ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԹԵՒԵԿ
Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Պաքու կատարած պաշտօնական այցելութենէն վերջ այսօր աշխատանքային այցելութիւնով մը արդէն ուղեւորուած է դէպի Սոչի, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ Սէրկէյ Լաւրով կը քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը, յառաջիկային նախատեսուած բարձր մակարդակի այցելութիւններու նախապատրաստութիւններով հանդերձ։ Բաց աստի, Սուրիոյ գլխաւորութեամբ, Սինիրլիօղլու եւ Լաւրով կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան այն տարածքաշրջանային եւ միջազգային հարցերուն շուրջ, որոնք կը զբաղեցնեն ռուս-թրքական համատեղ օրակարգը։
Մինչ այդ, Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ APA գործակալութեան հաղորդումներով, Սինիրլիօղլու Պաքուի մէջ յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ամենամեծ խնդիրն է տարածքաշրջանի անվտանգութեան եւ զարգացման տեսանկիւնէն։ Ան համոզուած է, թէ հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներէն ներս։ Ըստ Սինիրլիօղլուի, Թուրքիա մտադիր է շարունակելու իր ջանքերը այս ուղղութեամբ։ Հիմնախնդրի այս լուծումը պիտի ծառայէ տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի բնականոնացման։ «Մենք կը փափաքինք, որ սա հասկնան նաեւ միւս երկիրները եւ միջազգային հանրութիւնը», յայտնեց նախարարը։
Պաքուի պաշտօնական շփումներուն շրջագծով Սինիրլիօղլու դիտել տուաւ նաեւ, թէ թրքական կողմը կը հետեւի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը քննադատէ անոր գործունէութիւնը եւ կամ հաւանութիւն կու տայ անոր նկատմամբ։ «Պէտք է հրաժարիլ քայլերէ, որոնք կրնան տեղի տալ իրավիճակի վատթարացման։ Վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իբր թէ ընտրութիւնները սխալ եւ սադրիչ քայլ մըն էին ու մենք կը դատապարտենք զայն», ըսաւ Սինիրլիօղլու։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, թէ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հիմքին կը գտնուին եղբայրութեան զգացումները։ Ան գոհունակութեամբ ընդգծեց, թէ այդ հիման վրայ ստեղծուած են առանձնայատուկ յարաբերութիւններ։ Երկկողմանի համագործակցութիւնը կը զարգանայ բոլոր ուղղութիւններով ու կու տայ դրական արդիւնքներ։ Ըստ Ալիեւի, Թուրքիա միշտ Ատրպէյճանի կողքին է՝ բոլոր հարցերու պարագային։ Ան նշեց, թէ Սինիրլիօղլուի Պաքու այցելութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ քննարկելու թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը եւ թէ տարածքաշրջանային խնդիրները։
Իր կարգին, Սինիրլիօղլուն ալ նշեց, թէ հպարտ է Ատրպէյճան այցելելով՝ որպէս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար։ Ան Ալիեւին փոխանցեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի ողջոյնները։ Նախարարը ըսաւ, թէ ձեւաւորուած է դրական աւանդութիւն մը, որով Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարները իրենց առաջին արտասահմանեան այցելութիւնները կ՚իրականացնեն դէպի Ատրպէյճան եւ փոխադարձաբար։ Սինիրլիօղլու ընդգծեց նաեւ, թէ Ատրպէյճան բացառիկ զարգացում մը ապրած է իր անկախութեան յաջորդած քսաներեք տարիներուն ընթացքին։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացին շրջագծով յառաջիկայ շրջանին պիտի վերակենդանանայ դիւանագիտական երթեւեկը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ծրագրեն այս աշնան այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Միջնորդները միեւնոյն ժամանակ կը սպասեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերի 24-25-ին, Նիւ Եորքի մէջ։ Այս թուականը երէկ հրապարակուեցաւ Մամէտեարովի կողմէ, որ տեղեկացուց, թէ համանախագահները նախ առանձին առանձին հանդիպումներ պիտի ունենան նախարարներուն հետ, իսկ աւելի վերջ տեղի պիտի ունենայ համատեղ տեսակցութիւն։ «Վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերը։ Կը յուսամ, որ այս խնդրին վերաբերեալ յառաջիկայ հանդիպման ընթացքին կը հասնինք արդիւնքի մը», ըսաւ ազէրի նախարարը։
Նալպանտեան-Մամէտեարով մօտալուտ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերեալ հարցեր։
Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով, միջնորդներու յառաջիկայ տարածքաշրջանային այցելութեան ժամանակացոյցը տակաւին յայտնի չէ։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար անհրաժեշտ են ամենաբարձր մակարդակի վրայ մշակուած նոր պարտաւորութիւններ։
Հարկ է նշել, որ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը նախատեսուած է Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման հանգրուանին շրջագծով։ Ազէրի նախարարը Նալպանտեանի հետ նոր տեսակցութեան թուականը հրապարակելու ժամանակ մատնանշեց նաեւ, թէ վերջին շրջանին այս հարցին շուրջ Մոսկուա ամրապնդած է իր դիւանագիտութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար ՍԷրկէյ Լաւրով այցելած է Պաքու, իսկ ինք՝ Մոսկուա։ «Սակայն արդիւնքներու հասնելու համար մենք պէտք է աշխատինք։ Պէտք է քննարկենք որոշ հարցեր։ Ռուսաստան կը շարունակէ սատարել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին։ Պիտի փորձենք արդիւնքներու հասնիլ, սակայն դժուար է նախօրօք որեւէ բանի մասին խօսիլ», ըսաւ Մամէտեարով։ Հարկ է նշել, որ ազէրի նախարարը այս յայտարարութիւնները ըրած է իր թուրք պաշտօնակցին՝ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ վարած վերջին բանակցութիւնները ամփոփելու ընթացքին, իսկ Սինիրլիօղլուն այսօր Սոչիի մէջ կը տեսակցի Սէրկէյ Լաւրովի հետ։
Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, թէ Մոսկուա ամենայն պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն ներս իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն։ «Կը յուսանք, որ Ռուսաստանի զանազան երկիրներու հետ տարաձայնութիւնները, որոնք դժբախտաբար կը ծագին ոչ մեր պատճառով, չ՚անդրադառնար Մինսքեան խմբակի աշխատանքներուն վրայ։ Մեր կողմէ չի կրնար ըլլալ որեւէ խոչընդոտ, կամ խնդիր։ Մենք այս ձեւաչափին մասնակից ենք եւ մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենանք մեր պարտականութիւններուն, որովհետեւ կը հասկնանք, թէ որքան լուրջ է այն խնդիրը, որ կը գտնուի այդ խումբի օրակարգին վրայ», ըսաւ Զախարովա։
Միւս կողմէ, Հայաստանի լրատուամիջոցները վերջին օրերուն տեղեկացուցին, թէ Ատրպէյճան Հայաստանի սահմանակից Տաւուշի մարզի հանդիպակաց հատուածէն ներս կարգ մը գիւղերու սահմանին վրայ կը կառուցէ ռազմավարական նշանակութեամբ ճանապարհ մը։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ օգտագործուող այդ ճանապարհը եւ համապատասխան աշխատանքները չեն սպրդած հայկական կողմին ուշադրութենէն։ Այդ հողածածկ ճանապարհը կը փորուի Ատրպէյճանի դիրքերէն առաջ։ Ըստ մասնագէտներու, մտահոգութիւն յառաջացած է, որ այդ ճանապարհին միջոցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կրնան ծանր սարքաւորումներ փոխադրել եւ հետագային ռմբակոծել Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղին, որ մաս կը կազմէ Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհին։