ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍԸ ՀԱՄԱԼՐՈՒԵՑԱՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՈՒԺՈՎ ՄԸ՝ Տ. ԱՐՍԷՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ԷՔԻՆՃԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ քահանայ ձեռնադրեց տիրացու Արի Էքինճեանը, որ վերանուանուեցաւ՝ Տ. Արսէն Քահանայ։ Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը այսպէսով համալրուեցաւ երիտասարդ ուժով մը, ինչ որ ողջունելի է հաւատացեալ ժողովուրդին տեսակէտէ։ Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեան ծնած է 1978 թուականին, Պոլսոյ մէջ։ Վերջին երկու տարիներուն հետեւած է Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր լսարանին։ Հայերէնը զարգացնելու համար միջոց մը ուղարկուած է Անթիլիաս։ Քահանայ ձեռնադրուելէ առաջ զբաղած է ոսկերչութեամբ։ Քահանայ ձեռնադրուելէ վերջ, Իզմիրի մէջ գործօն պաշտօն վարած է եկեղեցական կեանքէ ներս։

Այս բոլորէն վերջ, երէկ, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեանի ձեռնադրութիւնը՝ յընթացս Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Խարտաւիլակն էր Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Արարողութեան ներկայ էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նախօրէին Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահած էր կոչման արարողութեան։ Ս. Ոսկեան քահանաներու տօնին զուգադիպած երէկուան ձեռնադրութեան մասնակիցներու շարքին էին քաղաքիս Լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Մասսիմիլիանօ Փարինուրօ արքեպիսկոպոսը, Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը, քոյր եկեղեցիներէ այլ դէմքեր, ինչպէս նաեւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպրաց կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Չէյֆիեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսին, վարդապետութեան եւ աւանդութեան համաձայն կատարեց օծումը։ Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան քարոզին մէջ խրատներ ալ տուաւ նորաօծ հոգեւորականին, որ ողջոյնի պահուն բոլորին ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձաւ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Տ. Արսէն Էքինճեան քառասնօրեայ ապաշխարութեան կանոնական շրջանը պիտի բոլորէ Պատրիարքարանի համալիրին մէջ եւ աւելի վերջ պիտի մատուցանէ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025