Չորեքշաբթի 12, Մարտ 2025
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Հնդկաստան, ուր մասնակցեցաւ «Aero India» պաշտպանական ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Հնդկաստանի ռազմաօդային ուժերու «Ելահանքա» ռազմախարիսխին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սուրէն Պապիկեան զրոյց մըն ալ ունեցաւ Հնդկաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Անիլ Չաուհանի հետ։
Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025