ԷՐՏՈՂԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՕԼԱՆՏԻ ՀԵՏ

Հան­րա­պե­տու­թեան նախա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այս օ­րե­րուն ի­րե­րա­յա­ջորդ շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ եւ­րո­պա­կան յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Այս­պէս, ան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հետ։ Ինչ­պէս օր մը ա­ռաջ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան անդ­րա­դար­ձած էր Սու­րիա­յէն ար­տա­գաղ­թած­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն՝ Օ­լան­տի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին եւս Էր­տո­ղան անդ­րա­դար­ձաւ նոյն խնդրին, շօ­շա­փե­լով նաեւ ա­պօ­րի­նի գաղ­թին վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։

Էր­տո­ղան ֆրան­սա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Իս­րա­յէ­լի կող­մէ մահ­մե­տա­կա­նաց սրբա­վայ­րե­րուն դէմ կա­տա­րուած վեր­ջին ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն հար­ցը։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Իս­րա­յէ­լի անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը թի­րախ ընտ­րած են Մես­ճի­տի Աք­սան եւ մահ­մե­տա­կան­նե­րը, ինչ որ մեծ ցա­սում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է մա­նա­ւանդ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հէն ներս։ Հե­տե­ւա­բար, Էր­տո­ղան կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը շարժ­ման անց­նի այս հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին հա­մոզ­մամբ, պէտք է ա­պա­հո­վել՝ որ­պէս­զի Իս­րա­յէլ ըն­դու­նի ան­կախ ու ինք­նիշ­խան Պա­ղես­տի­նի պե­տու­թեան մը հիմ­նուի­լը, 1967 թուա­կա­նի սահ­ման­նե­րու հի­ման վրայ եւ Ա­րե­ւե­լեան Ե­րու­սա­ղէ­մը ու­նե­նա­լով որ­պէս մայ­րա­քա­ղաք։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան եւ Օ­լանտ հա­մա­կար­ծիք գըտ-նըւե­ցան ան­մի­ջա­կան շըփ-ման մէջ մնա­լու ուղ­ղու­թեամբ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու շուրջ։

Միւս կող­մէ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան այ­սօր կը հիւ­րըն­կա­լէ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րը, որ կ՚այ­ցե­լէ Ան­գա­րա։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015