ՓԵՐՄԵԱՔՈՎԻ ՓՈՐՁԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կիւմ­րիի մէջ տա­րե­մու­տին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին եօթ ան­դամ­նե­րը սպան­նած ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­հո­գե­բա­նա­կան եւ դա­տա­հո­գե­բու­ժա­կան հա­մա­լիր փոր­ձաքն­նու­թիւ­նը ե­րէկ սկսաւ՝ քա­ղա­քին մէջ խարս­խուած Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մա­կա­յա­նէն ներս։ Ե­րէկ ի­րա­կա­նա­ցուած քննու­թեան ա­ռա­ջին մա­սը տե­ւեց շուրջ ե­րեք ժամ։ Հայ մաս­նա­գէտ­նե­րը փոր­ձաքն­նու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նի տա­րած­քէն ներս։ Ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ի­րա­ւա­յա­ջորդ­նե­րու փաս­տա­բան­նե­րը։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, փաս­տա­բան­նե­րը ձեռն­պահ մնա­ցին մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս գա­լէ՝ մին­չեւ մաս­նա­գի­տա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան ամ­բող­ջա­ցու­մը։ Ա­նոնք միայն ը­սին, թէ յա­ջո­ղած են էա­կան տուեալ­ներ ստա­նալ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ներ­կայ դրու­թեամբ կը դժուա­րա­նան յստակ ժամ­կէտ մը նշել՝ Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­վա­րու­թեան սկիզ­բին հա­մար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015