ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Փարիզի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան արտահերթ գագաթաժողով մը, որու ընթացքին արծարծուեցան Եւրոմիութեան մտահոգութիւնները՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին եւ այդ կապակցութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր դիրքորոշման վերաբերեալ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի տանտիրութեամբ, Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ այս գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցան Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոյց, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ, Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք, Հոլանտայի վարչապետ Տիք Շոֆ, Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսէն, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիա Քոստա, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ։

Գագաթաժողովէն անմիջապէս առաջ Էմմանիւէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

ԱՄՆ-Ռուսաստան առանցքին վրայ դիւանագիտական շփումները խտացած են՝ Ուքրայնայէ ներս խաղաղութեան հաստատման առաջադրութեան։ Այս շրջանին Եւրոպայի պետութիւնները հանդէս կու գան այն մեկնակէտէն, թէ Ուքրայնայի մէջ չի կրնար խաղաղութիւն հաստատուիլ՝ առանց Եւրոպայի։ Եւրոմիութեան այս շրջանին յառաջ քշած տեսակէտներէն մին ալ այն է, որ Ուքրայնայի ղեկավարութիւնն ալ պէտք չէ դուրս մնայ բանակցութիւններէն։

Օլաֆ Շոյց երէկուան բանակցութիւններէն վերջ յայտնեց, որ խաղաղութեան պահ մը գոյութիւն չունի։ «Պատերազմի մը ճիշդ մէջտեղն ենք», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Ճիորճիա Մելոնի դժգոհութիւն յայտնեց, երէկ Փարիզի մէջ ծաւալուած խորհրդակցութիւններէն։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի ԱՄՆ-ի հետ միասին աշխատանք տարուի Ուքրայնայի մէջ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ, այլ ոչ թէ հակադրուիլ անոր։

Միւս կողմէ, Եւրոյանձնաժողովը ամբողջ կազմով Քիեւ պիտի այցելէ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի երրորդ տարելիցին բերումով։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2025