ՊԵՐԼԻՆ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ մասնակցեցաւ Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովին, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։ Այս վերջինը նշեց, որ Պերլին պատրաստ է շարունակել աջակցութիւնը՝ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Երեւանի քայլերուն։ Փաշինեան եւ Շոյց կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ։

Միւնիխի երկկողմանի հանդիպումներու ծիրէն ներս Փաշինեան տեսակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ։ Զրուցակիցները կարեւորեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը, որու յաջողութիւնը էական դեր կ՚ունենայ տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Ընդհանուր քարտուղարը վերահաստատեց ԵԱՀԿ-ի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն։ Սինիրլիօղլու տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որ հերթական անգամ պահանջեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարումը։ 

Հարկ է նշել, որ Միւնիխի մէջ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան անդրադարձան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ։

 

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2025