ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՀԵՔԻԱԹԸ

Ձմեռնային հեքիաթ է Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ։ Ուշացած ձիւնը խորհրդաւոր պատկերներով լեցուցած է բնութեան հեռաւոր անկիւնները՝ գեղեցկութենէն զատ իր հետ բերելով նաեւ դժուարութիւններ։ Բայց ձիւնը օրհնենք է եւ գիւղացիները, որքան ալ դժգոհին անոր բերած անհաճոյութենէն՝ նոյնքան լաւ գիտեն թաց ձմեռուայ արժէքը։ 

Առատ ձիւնը սիրելի է մանաւանդ ձմեռնային զբօսաշրջութեան սիրահարներուն համար։ Ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ իբրեւ զբօսաշրջիկ կարելի է վայելել տարուայ բոլոր եղանակները, բայց, մանաւանդ ձմեռնային զբօսաշրջիկութիւնը տարիէ տարի աւելի գրաւիչ կը դառնայ մեր երկրին մէջ եւ, ըստ վիճակագրութեան՝ յատկապէս արաբական երկիրներէն եկած զբօսաշրջիկներն են, որոնք հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ձմեռնային զուարճալիքներով։ Նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք Հայաստան գալով՝ առաջին անգամ ձիւնը հոս կը տեսնեն։ Նաեւ՝ ռուսաստանցիները աւանդաբար այս շրջանին լեցուած են Հայաստանի հանգստավայրերը։ Հետզհետէ կ՚աւելնան նաեւ այն տեղացիներուն թիւը, որոնք ներքին զբօսաշրջութիւնը կը վայելեն նախ իբրեւ հայրենիքը ճանչնալու միջոց՝ հետապնդելով նաեւ տեղական ոլորտին նպաստ մը բերած ըլլալու նպատակը։

Զբօսաշրջիկները սովորաբար այս շրջանին կը տարուին ձմեռնային մարզաձեւերով, ինչպէս նաեւ այն ծառայութիւններով, որոնք այդ վայրերու մէջ կ՚առաջարկուին՝ ճոպանուղիներ, արկածային արշաւներ, բնութեան մէջ մատուցուող տաք ըմպելիքներ եւ արագ պատառներ, բացօթեայ երաժշտութիւն, տաքուկ լողաւազաններ եւ այլն․․․ Իրապէս արկածային է՝ օդին մէջ չուանէ կախուած կառքին մէջ նայիլ ճերմակ դաշտերուն՝ ափերուն մէջ բռնած տաք տուրմային ըմպելիքը կամ խոտերով թէյը։ 

Հայաստանի մէջ կայ գոնէ հինգ վայր, ուր ձմեռնային զբօսաշրջութիւնը զարգացած է եւ այս պահուն աշխոյժ անցուդարձ կայ։

Բացի Ծաղկաձորէն (Կոտայքի մարզ), Լաստիվերէն (Տաւուշի մարզ), այս օրերուն լեցուն են նաեւ Ջերմուկի (Վայոց ձորի մարզ) եւ Եղիպատրուշի (Արագածոտնի մարզ) զբօսաշրջութեան կեդրոնները, ուր ներդրուած են ժամանակակից լեռնադահուկային համալիրներ, ձմեռնային հանգիստի եւ զուարճանքի բոլոր պայմանները։

Հայաստանի ձմեռնային զբօսաշրջութեան համար մէկ այլ վայր է Արփի լիճի տարածքը, որ վերջին տարիներուն մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ ձմեռնային զբօսաշրջիկներու սիրահարներու համար։ Բոլորը չէ, որ ունին այդ համարձակութիւնը՝ մայրաքաղաքէն բաւական հեռանալու եւ յայտնուելու Հայաստանի ամենապաղ վայրին մէջ՝ Արփի ազգային պուրակի տարածքին, ուր նոյնիսկ ամրան այնքան պաղ է, որ առանց տաքուկ հագուստներու դժուար է դիմանալ այդ եղանակին։ Բայց կան, այնուամենայնիւ, զբօսաշրջիկներ, որոնք ձիւնոտ եւ դժուարանցելի ճանապարհներ յաղթահարելով, ամայի վայրեր կտրելով կը հասնին Հայաստանի հիւսիսային այդ վայրը, որ նաեւ սահման է Վրաստանի հետ, ուր կը վայելեն Արփի լիճի եւ անոր շուրջ գտնուող բնութեան վայրի գեղեցկութիւնը։ Հոս յարմարեցուած սահադաշտեր եւ զուարճանքի վայրեր չկան, կայ միայն բնութիւնը՝ իր կուսական վիճակի մէջ՝ քաղաքակրթական նուաճումներէն հեռու, լռութեան եւ խորհրդաւորութեան քօղի ներքոյ։ Տարածքին կան պանդոկներ, որոնք կը հիւրընկալեն խիստ ձմեռուայ սիրահար զբօսաշրջիկները։ 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԿՏԻԿԸ

Ձմրան Արփի լիճը կը պատուի սառոյցի հաստ շերտով, բնութիւնը կը թաղուի ձիւնի մարդահասակ կոյտերու տակ։ Այս տարածքը իրաւամբ կը կոչեն «Հայկական Արկտիկ»։ Արկտիկը («արջ» նշանակութեամբ, «Մեծ Արջ» համաստեղութեան անուանումէն) երկրի միացեալ ֆիզիքա-աշխարհագրական շրջանն է, որ կից է Հիւսիսային բեւեռին եւ կը ներառէ Եւրոսիան, Հիւսիսային Ամերիկան, գրեթէ ամբողջ Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսը իր կղզիներուն հետ (առանց Նորվեկիայի մերձափնեայ մասերու) եւ նաեւ Ատլանտեան եւ Խաղաղական ովկիանոսներու մօտակայքը գտնուող երկրամասերը։ Հակառակ խիստ պայմաններուն՝ Արկտիկի մէջ կեանք կայ։ Եւ հակառակ Արփի լիճի տարածքի սաստիկ պայմաններուն, նոյնպէս հոն կեանք կայ։ Լիճի ափին կը գտնուի Պաղակն անունով բնակավայրը, ուր արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ամենացած ջերմաստիճանը՝ -46: Զայն ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ողջ Կովկասի ամենապաղ վայրն է։ 

Կան նուիրեալներ, որոնք երբեք չեն լքեր մօտակայ գիւղերը, ձիւնը կը գոցէ բոլոր ճանապարհները, բայց, հատուկենտ մարդիկ կը մնան իրենց տուներուն մէջ։ Այդ վայրերու մարդոց հիմնական զբաղմունքը անասնապահութիւնն է, որ ձմրան կը տնտնայ, իսկ բնութեան արթննալուն պէս կեանք կ՚առնէ։ 

Արփի լիճը Հայաստանի հիւսիսային գեղեցկուհին է։ Մինչեւ 1950-ական թուականները այն փոքր լեռնային լիճ մըն էր, իսկ 1946 թուականէն 1951 թուականներուն լիճը արհեստականօրէն մեծցուած է՝ ջրային պաշարներու կուտակման նպատակով եւ այսօր զայն արհեստական ջրամբար մըն է։ Լիճին շուրջ պատնէշներ կառուցուելէ ետք, զայն դարձած է Հայաստանի՝ մեծութեամբ երկրորդ ջրային աւազանը՝ Սեւանէն ետք։ 

Հայաստանի անկախացման շրջանէն ետք լիճը բարձիթողի վիճակ մը ունէր, մանաւանդ՝ ձկնորսները հոն կ՚որսային հազուագիւտ ձկնատեսակներ, կը վնասէին բնական համակարգը, լիճը այլ վնասներ նոյնպէս կը կրէր, ահա ինչու 2009 թուականին, կառավարութեան որոշմամբ ստեղծուեցաւ «Արփի լիճ» ազգային պուրակը, որ բաւական մեծ տարածք կ՚ընդրգկէ եւ կը պահպանուի պետական միջոցներով, իբրեւ արգիլեալ գօտի։ Արգիլեալ գօտին կը հասնի մինչեւ վրացական տարածք եւ մաս մըն ալ կը պահպանուի վրացական կողմէն։ Այսպիսով խիստ պահպանութեան տակ առնուած է Ջաւախք-Շիրակ բարձրաւանդակի ուրոյն կենսաբազմազանութիւնը։ Արփի լիճի տարածքին կը գտնուի հայկական որորի ամենամեծ գաղութը աշխարհի մէջ եւ գանգրափետուր հաւալուսնի միակ բնակավայրը Հայաստանի մէջ։ 

Հայկական որորը՝ այդ խոշոր ջրլող թռչունը, ունի անհետացման վիճակին մօտ գտնուող տեսակի կարգավիճակ եւ արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կարմիր գիրքին մէջ։ Թռչնաբանները նկատած են, որ հայկական որորը կը զատուի իր կտուցին ծայրի մասը առկայ կարմրաւուն բիծով, որ ձմրան ամիսներուն կրնայ դառնալ սեւ։ Որորները «ձկնորսներ» են, ձկնաքաղներ, որոնք եղանակին միջատի եւ ձուկի որս կը կատարեն լիճին մէջ եւ կը սնուին բնական միջավայրին համապատասխան։ Որորներ կան նաեւ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի լեռնային լիճերու մէջ, բայց, այս տեսակի ամենամեծ քանակը Արփի լիճին շուրջ է։ Այստեղ կարելի է հանդիպիլ նաեւ սեւ արագիլի, որ հազուագիւտ տեսակ մըն է։

Արփի լիճի տարածքը նաեւ գանգրափետուր հաւալուսնի միակ բնադրավայրն է Հայաստանի մէջ եւ Տարեւսկիի վահանագլուխ իժ օձի միակ բնակավայրը աշխարհին մէջ։ Տարեւսկիի իժը նոյնպէս արձանագրուած է Հայաստանի Կարմիր գիրքին մէջ՝ կեցած է վերացման վտանգի առջեւ։ Զայն ցուրտ ու խոնաւ տափաստանամարգագետնային բուսականութեամբ քարքարոտ կենսավայրերու բնակիչն է եւ թունաւոր է ինչպէս մարդոց, այնպէս ալ կենդանիներու համար, սակայն, իբրեւ Արփի լիճի տարածքի բնաշխարհիկ՝ զայն կը պահպանուի յատուկ գօտիներու մէջ։ Իբրեւ բնութեան օգնական՝ այս օձը կը կարգաւորէ միջատներու եւ կրծողներու թուաքանակը։

Արփի ազգային պուրակին մէջ կայ նաեւ կաթնասուններու երեսուն տեսակ, որոնց մէջ են եւրոպական ջրասամոյրը, խայտաքիսը եւ այլ կենդանիներ։

Քաջահաւը նոյնպէս Արփիի եզակի բնակիչներէն է, եգիպտահաւերու ընտանիքին պատկանող այդ թռչունն ալ անհետացող տեսակ է, նաեւ արձանագրուած է Բնութեան պահպանութեան միջազգային միութեան Կարմիր ցուցակին մէջ։ 

Արփի ազգային պուրակը հարուստ է նաեւ բուսատեսակներով․ հոս կան մօտաւորապէս 670 տեսակի բոյսեր (խոլորձ, թրաշուշան, հիրիկ, կակաչ, շուշան), որոնցմէ 25-ը ներառուած են Հայաստանի Կարմիր գիրքին մէջ։ Իսկ լիճի ջրահաւաք աւազանի մշակովի լանջերը կազմուած են հիմնականը հացահատիկի եւ վուշի դաշտերէ։ 

Ամէն տարի ամրան սկզբին «Արփի լիճ» ազգային պուրակին մէջ կը սկսի դեղին ջրաշուշանի (դեղին կոկոռ) ծաղկման շրջանը: Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը յատուկ միջոցառումով մը միշտ կը հրաւիրէ բնասէրները՝ հիանալու բնութեան այդ հրաշալի տեսարանով՝ առանց դպչելու։ Դեղին ջրաշուշանը նոյնպէս Հայաստանի Կարմիր գիրքին մէջ ներառուած ծաղիկ մըն է, որ կը գործածուի իբրեւ դեղաբոյս, սակայն հայ բնապահպանները չեն քաղեր զայն, կը պահպանեն իբրեւ անհետացող տեսակ։ Արփի լիճի գեղեցկութիւնը, ինչ խօսք, նաեւ կանաչ եղեւնիներն են, որոնք կը շրջապատեն լիճը ամբողջ երկայնքով։ 

Շուտով գարուն կու գայ եւ Արփի լիճի տարածքը կը լեցուի աւելի շատ զբօսաշրջիկներով։ Լիճի արեւելեան մասը կը գտնուի Արփի լեռը, որ ունի 2200 մեթր բարձրութիւն։ Զայն զբօսաշրջիկներու սիրելի լեռներէն է, անոնց երթուղին շրջանային է, կը սկսի ազգային պուրակի գլխաւոր մուտքի կողմէն՝ լիճի մօտէն։ Արշաւի առաջին մասը կ՚անցնի անտառի միջով, այնուհետեւ բնութիւնը կը փոխուի մարգագետնի՝ մինչեւ լերան գագաթ։ Գագաթէն կ՚երեւին Արփին՝ իր ամբողջ գեղեցկութեամբ, Ջաւախքի ու Եղնախաղի լեռները՝ ողջ վեհութեամբ։ Լերան վերելքին կը յաջորդէ թեթեւ քայլարշաւը՝ լիճի երկայնքով ուղղորդութեամբ ճերմակ որորներու, որոնք տագնապած կը սաւառնին Արփի լիճի վրայէն։ Բայց այդ վայր այցելող զբօսաշրջիկները գիտեն, որ երբեք պէտք չէ խրտնեցնել որորները, նաեւ որորներու խումբերը նկատելով՝ կը դանդաղին․․․ 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՐՈՐԸ՝ 2025 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԹՌՉՆԱՏԵՍԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ

NABU-ն՝ գերմանական բնապահպանական հասարակական կազմակերպութիւնը կը զբաղի Գերմանիոյ եւ արտերկրի մէջ բնութեան պահպանութեան յատուկ խնդիրներով. ինչպէս՝ գետերու, ծովերու, անտառներու կամ կենդանիներու որոշ տեսակներու պաշտպանութիւնը: Հայաստանի մէջ նոյնպէս այս կազմակերպութիւնը ծրագիրներ կ՚իրականացնէ եւ «Տարուայ թռչուն 2025» բնապահպանական կրթական արշաւի քուէարկութեան արդիւնքին հայկական որորը ընտրած է որպէս 2025 թուականի խորհրդանիշ թռչնատեսակ։ Այս նախաձեռնութիւնը նաեւ կարեւոր քայլ մըն է Հայաստանի մէջ բնապահպանութեան եւ թռչուններու մասին իրազեկուածութեան բարձրացման ուղղութեամբ։ Հայկական որորը, որ յաճախ կը շփոթեն այլ տեսակներու հետ, իր ներկայութեամբ եւ գեղեցկութեամբ արժանի է յատուկ ուշադրութեան։

«Տարուայ թռչուն» արշաւի քուէարկութեան ժամանակ երկրորդ տեղը զբաղեցուցած է թխակապոյտ աղաւնին, որ նոյնպէս սիրելի թռչուն է թռչնասէրներու շրջանակին մէջ։ Երրորդ հորիզոնականին վրայ է սապսանը՝ բազէներու կարգի գիշատիչ թռչունը, որ յայտնի է որպէս աշխարհի ամենաարագ թռչուններէն մէկը։ Կանաչ մեղուակերը եւ ոսկեսարեակը նոյնպէս ընդգրկուած են հնգեակի մէջ՝ վայելելով քուէարկողներուն համակրանքը։

Ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ «Տարուայ թռչուն» արշաւը, որ ո՛չ միայն կը նպաստէ հասարակութեան բնապահպանական կրթուածութեան մակարդակի բարձրացման, այլեւ կ՚ընդգծէ թռչնատեսակներու դերի կարեւորութիւնը Հայաստանի բնութեան պահպանման գործին մէջ։ Նման նախաձեռնութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին թռչուններու կենսամիջավայրի պահպանման եւ բնապահպանական արժէքներու ամրապնդման համար։

ՇՈՒՏՈՎ ԳԱՐՈՒՆ ԿՈՒ ԳԱՅ․․․

Շուտով գարուն կու գայ եւ չքնաղ Հայաստանի մէջ կը ծաղկի գարնան աւետաբերը՝ ծիրանենին։ Այնուհետեւ կը ծաղկին բալենին, խնձորենին, միւս ծառերը եւ բնութիւնը կը լեցուի մեղուներու, միջատներու բզզոցով, կեանքը կ՚արթննայ ձմրան յուլութենէն․․․ Մայիսեան վարդը իր բուրմունքը կը տարածէ ամէնուր եւ կը յիշեցնէ գարնան լիիրաւ գալուստի մասին։ 

Շուտով գարուն կու գայ չքնաղ Հայաստանի մէջ եւ կու գայ գարունը՝ անկախ իշխանութիւններէն, անկախ քաղաքական դաւադրութիւններէն, անկախ ամէն ինչէ․․ 

Ամէն անախորժութիւն անցողիկ է եւ միայն բնութիւնն է մնայուն ու վեհ եւ Հայաստանն է վսեմ ու մշտատեւ, որոնց արժէքը պէտք է գիտակցինք լիովին եւ պահենք աչքի լոյսի պէս։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2025