ՆԱՐԵԿԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՀՐԱՇՔ

Նարեկի բժշկական զօրութիւնը ակներեւ է, քանի որ կան բազմաթիւ վկայութիւններ այս մասին։ Բայց հարցը սա է, որ հրաշքի համար հաւատքը անհրաժեշտ է, արդարեւ առանց հաւատքի հրաշք սպասել, բժշկութիւն ստանալ կարելի չէ։

Ընդհանրապէս, մարդիկ կ՚աղօթեն եւ շատ բան կը սպասեն Աստուծմէ աղօթքով, որոնց կարգին՝ բժշկութիւն։ Բայց հրաշքը հաւատացողին համար է։ Ուստի, Նարեկի աղօթքներու միջոցով կատարուած են բժշկութիւններ եւ բժշկուած են զանազան անբուժելի հիւանդներ։ Այս իրողութեան կենդանի վկաներ շատ են։

Արդարեւ, Յիսուս կ՚ըսէ. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց». (ՄԱՏԹ. Թ 22), երբ տասներկու տարուան տեռատես կինը բժշկուեցաւ այն պահուն իսկ, երբ Անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ։

Ոչինչէն կեանք ստեղծող Աստուած, անշուշտ, որ կրնար նորոգել արդէն գոյութիւն ունեցող կեանքը։

«Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի», կ՚ըսէ Յիսուս։ Այն որ կը հաւատայ, այն որ կ՚ապաւինի եւ կը վստահի եւ այս համոզումով կը խնդրէ, կ՚աղօթէ՝ Յիսուսի այս ճշմարիտ եւ անսուտ խօսքին համաձայն անպայմա՛ն կը ստանայ իր խնդրածը։ Բայց երբ երկմտի իր աղօթքին մէջ, մարդ չի կրնար ստանալ այն, ինչ որ կը փափաքի։

Եւ Նարեկի Բուժարար աղօթքներն ալ պէտք է հաւատքով կատարուի, որպէսզի կատարուին. ուստի մեքենաբար, մարդկային խօսքը կապկող թութակի նման՝ առանց հասկնալու կրկնուող խօսքերը «աղօթք» չեն համարուիր, քանի որ աղօթքը վերացումն է հոգիին առ Աստուած, ապա ուրեմն պէտք է գիտակցաբար եւ իմանալի ըլլայ։

Պօղոս առաքեալ. «Մենք չենք գիտեր աղօթել ինչպէս որ պէտք է». (ՀՌՈՎՄ. Ը 26)։ Խոնարհութիւնը նախահիմն է աղօթքին. խոնարհութիւնը պահանջուած տրամադրութիւնն է աղօթքին, պարգեւը ձրիաբար ընդունելու համար մարդը Աստուծոյ մէկ «մուրացիկ»ն է։

Ո՞ւրկէ կու գայ մարդուն աղօթքը։

Ի՛նչ ալ ըլլայ աղօթքին լեզուն՝ խօսքը կամ շարժուձեւերը, ամբողջական մա՛րդն է, որ կ՚աղօթէ. կը խօսի մերթ հոգիին կամ մտքին մասի, բայց աւելի յաճախ սրտին մասին։ Սի՛րտն է, որ կ՚աղօթէ։ Եթէ ան հեռու է Աստուծմէ, ունայն է աղօթքին արտայայտութիւնը։

Քրիստոնեայ աղօթքը Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ ուխտի յարաբերութիւն մըն է Քրիստոսի մէջ։ Ան միատեղ գործն է Աստուծոյ եւ մարդուն. ան կը բխի ե՛ւ Սուրբ Հոգիէն ե՛ւ մեզմէ եւ ամբողջովին կ՚ուղղուի դէպի Հայրը, միութեան մէջ մարդացեալ եւ մարմնացեալ Աստուածորդիին մարդկային կամքին հետ։

Նոր Ուխտին մէջ, աղօթքը Աստուծոյ որդիներուն կենդանի յարաբերութիւնն է իրենց անհունօրէն բարի եւ իմաստուն Հօր հետ. Անոր Որդի՝ Յիսուս Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին հետ։ Աղօթքին պարունակը Քրիստոսի Սիրոյն պարունակն է։

Աղօթողը պէտք է վստահ ըլլայ, հաւատայ, որ պիտի ստանայ իր ուզածը, քանի որ Աստուած բարի է եւ ամենակարող, ամենազօր եւ հաւատարիմ իր ուխտին եւ խոստումին։

Եւ հաւատքով ի՜նչ հրաշքներ կը կատարուին։

Հրաշքներ միշտ կը պատահին մեր կեանքին մէջ, բայց շատ անգամ չենք անդրադառնար մեր հոգեւոր կուրութեան եւ անտարբերութեան պատճառով։ Ուստի Voltaire (1694-1778) կ՚ըսէ, թէ ամբողջ տիեզերքի ստեղծագործութիւնը արդէն հրաշք մըն է։

Ուրեմն, քանի որ կա՛յ հրաշք, պէտք է ուղիղ ճամբան գտնել մարդս հրաշքի տանող։ Այն է՝ աներկմիտ, վճռակամ, ամուր աղօթքը՝ որ հաստատ հաւատքով կը կատարուի։ Արդարեւ, Յիսուսի խօսքերուն եւ բժշկութիւններուն կ՚ընկերանան բազմաթիւ «հրաշքներ, զօրութիւններ եւ նշաններ». (ԳՈՐԾ. Բ 22), որոնք կը վկայեն, թէ Արքայութիւնը Անոր մէջ ներկա՛յ է։ Կը հաստատեն, թէ Յիսուս աւետուած Մեսիան է։

Արդարեւ, հաւատալու շարժառիթը այն չէ, որ յայտնեալ ճշմարտութիւնները մեր բնական բանականութեան լոյսին տակ մեզի ճշմարիտ եւ իմանալի երեւին։ Մենք կը հաւատանք յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ հեղինակութեան, իմաստութեան, ամենակարողութեան եւ ամենազօրութեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 20, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025