ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ՝ Արհեստական բանականութեան գործառոյթներուն վերաբերեալ միջազգային գագաթաժողովին, որ Մեծ պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Բաց աստի, Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ նախագահ Մաքրոնի կողմէ՝ գագաթաժողովի մասնակից պաշտօնական հիւրերուն համար Էլիզէի պալատէն ներս սարքուած ընթրիքին, որու ընթացքին զրուցեց շարք մը մասնակիցներու հետ. օրինակ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի եւ այլն։
Փարիզի մէջ Փաշինեան Էլիզէի պալատէն ներս ընդունուեցաւ նաեւ Մաքրոնի կողմէ։ Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը։ Վարչապետը ընդգծեց, որ Երեւան հաւատարիմ կը մնայ խաղաղութեան օրակարգին։ Փաշինեան-Մաքրոն հանդիպման առթիւ ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները հասած են նոր մակարդակի մը։