ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտներէն Ռոպին Քարապուլութ, Էլիֆ Քոչաք եւ Սեսիլիա Մենթեշէ անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցան «Հիսար» վարժարաններու ցանցին կողմէ կազմակերպուած՝ JMUN-ի համաժողովին։ Բարդ քաղաքական բեւեռացման եւ ծայրայեղութիւններու ժամանակաշրջանին ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան համար շինիչ երկխօսութեան խրախուսման հետամուտ այս հաւաքոյթին յիշեալ երեք աշակերտները եղան Նեփալի պայմանական ներկայացուցիչները՝ իրաւաբանութեան եւ քաղաքականութեան յանձնաժողովներու, մարդու իրաւանց խորհուրդի մէջ։ Աշակերտները պատրաստուած էին վարժարանի անգլերէնի ուսուցչուհի Մելիսա Ինկիլիզօղլուի հսկողութեան ներքեւ։

Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերինն ալ հետեւեցաւ համաժողովին, որ հետաքրքրական փորձառութիւն մը եղաւ մասնակից աշակերտներուն տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025