ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով համաձայնեցան, որպէսզի խորհրդատուական դրութիւն մը ստեղծուի երկու երկիրներուն միջեւ։ Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ, Ռիատի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուպիոյի եւ Լաւրովի կողմէ գլխաւորուած բանակցութիւնները, որոնց աւարտին կողմերը արդէն կը խօսին Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւններու բարելաւման մասին։ Անոնք հաստատեցին նաեւ նախագահներ Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպման նախապատրաստութիւնները շարունակելու մտադրութիւնը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ԱՄՆ եւ Ռուսաստան ներկայացուցիչներու յատուկ խումբեր պաշտօնի պիտի կոչեն՝ Ուքրայնայի հարցով իրարու հետ աշխատելու համար։
Երէկուան բանակցութիւններու լոյսին տակ Տանըլտ Թրամփ չբացառեց Վլատիմիր Փութինի հետ հաւանական հանդիպումը արդէն մինչեւ ամսավերջ։ Միեւնոյն ժամանակ, Թրամփ կոչ ուղղեց, որպէսզի Ուքրայնայի մէջ ընտրութիւն տեղի ունենայ։ Իր խօսքով՝ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի վարկանիշը բաւական ցած է։ Թրամփ յիշեցուց, որ ընտրութիւն տեղի չէ ունեցած երկրին մէջ, ուր ռազմական դրութիւն յայտարարուած է։ Թրամփի խօսքով՝ եթէ Քիեւ կ՚ուզէ ըլլալ բանակցային սեղանի շուրջ, ապա Ուքրայնայի ժողովուրդը գուցէ պէտք է ըսէր, որ երկար ժամանակէ ի վեր ընտրութիւն տեղի չէ ունեցած։ Հաշուի առնելով, որ Փութինն ալ անհնար կը նկատէ Զելենսքիի հետ համաձայնագրի մը ստորագրումը՝ Թրամփ ընդգծեց, թէ սա ռուսական բան մը չէ, սա իր եւ այլ շատ մը երկիրներու կարծիքն է։
Միւս կողմէ, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն երէկ պատրաստակամութիւն յայտնեց, Ուքրայնայի հարցով ԱՄՆ-ի հետ աշխատելու ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովն ալ յայտարարեց, որ Ուքրայնայի մէջ կարգաւորումը անհնար է՝ առանց Եւրոպայի անվտանգութիւնը քննարկելու։
Միջազգային վերլուծութիւններու մէջ աչքի կը զարնեն կարծիքներ, ըստ որոնց՝ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման համար։