ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի բացման հարցին շուրջ ներկայ պահուն որեւէ զարգացում չկայ եւ եթէ ըլլայ ապա կը տեղեկացուի։

Աւելի առաջ հայկական լրահոսին մէջ շրջանառած էին կարգ մը պնդումներ, ըստ որոնց, Թուրքիա-Հայաստան սահմանի Մարգարայի անցակէտը պիտի բացուէր մարտի 1-ի դրութեամբ ու պիտի վերահսկուէր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ուժերուն կողմէ։

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս տեղեկութիւններու լոյսին տակ պարզաբանման համար դիմած է Անի Բադալեանին, որ հերքած է այդ պնդումները։

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025