ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Սեւ ծո­վու ա­ռափ­նեայ ռու­սա­կան հիմ­նա­կան յայտ­նի քա­ղաք­նե­րէն Սո­չիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կուե­ցան մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի այն հար­ցե­րը, ո­րոնք Ան­գա­րա-Մոս­կուա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն։ Սի­նիր­լիօղ­լու-Լաւ­րով զրոյ­ցէն վերջ տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, թէ որ­քան որ ալ Թուր­քիա եւ Ռու­սաս­տան եր­բեմն տար­բեր գնա­հա­տա­կան­ներ ու­նե­նան՝ ի­րենց նպա­տակ­նե­րը հա­սա­րա­կաց են եւ եր­կու եր­կիր­ներն ալ կը մտա­հո­գուին կա­յու­նու­թիւ­նը խանգա­րե­լիք ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէ։

Սո­չիի մէջ Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու բա­ցատ­րեց, թէ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի նման մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րը ա­ռաջ­նա­հերթ տեղ կը զբա­ղեց­նեն եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­սա­րա­կաց օ­րա­կար­գին վրայ։ Իր կար­գին Սէր­կէյ Լաւ­րովն ալ զուտ ե­րե­ւա­կա­յա­կան հա­մա­րած է այն մօ­տե­ցու­մը, թէ Սու­րիոյ մէջ ճգնա­ժա­մը կրնայ յաղ­թա­հա­րուիլ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի գա­հըն­կէց ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին։ Ըստ Լաւ­րո­վի, Պե­շար Է­սատ Սու­րիոյ գե­րա­գոյն հրա­մա­նա­տա­րի դիր­քին մէջ կը գտնուի եւ Դա­մաս­կո­սի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը պայ­քա­րի ա­հա­բեկ­չա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րու դէմ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րին շրջագ­ծով ան­կա­րե­լի է ան­տե­սել Սու­րիոյ բա­նա­կը։

Սէր­կէյ Լաւ­րով Սո­չիի մէջ ընդգ­ծեց, թէ Ռու­սաս­տան եւ Թուր­քիա հե­տաքրք­րուած են Սու­րիոյ պա­րա­գա­յին ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ լիար­ժէք քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան մը սկսե­լով։ «Ինչ կը վե­րա­բե­րի Սու­րիոյ խնդրի կար­գա­ւոր­ման, մենք ընդ­հա­նուր հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րենք ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ փո­խա­դարձ, յստակ, քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցի ար­դիւն­քի հաս­նե­լուն ուղ­ղեալ երկ­խօ­սու­թեան մը սկսե­լու հար­ցին մէջ՝ հա­մա­ձայն 2012 թուա­կա­նին Ռու­սաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մաս­նակ­ցու­թեամբ Ժը­նե­ւի մէջ հրա­պա­րա­կուած հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ», ը­սաւ Լաւ­րով՝ Սո­չիի մէջ Սի­նիր­լիօղ­լուի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին։

«ՌԻԱ Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին ա­ռըն­թեր Սի­նիր­լիօղ­լու եւ Լաւ­րով կանգ ա­ռին Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի ի­րադ­րու­թեան վրայ։ Ա­նոնք շօ­շա­փե­ցին նաեւ փախս­տա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս խիստ հրա­տապ կը նկա­տուին։ Նա­խա­րար­նե­րը նկա­տի ա­ռին նաեւ բարձր մա­կար­դա­կի երկ­կող­մա­նի շփում­նե­րուն ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը։

Սո­չիի մէջ Սէր­կէյ Լաւ­րով զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն յայ­տա­րա­րեց, թէ Ռու­սաս­տան եւ Թուր­քիա այս տա­րի կը պատ­րաս­տուին բարձր մա­կար­դա­կով շփում­նե­րու, եր­կու եր­կիր­նե­րը կը փա­փա­քին Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը տես­նել կա­յուն ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը առ­կայ կը մնան ա­նոնց մօ­տե­ցում­նե­րուն մէջ։

«Թուր­քիա մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ մեր կա­րե­ւոր գոր­ծըն­կեր­նե­րէն մին է», ը­սաւ Սէր­կէյ Լաւ­րով Սո­չիի մէջ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու Սո­չի մեկ­նե­ցաւ՝ դէ­պի Պա­քու կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ։ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ ան շօ­շա­փած էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ Սի­նիր­լիօղ­լու մտա­դիր է նաեւ Լաւ­րո­վի հետ եւս կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կել ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Յա­մե­նայն­դէպս, Սո­չիի զրոյ­ցին յա­ջոր­դած ա­ռա­ջին հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ առ այժմ յստակ անդ­րա­դարձ մը չկայ այս կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015