ՏԸ ՎԱԱԼ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԱՌԱՐԿԱՅ ՉԻ ԴԱՐՁՆԵՐ ՍԻՒՆԻՔԸ»

«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղը արդէն կորսնցուցած Հայաստան առեւտուրի առարկայ չի դարձներ Սիւնիքը։

Տը Վաալ, որ Կովկասի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի գծով յառաջատար մասնագէտ կը համարուի, վերջերս «Քարնեկի» հիմնարկի պատուիրակութեան հետ այցելած էր Երեւան, ուր տեսակցած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Այդ այցելութենէն կարճ ժամանակ անց ան հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիոկայանէն Հրայր Թամրազեանին։ Թոմաս տը Վաալ, որ մեկնաբանեց տարածաշրջանի իրադրութիւնը՝ մասնաւորապէս Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կացութիւնը, հանդէս եկաւ ուշագրաւ խորհրդածութիւններով, որոնք հայկական լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտան։

«Ատրպէյճանի համար մեծ ռազմական գործողութեան մը անցնիլը շատ բարձր ռիսք մը կ՚ըլլայ։ Աւելի հաւանական բեմագրութիւնը այն է, որ Ատրպէյճան կը սպառնայ ուժ կիրառելով ու կը ձեռնարկէ փոքր ծաւալով ռազմական գործողութեան», համոզուած է Թոմաս տը Վաալ՝ յատկապէս հաշուի առնելով Պաքուի ակրեսիւ հռետորաբանութիւնը եւ «Զանգեզուրի միջանցք»ը բանալու համար ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկելու հաւանականութիւնը։

Թոմաս տը Վաալ անդրադարձաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան կողմէ վերջերս գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու, ըստ որոնց՝ 1990-ականներու վերջաւորութեան, շրջանի ղեկավարները՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Հայտար Ալիեւ գլուխ-գլուխի, առանց միջնորդի հանդիպման ժամանակ համաձայնութեան հասած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծել տարածքներու փոխանակմամբ, այսինքն՝ Մեղրին Ղարաբաղի փոխարէն տարբերակով։ Թէեւ այդ բանակցութիւնները այդպէս ալ չեն աւարտած որեւէ փաստաթուղթի ստորագրմամբ։

Թէ ինչպէ՞ս այս բացայայտումը կրնայ ազդել տարածքային զիջումներու շուրջ առկայ խօսակցութիւններու վրայ… Թոմաս տը Վաալ ի պատասխան ըսաւ. «Հայաստան արդէն կորսնցուցած է Ղարաբաղը, ուստի Սունիքը առեւտուրի առարկայ չի դարձներ»։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2025