ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԻԴՐԱՑԻՈՒԹԻՒՆ

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը, որ մասնակցեցաւ Թեհրանի մէջ կազմակերպուած Կասպեան տնտեսական ֆորումին։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւս ներկայ էր այս հաւաքին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փեզեշքիան-Ասատով զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան՝ բարեկամութեան եւ բարիդրացիութեան սկզբունքներու հիման վրայ Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու զարգացման շուրջ։ Կողմերը քննարկեցին փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը նոր բովանդակութեամբ հարստացնելու վերաբերեալ հարցեր։

Նախագահն ու վարչապետը մասնաւորապէս անդրադարձան փոխադրութեան, ուժանիւթի՝ յատկապէս նաւթի ու կազի բնագաւառներէ ներս Թեհրան-Պաքու նախագծերու իրականացման վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ Կասպեան տնտեսական ֆորումի երրորդ հաւաքի կազմակերպման կարեւորութիւնը։ Ալի Ասատով ընդգծեց, որ Ատրպէյճան Կասպից ծովը կը դիտարկէ՝ որպէս խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան մեծ աւազան։

Տարածաշրջանային իրադարձութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, զանազան քաղաքական մեկնաբաններ միջոցէ մը ի վեր կը մատնանշեն, որ Ատրպէյճան կը փորձէ Իրանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել՝ Հայաստանի վերաբերեալ ակնկալութիւնները իրականացնելու նպատակով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2025