ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՀԷՆՔ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ամ­սա­վեր­ջին Նիւ Եոր­քի մէջ պի­տի տե­սակ­ցին ՄԱԿ-ի 70-րդ նստաշր­ջա­նի բաց­ման փու­լին շրջագ­ծով՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն այս հեր­թա­կան փու­լը։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր դի­ւա­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­նե­րէն հա­սած ազ­դան­շան­նե­րը ար­դէն հա­սուն­ցու­ցած էին այս հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը, իսկ վեր­ջին օ­րե­րուն ար­դէն յստա­կա­ցաւ թուա­կա­նը։ Նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման թուա­կա­նի հրա­պա­րա­կու­մէն ա­ռաջ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը լրջօ­րէն սաստ­կա­ցան եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ այ­ցե­լեց տա­րած­քաշր­ջան։ Պա­քուի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ ան ու­նե­ցաւ բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հան­դի­պում­ներ։ Միջ­նորդ­նե­րը մին­չեւ տա­րե­վերջ թէեւ կը նա­խա­տե­սեն հան­դի­պում մըն ալ կազ­մա­կեր­պել Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ, սա­կայն ըստ ե­րե­ւոյ­թին առ այժմ վա­ղա­հաս են այդ ուղ­ղու­թեամբ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ ա­ռա­ջին հեր­թին պէտք է սպա­սել նա­խա­րար­նե­րու ամ­սա­վեր­ջի հան­դիպ­ման ար­դիւն­քին՝ շա­րու­նա­կու­թեան մա­սին են­թադ­րու­թիւն­ներ ը­նե­լու հա­մար։

ԵԱՀԿ-ի Միս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք նա­խա­րար­նե­րու ժա­մադ­րու­թեան հրա­պա­րա­կու­մէն ա­ռաջ վեր­ջերս հան­դէս ե­կաւ զա­նա­զան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան ը­սաւ, թէ միջ­նորդ­նե­րը կը փա­փա­քին տա­րե­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պել Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ հան­դի­պում մը։ «Եր­կու նա­խա­գահ­ներն ալ մե­զի ը­սած են, որ ի­րենք կը փա­փա­քին ա­րա­գաց­նել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ու մենք կ՚ող­ջու­նենք այս բա­նը», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք եւ ա­ւել­ցուց, թէ Նիւ Եոր­քի մէջ ի­րենք պի­տի տե­սակ­ցին Նալ­պան­տեա­նի եւ Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ ու պի­տի նա­խա­պատ­րաս­տեն նա­խա­գահ­նե­րու տա­րե­վեր­ջի հան­դի­պու­մը։ Հե­տե­ւա­բար, միջ­նորդ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին նա­խա­րար­նե­րուն հետ քննար­կել ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ եւ աշ­խա­տիլ նա­խա­գահ­նե­րու ակըն­-կալուած հան­դիպ­ման օ­րա­կար­գին վրայ։ Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց սահ­մա­նի վեր­ջին լարուա­ծու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով եւ ընդգ­ծեց, թէ ե­կած է խա­ղա­ղու­թեան ժա­մա­նա­կը։ «Կը հա­ւա­տամ, տա­րած­քաշրջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը պատրաստ են խա­ղա­ղու­թեան, սա­կայն ար­դեօք գո­յու­թիւն ու­նի՞ քա­ղա­քա­կան կամք՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ կար­գա­ւոր­ման հաս­նե­լու հա­մար», նշեց Ո­ւոր­լիք։ Անդ­րա­դառ­նա­լով վեր­ջին փա­խում­նե­րուն՝ ան նշեց նաեւ, թէ եր­կու կող­մե­րէն ալ օգ­տա­գոր­ծած են ա­կա­նա­նե­տեր։ Ան հա­մո­զուած է, թէ ի­րա­վի­ճա­կին նման լա­րու­մը ան­թոյ­լատ­րե­լի է։

Հարկ է նշել, որ սահ­մա­նի վեր­ջին լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը ապ­րուե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։ Նիւ Եոր­քի տե­սակ­ցու­թեան ըն­դա­ռաջ այժմ կը հա­ղոր­դուի, թէ սահ­մա­նի լա­րուա­ծու­թիւ­նը պի­տի դառ­նայ նա­խա­րար­նե­րու մօ­տա­լուտ զրոյ­ցի հիմ­նա­կան նիւ­թե­րէն մին։

Դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր վեր­ջին օ­րե­րուն լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած են նաեւ ա­մե­րի­կեան Stratfor մաս­նա­ւոր վեր­լու­ծա­կան կեդ­րո­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը։ Թէեւ մաս­նա­գէտ­նե­րը միշտ կ՚ընդգ­ծեն, որ հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը ձեռն­տու է միայն Մոս­կուա­յի հա­մար, սա­կայն Stratfor-ի պնդում­նե­րով՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին մէջ հա­ւա­նա­կան կը նկատուի նշա­նա­կա­լից շրջա­դարձ մը։ Ըստ հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րո­նին, Ռու­սաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան կրնան հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ՝ խա­թա­րե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն հետզ­հե­տէ կ՚ա­ճին ազ­դան­շան­նե­րը, թէ սա­ռե­ցեալ հա­կա­մար­տու­թեան պա­րա­գա­յին Ռու­սաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան կրնան հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ՝ այն ա­ռանց­քին շուրջ, որ ռու­սա­կան կող­մը կը պատ­րաս-տըւի խա­ղա­ղա­պահ­ներ ու­ղար­կել եւ փոր­ձել եր­կա­րա­ժամ­կէտ վե­րահս­կո­ղու­թիւն հաս­տա­տել այդ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Կա­րե­լի է նաեւ նկա­տել նշան­ներ, թէ Մոս­կուա­յի ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը սկսած է փո­խուիլ այս նիւ­թին շուրջ։ Ակն­յայտ է, որ ան­ցեա­լի բաղ­դատ­մամբ Մոս­կուա­յի եւ Պա­քուի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը շատ ա­ւե­լի լաւ են, ինչ որ են­թադ­րել կու տայ, թէ Մոս­կուա ար­դեօք հրա­պա­րուիչ ա­ռա­ջա՞րկ մը ը­րած է Պա­քուին՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խիստ ազ­գայ­նա­կան նիւ­թին շուրջ։ Վեր­լու­ծա­բան­նե­րը նշած են, թէ Ատըր-պէյ­ճան յոգ­նած է ԵԱՀԿ-ի միջ­նոր­դու­թեամբ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն եւ Եւ­րո­պա­յի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թե­նէն։ Ուս­տի, Պա­քու կը փա­փա­քի տես­նել, թէ ար­դեօք վեր­ջին տա­րի­նե­րու ռազ­մա­կան պատ­րաս­տու­թեան օգ­նու­թեամբ կրնա՞յ ետ բե­րել իր տա­րածք­նե­րը։

Հա­յաս­տան տի­րա­պե­տե­լով այդ տա­րածք­նե­րու բար­ձունք­նե­րուն վրայ՝ կը պահ­պա­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը եւ ակն­յայ­տօ­րէն կը գե­րա­դա­սէ պահ­պա­նել առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը։ Միակ ճա­նա­պար­հը, ո­րով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին մէջ Հա­յաս­տան պի­տի պար­տա­ւո­րուի պայ­ման­նե­րը վե­րա­բա­նակ­ցե­լու, մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վերսկը-սումն է։ Ռու­սաս­տան՝ որ­պէս Հա­յաս­տա­նի միակ հո­վա­նա­ւո­րը, ա­նոնց վերջ տա­լու հա­մար պի­տի խա­ղայ միջ­նոր­դի գլխա­ւոր դե­րը։ Վեր­լու­ծա­բան­նե­րը կը կաս­կա­ծին, թէ այդ ծրագ­րին ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նին վրայ ճնշում­ներ կրնան բա­նե­ցուիլ միայն դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րով։ Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ան­կա­րե­լի է վստահ ըլ­լալ, թէ այս վար­կա­ծը ան­պայ­ման կ՚ի­րա­գոր-ծըւի, սա­կայն բա­ւա­կան ազ­դան­շան­ներ գո­յու­թիւն ու­նին՝ որ­պէս­զի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցով հա­ւա­նա­կան ցնցում­նե­րը վեր­լու­ծա­բան­նե­րը նե­րառ­նեն ի­րենց հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ցու­ցա­կի ա­ռա­ջին շար­քին վրայ։ Ըստ ի­րենց, ու­նե­նա­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը իր որ­դեգր­ման սպա­սող տա­րածք­նե­րու ցու­ցա­կին վրայ՝ Ռու­սաս­տան հա­ւա­տա­րիմ պի­տի մնայ իր սահ­ման­նե­րէն դուրս ոտ­քի տեղ ը­նե­լու եւ ա­ւե­լի ընդ­լայ-նըւե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Հա­յաս­տա­նեան լրա­տուա­մի­ջոց­ներն ալ ար­ձա­գան­գած են այս վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րուն՝ նշե­լով, որ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ Մոս­կուա վտան­գա­ւոր խա­ղեր կը խա­ղայ։ Կը շեշ­տուի, որ Հա­յաս­տան յայտ­նուած է ռու­սա­կան ճնշման ներ­քեւ, որ­մէ դուրս գա­լու գի­նը կրնայ դառ­նալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ՝ ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րով կամ ա­ռանց ա­նոնց։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ ար­ձա­գան­գեց ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու տե­ղա­կայ­ման հար­ցին։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան շեշ­տեց, թէ վե­րո­յի­շեալ վեր­լու­ծու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րը կապ չու­նին ի­րա­կա­նու­թեան հետ, իսկ նա­խա­տե­սուած վտանգ­նե­րը չա­փա­զան­ցուած են։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ան ընդգ­ծեց, որ ե­թէ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը լա­ւա­նան եւ տըն-տե­սա­կան ո­լոր­տէ ներս ա­նոնք հա­մա­գոր­ծակ­ցին, ա­պա այդ ե­րե­ւոյ­թը պի­տի նուա­զեց­նէ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս լա­րուա­ծու­թեան հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, սա ա­ռա­ջին հեր­թին ձեռն­տու պի­տի չըլ­լայ Ռու­սաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ։ Ե­թէ ըլ­լան ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, բարձ­րա­նայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը, ա­պա Ռու­սաս­տան պի­տի կրէ տնտե­սա­կան կո­րուստ­ներ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու նիւ­թին՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան ը­սաւ, թէ նման հար­ցի մը պա­րա­գա­յին կա­րե­լի է խօ­սիլ միայն հե­ռա­ւոր ա­պա­գա­յի հա­մար՝ այդ ալ խորհր­դան­շա­կան հէն­քի մը վրայ։

«Մենք բազ­միցս յայ­տա­րա­րած ենք ու կը շա­րու­նա­կենք կրկնել, որ խա­ղա­ղա­պահ­նե­րուն հար­ցը հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ քննար­կել, ե­թէ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րուի, ե­թէ Ատր­պէյ­ճան ճանչ­նայ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը, Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րը եւ միայն այդ ժա­մա­նակ, այդ ալ կը կար­ծեմ խորհր­դան­շա­կան, կա­րե­լի է քննար­կել խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու տե­ղա­կայ­ման հար­ցը։ Սա­կայն այդ պա­րա­գա­յին ալ ար­դէն խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու տե­ղա­կայ­ման հար­ցը ա­նի­մաստ պի­տի ըլ­լայ, քա­նի որ եր­կու եր­կիր­նե­րու զի­նեալ ու­ժե­րը կը կա­րո­ղա­նան ա­ռանց միջ­նոր­դու­թեան պահ­պա­նել երկ­րի սահ­ման­ներն ու զի­նա­դա­դա­րը», ը­սաւ Պա­պա­յեան։

Իր կար­գին, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ Ե­րե­ւան հա­ւա­տա­րիմ է ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ Մոս­կուա հնա­րա­ւո­րը կ՚ը­նէ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի շու­տա­փոյթ կար­գա­ւոր­ման հա­մար։ Ըստ ի­րեն, Ռու­սաս­տան աշ­խու­ժօ­րէն ներգ­րա­ւուած է կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Մոս­կուա կը հան­դի­սա­նայ այդ գոր­ծըն­թա­ցի աշ­խոյժ մաս­նա­կի­ցը եւ հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ կ՚ը­նէ, որ­պէս­զի մօ­տե­նայ հար­ցին վերջ­նա­կան լու­ծու­մը։

ՄԱԿ-ի 70-րդ նս­տաշր­ջա­նի սկիզ­բին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Զա­խա­րո­վա անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ռուս-ա­զէ­րի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ «Ատր­պէյ­ճա­նի հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը գնա­հա­տենք որ­պէս աշ­խոյժ զար­գա­ցող։ Ատր­պէյ­ճան Ռու­սաս­տա­նի գոր­ծըն­կերն է ոչ միայն քա­ղա­քա­կան, այ­լեւ տնտե­սա­կան ու այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս։ Մեր եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ աշ­խոյժ երկ­խօ­սու­թիւն կը ծա-­ւա­լուի բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ Յոյս ու­նինք, որ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու աշ­խոյ­ժու­թիւ­նը պի­տի պահ-պա­նուի եւ պի­տի զար­գա­նայ», ը­սաւ ռուս բան­բե­րը։

Բաց աս­տի, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ճոն Քէօր­պին ալ վեր­ջին օ­րե­րուն անդ­րա­դար­ձաւ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին։ Ան ը­սաւ, թէ Ո­ւա­շինկ­թըն մտա­հոգ է հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս լա­րուա­ծու­թեան ա­ճե­լուն բե­րու­մով։ Ան կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի հա­կա­մարտ կող­մե­րը զերծ մնան ա­մէն տե­սակ բռնու­թե­նէ։ Ա­մե­րի­կա­ցի բան­բե­րը յի­շե­ցուց, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը պար­տա­ւո­րու­թիւն ստանձ­նած են՝ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ լու­ծու­մը փնտռե­լու հա­մար ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015