար անշուշտ դէմքիս։ Ունէի ճիշդ այն հոգեկան վիճակը, զոր տասներկու տարեկան տղեկ մը կ՚ունենայ՝ իր դպրոցականի գրասեղանին վրայ հակած, երբ իր մայրը ծանրօրէն հիւանդ է, եւ իրիկուն մը իմացած է՝ մեղմօրէն անոր դրան մօտենալով՝ ներսէն ցած ձայնով ըսուած խօսք մը. -«Յոյս չկայ»։

Երկար ատենէ ի վեր, այդ երկու բառերը անդադար կ՚առկախուէին իմ բոլոր մտածումներէս։ Նայուածքս ուրիշ բան չէր ըսեր, դասերուս մէջ ունեցած յանկարծական կասումս ուրիշ բան չէր ըսեր, բայց մանաւանդ՝ տարտամ, անպատմելի մելամաղձութիւնս։ «Յոյս չկայ...»։

Վերջապէս հասանք Պէյքոզի անծայրածիր դաշտերը։ Դպրոցական խումբը, որուն մէջ քանի մը ժամէ ի վեր սկսեր էր յայտնուիլ տեսակ մը խուլ, զսպուած ըմբոստութիւն՝ կարգապահական սովորական օրէնքներուն դէմ, ակնթարթի մը մէջ ցրուեցաւ ահագին դաշտին խորը, ամէն ուղղութեամբ։

Շուրջս նայեցայ։ Ինձմէ զատ ոչ մէկ տղայ կար։ Աղջիկներուն խումբը յամր յամր կը յառաջանար։ Անոնց քովէն կը քալէր ուսուցչական խումբը։ Ամօթէս շրթունքներս խածի ու վազելով գացի կորսուեցայ մերիններուն մէջ։

Եւ սակայն, ոչ մէկ խաղի մասնակցեցայ։ Դաշտը հասնելնուն պէս, տղաքը, դեռ շունչ չառած, սկսան «գերի» մը կազմակերպել։ Զիս ալ ընտրեցին, առանց կարեւորութիւն տալու մերժումի համար ըսած խօսքերուս։ Ամենէն առաջ ընտրուողներէն եղայ, տրուած ըլլալով վազելու մէջ ունեցած համբաւս։ Բարեբախտաբար, սակայն, խաղը սկսելուն պէս քիթս արիւնիլ սկսաւ, ու կրցայ առանց ծաղրուելու խաղէն քաշուիլ։ Գացի ծառի մը տակ նստայ ու խաղը դիտեցի։ Որոշած էի բնաւ չնայիլ աղջիկներուն կողմը, այնպէս որ՝ չէի գիտեր նոյնիսկ թէ անոնք ո՛ւր էին կանգ առեր եւ ի՛նչ կ՚ընէին այդ պահուն։

Կէս օրուան ճաշէն յետոյ, քանի մը տղաք օրիժինալ գաղափար մը ունեցան։ Ճամբուն եզերքի աղբիւրին քով բազմաթիւ էշեր կեցած էին, որոնք սովորութիւն ունէին այդ դաշտը եկողները իրենց կռնակն առնել ու պտտցնել։

Յանկարծ բոլոր բերաններէն հիացումի աղաղակ մը բարձրացաւ. երեք տղաք, երեք էշերու վրայ հեծած, մեծ ճամբուն վրայէն կ՚արշաւէին։ Իսկոյն, կարեւոր հոսանք մը յառաջ եկաւ դէպի էշերը։ Դրամ ունեցող տղաքը կը վազէին ու ճամբայ կ՚ելլէին դէպի երեք նախակարապետներու հետքերը։ Շատ չանցած՝ աղջիկներուն խումբն ալ վարակուեցաւ այդ հոսանքէն։ Այդ տարիքի երկու սեռէ դպրոցականներու միջեւ, տեսակ մը ընդհանուր եւ խիստ տարտամ զգացում գոյութիւն ունի միշտ։ Երկու կողմէն ալ անձկութեամբ կը տենչան որեւէ առիթի որ զիրենք իրարու մօտեցնէ ու կարենան ո՛չ թէ իրարու հետ խօսիլ - այդ անկարելի բան մը կը թուի -, բայց իրարու նայիլ մօտէն։

Այդ առիթը ստեղծած էին էշերը։ (Ատոր համար է որ՝ մինչեւ հիմա տեսակ մը գորով պահած եմ էշերուն հանդէպ)։

Վայրկեան մը, ուրախութեամբ լեցուած, ես ալ քայլերս ուղղեցի դէպի աղբիւրը, բայց ճամբան յանկարծ յիշեցի, թէ ուշ մնացածի աճապարանքիս մէջ, մոռցած էի դրամ առնել մօրմէս։ Յուսահատութիւնով՝ ձեռքս գրպանս տարի. վերադարձի տոմսակին համար հարկ եղած դրամէն զատ քսան փարա միայն ունէի։ Մինչդեռ, իշապանները կէս ժամուան համար երեք ղրուշ կը պահանջէին։ Ետ չդարձայ, բայց դադրեցայ աղբիւրին ուղղութեամբ յառաջանալէ։ Քայլերս ուղղեցի դէպի աջ երեւցող մեծ քար մը եւ հոն նստայ, տխրութիւնը դէմքիս։ Փայտ մը առի գետնէն եւ սկսայ զմելիովս տաշել զայն, իբրեւ թէ կարեւոր մտադրութիւնով մը, որպէսզի էշով զուարճացողներուն առջեւ - որոնք մօտէն կ՚անցնէին - ծիծաղելի չըլլայի. բայց միշտ մէկ աչքս անոնց կը հետեւէր, մանաւանդ երբ գեղեցիկ հատ մը անցնէր։

Ու յանկարծ... Գոհարը։

Մոխրագոյն իշու մը վրայ նստած, քանի մը ընկերուհիներու առջեւէն կու գար ան։ Իսկոյն յօնքերս պռստեցի եւ սկսայ աւելի մեծ խնամքով տաշել փայտս։ Աղմուկով ու կատակներով անցան մօտէս։ Երբ քիչ մը հեռացան, գլուխս վեր առի. ճիշդ նոյն վայրկեանին տեսայ, թէ Գոհարը, միւսներէն ետ մնացած, գլուխը դարձուց եւ ակնարկ մը նետեց դէպի իմ կողմս։ Աներեւակայելի էր յուզումս. աչքերս արցունքով կը լեցուէին։ Նայուածքս վար չառի, ու քանի մը երկվայրկեան տեւեց հոգեկան այդ հաղորդակցութիւնը։ Ան ալ տխուր էր... տարօրինակ բան...։

*

Վերադարձէն ժամ մը առաջ, երբ աննպատակ կը քալէի՝ երազանքի անձնատուր, տեսայ թէ սրճարանին շուրջը ահագին խումբ մը կազմուեր էր։ Բոլոր տղաքը, բոլոր աղջիկները, նոյնիսկ էշ նստողները, դէպի այդ կեդրոնական խումբը կը շտապէին։ Ես ալ գացի։ Ամէն ոք, պզտիկ պնակ մը ձեռքը, պաղպաղակ կը ճաշակէր։ Մարմինիս վրայ զգացի ցուրտ բան մը, որուն պատճառը պաղպաղակին տեսքը չէր, այլ... պիւճէս։ Պաղպաղակ լեցնող ալպանացին համաչափ կը լեցնէր պնակները, եւ իւրաքանչիւր տղայ մէկ դահեկան կը վճարէր։ Բոլոր գրպաններս հետազօտեցի, գիւտ մը ընելու յոյսով, բայց ի զուր։ Հեռանա՞լ խումբէն՝ առանց բան կերած ըլլալու. ատկէ աւելի ծիծաղելի չէի կրնար ըլլալ։ Ինծի այնպէս կու գար թէ բոլորը, մասնաւորաբար աղջիկները, մանաւանդ ԱՆ՝ մէկ աչքով ինծի կը նայէին։ Քաջութիւնս ժողվեցի եւ քսաննոցս երկարելով մարդուն ըսի որ այդչափ միայն կ՚ուզէի ուտել։ Յետոյ մեկուսի տեղ մը գացի։

Դեռ երկու գդալ չէի առած, երբ մեղմ ձայն մը հնչեց քովէս։ Վեր առի գլուխս ու մնացի ապշած։ Ձախ ձեռքովս պնակը բռնած, իսկ աջով՝ զգալը պաղպաղակին խորը մխրճած, տխմարի արտայայտութիւնով մը կեցած անոր կը նայէի, առանց գիտնալու ընելիքս։ Ժպտելու ձեւէն յայտնի էր թէ բան մը ըսած էր ինծի ու պատասխանի կը սպասէր։

Ձայնէս սարսափելով հարցուցի.

-Կը ներէք, ի՞նչ ըսիք։

-Ոչինչ, - ժպտեցաւ ան։ - Բան մը չըսի։ Ինչու՞ չէք ուտեր ձեր պաղպաղակը։

Յոգնակի կը խօսէր ան, իսկ իմ հոգիս տակաւ կը լուսաւորուէր։

-Անհանգիստ եմ. կը խորհիմ թէ անխոհեմութիւն պիտի ըլլայ ամբողջը ուտել - ըսի թոթովելով։

-Իրաւ՝ գունատած էք, երանի թէ պտոյտի չգայիք։

-Բայց...

Չկրցայ աւարտել. նոյնիսկ մտածումս կեցուցի, վախնալով թէ իր սեւ աչքերը կարող էին մտքիս մէջ թափանցել։ Պնակս շրջեցի անփոյթ շարժումով մը եւ գացի զայն ալպանացիին յանձնելու։ Երբ վերադարձայ, ան հեռացեր էր։

Վերադարձին, սարսափելի իրարանցում ու ժխոր եղաւ շոգենաւին մէջ։ Հրեայ դպրոցականներու խումբ մը, որ դիմացի եզերքը պտոյտի գացեր էր, միեւնոյն շոգենաւով կը վերադառնար։ Մեծ ճիգով կրցանք ներս մտնել։ Բոլոր հանգստաւէտ տեղերը նախապէս անոնց կողմէ գրաւուած էին, անանկ որ մենք ստիպուեցանք ասդին անդին ցրուիլ։ Ոտքի վրայ, կարգապահութիւն բառը բոլորովին մոռցուած էր աշակերտներուն կողմէ։ Խեղճ Պրն. Յովակիմեանը ի զուր ճիգեր կ՚ընէր, կաս կարմիր եղած, առանց կարենալ ձգելու իր ակնոցին վրայ ունեցած մենամոլութիւնը։ Աղջիկ մանչ իրարու խառնուած էին, անվերջանալի յորձանք մը ստեղծելով դէպի առաջ ու դէպի ետ։

Մեքենաներու սրահին քով տեղ մը կեցած էի ես ու մեքենաներու շարժումը դիտելով անդադար կը մտածէի. - «Որչափ ծիծաղելի էր դիրքս քիչ առաջ»։

Վայրկեան մը՝ մեքենաներուն եւ աշակերտներուն ժխորը տեսակ մը թմրութեան մէջ ձգեց զիս։

(Յապաւուած)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2025