ԲԱՆ ՄԸ, ՈՐ ՉԻ ՀԵՌԱՆԱՐ
Շոգեկառքը սուլելով գեղեցիկ ճամբայով կ՚ընթանար դէպի Թեհրան: Շոգեկառքի հսկիչը նախքան Ապատանէն մեր հեռանալը՝ ըսաւ մեզի, թէ պէտք է մենք մեզ պաշտպանենք, որովհետեւ ճամբան երկար է եւ աւազակները մութը իջնելուն պէս, առիթը կ՚օգտագործեն՝ իրենց իւրայատուկ ապրելակերպով զբաղելու համար:
Որոշեցի որ չքնանամ. գունաւոր գիրք մը ունիմ, որ կրնամ կարդալ գիշերը: Գիրք մը, որ հեղինակած է մարդ մը, որ չափէն աւելի կը զգայ եւ չափէն աւելի կը հասկնայ… Շոգեկառքի սենեակս պարզ է…: Գեղեցկուհի պարսկուհի մը նստած է դիմացս եւ կը զննէր զիս՝ մէջս տեսնելու համար աւազակը, քանի որ տակաւին չէր վստահեր ինծի…: Անոր կողքը ծեր մարդ մը, թերեւս անոր հայրն է, որ քունի անցած էր շոգեկառքին երկար ճամբորդութեան սկսելէ իսկ առաջ… Իսկ կողքս, ընկերս հանգիստ նստած էր եւ ճամբան կը նկարագրէր: Այս ընկերոջս մէջ ամենէն լաւ գիծը այն էր, որ շատ չի՛ շատախօսեր եւ եթէ խօսէր՝ ապա արաբերէն լեզու:
Ամենէն լաւ ձեւը որպէսզի ինքզինքս եւ հետս եղողները պահպանեմ՝ ինչպէս թելադրեց մեզի գերհսկիչը, որ եօթ արաբերէն բառէ աւելի չէր գիրտեր, այն է, որ չքնանամ: Գերհսկիչը մտահոգուած էր ինձմով…, քանի որ ես նիհար եմ, դեղնած դէմքով եւ չեմ կրնար գիշերը չքնանալով հսկեմ, սակայն ըսի անոր, որ կրնամ. սակայն, չհասկցայ անոր պարսկական կատակը, ինչին համար երկար խնդաց՝ աչք ընելով գեղեցկուհիին, մինչ անոր դէմքը կարմրեցաւ եւ շոգեկառք բարձրացաւ իր ծեր հօր հետ:
Ընկերս ըսաւ ինծի, թէ պարսկուհիին դէմքը բնաւ չի՛ հաւնիր եւ թէ ան բժիշկ Մուստաքին, որ եթէ կին իսկ ըլլար, այսքան գեղեցիկ պիտի չըլլար: Այսպէս, ընկերս կարծեց, որ եթէ այս գեղեցկուհիին հետ խօսելու առիթ ըլլար, ապա անպայմանօրէն առիթը օգտագործողը ի՛նք պիտի ըլլար, վստահ ըլլալէ ետք, որ ան համոզեց զիս իր ըրած դիտողութեամբ [պարսկուհիին մասին]:
Իրականութեան մէջ խօսելու փափաք իսկ չունէի, գիրքը շա՜տ գեղեցիկ էր, անոր տպագրութիւնը ճաշակաւոր, նկարները՝ խօսող, իսկ բառերը ուրիշ բան չէին, բացի ծածկոցի մէջ շա՜տ խորունկ հորի մը, որ եթէ յաջողիս այդ ծածկոցը բարձրացնել, ապա անոր հեռաւոր յատակը պիտի չտեսնես երբեք:
Գիրքը կը կրէր Օմար Խայեամ անունը…:
Ինծի համար այդ գիրքին արժէքը կը կայանար այն բանին մէջ, որ անգամ մը մատիտով քառատող մը մատնացոյց եղած էր՝ սիրած աղջկանս կողմէ: Քառեակը կ՚ըսէ.
Ա՜հ, ով սէր…, եթէ դուն եւ ես կարենանք համաձայնիլ ճակատագիրին հետ,
Որպէսզի քանդենք աշխարհի այս միակ յատկութիւնը,
Փոքրիկ-փոքրիկ կտորներու…,
Ապա նորովի վերակառուցենք զայն…, ինչպէս մեր սիրտերը կը ցանկան…:
Առանց զգալու այդ էջը բացի: Երկար ճամբային հոտը գայթակղիչ թուեցաւ: Կլորը որ մատիտով քառեակին չորս կողմէ դրուած էր, գրեթէ կ՚անհետանար: Ութ տարիներ անցած էին այն օրէն ի վեր, երբ այս կլորը գծուած էր, հակառակ ատոր, ես զայն երբեք պիտի չմոռնամ:
Շոգեկառքի սենեակին մէջ չեմ ուզեր քնանալ, ո՛չ թէ որպէսզի ինքզինք պահեմ, այլ՝ որպէսզի վերյիշեմ այն մշուշոտ վայրկեանները, ինչ ութ տարիներ առաջ պատահեցան: Մութը սկսաւ իջնել եւ այնպէս թուեցաւ, թէ անիւներուն կանոնաւոր ձայնը տարօրինակ երաժշտութիւն մըն է, որ այս յոգնած գլուխս դէպի անցեալ կը տանէին:
Գեղեցկուհի պարսկուհին ի վերջոյ համոզուեցաւ, թէ ես աւազակ չեմ, կամ նուազագոյնը վտանագաւոր աւազակ մը չեմ, որով յանձնուեցաւ քիչ մը աչքերը գոցելու: Մինչ ընկերս, մութին մէջ իսկ կը շարունակէր ուշադրութեամբ նայիլ քնացած գեղեցկութեան:
Լէյլան ինձմէ կը խնդրէր, որ իրեն չնայիմ, երբ կը քնանար. ան կը կարծէր, թէ դէմքին շարժումները անկեղծ կ՚ըլլային, երբ ան վերահսկողութիւն չ՚ունենար անոնց վրայ եւ ինք չէր ուզեր, որ իր իմ նկատմամբս ունեցած իրական զգացումները գիտնամ: Կը վախնար որ շփանայի…:
Անոր անունը Լէյլա չէր: Լէյլա կը կոչէի զինք, որովհետեւ ան զիս «Քէյս» կը կոչէր:
Եաֆայի մէջ մեր տունը իր տունէն շատ հեռու էր, առաջին դարձուծքէն ետք մեր տան աջ կողմը կը գտնուէր. չորս դռներ պէտք է հաշուէիր, ապա ճերմակ շէնքի մը երրորդ յարկը պէտք էր բարձրանային, որով անպայմանօրէն Լէյլային տունը պիտի գտնէիր: Եթէ Եաֆան ռմբակոծելէն ետք այս շէնքը տակաւին կանգուն է, ապա Լէյլան հաստատ դեռ այնտեղ կը բնակի…:
Եաֆան նախքան հրեաներուն ձեռքը անցնիլը դուրս ելայ անկէ: Կեանքիս մէջ հրացան բռնած չեմ: Երկար փողոցը որու վրայ մեր փողոցն ալ կ՚երկարէր, իմ միակ հրապարակս էր: Նշանաւոր էի այդ փողոցին մէջ, որպէս անոր խորհրդանշաններէն մէկը: Այն ատեն երիտասարդները կ՚ըսէին.
-Եթէ կ՚ուզես Խէյրիին տեսնել, ապա փողոցին վրայ ամենէն անուշիկ աղջիկը փնտռէ եւ զինք անոր ետեւը կը գտնես:
Լէյլան լաւապէս ճանչնալէս ետք, ըսաւ ինծի.
-Խէյրի, դուն յեղյեղուկ մարդ մըն ես. բայց իրականութեան մէջ այդպիսին չեն, այդ պատճառով ալ կը կարծեմ, որ պիտի սիրեմ քեզ:
Լէյլան տարբեր էր, սակայն այդ օրերուն՝ երբ զիրար ճանչցած էինք, չէի գիտակցեր այդ բանին: Գիտէի, որ ան ինձմէ գաղտնիք մը կը պահէր, սակայն, չէի գիտեր, որ այդ փափուկ աղջիկը ռմբակոծութիւններ կը կատարէր, որ միջին քաջութեան այր մարդը չէր կրնար պատկերացնել: Ան այդ մասին ինծի բան չէր ըսած, մինչեւ այդ դժբախտ դէպքը:
Իրականութեան մէջ չէի գիտեր, թէ ո՞վ է Օմար Խայեամը եւ ան էր, որ իր մասին ինծի շատ բաներ սորվեցուց: Ես անոր գիրքին նկարները աւելի կը հաւնէի, քան անոր քառեակները, որոնք կը կարծէի, թէ պաղ առած հիւանդ մարդու մը զառանցանքներն էին:
Ցասկոտ սէրը, որ կ՚անուանէր յորձանուտ մը ճահիճին մէջ, չկրցաւ ստիպել անոր, որ ան դատը մոռնայ, այլ՝ կը չարչարուէր հասկցնելու համար ինծի, թէ մեր կեանքը ոչինչ է եւ թէ իր արժէքը գագաթնակէտին կը հասնի, եթէ զայն ընծայենք յանուն հազարաւորներ ուրախացնելու:
Երբ Խայեամը քառեակներէն առաջին քառեակը հասցայ, Լէյլային ըսի, թէ այս մարդը պարտուողական է: Ուրախ է այս յայտնագործութեամբ եւ ես ինծի ըսի, թէ Լէյլան պիտի հպարտանայ ինձմով, սակայն այդ ուղղութեամբ ոչինչ ըրաւ: Այս գիրքը մատնանշելով՝ ըսաւ ինծի.
-Այն մարդը, որ պէտք եղածէն աւելի կը զգայ, աւելի լաւ է քան այն մարդէն, որ երբեք չի՛ զգար:
Այս «այն մարդը, որ երբեք չի՛ զգար», վերջերս հասկցայ, թէ ես եմ եւ չբարկացայ, երբ այդ բանը հասկցայ, որովհետեւ այդ օրն իսկ Լէյլային հետ իմ պատմութիւնս աւարտեցաւ:
Լէյլան յետոյ փոխուեցաւ, որովհետեւ երբ կարգ մը մարդիկ կը պայքարէին, «ուրիշներ» կը դիտէն, «ուրիշներ» ալ կային, ի վերջոյ, որ դաւաճանի դեր կը խաղային…:
Այս վերջիններուն շնորհիւ հրեաները ձերբակալեցին Լէյլային, երբ այն կը փորձէր գործ մը կատարել, որ մինչ օրս չեմ կրցած գիտնալ, թէ ինչ էր: Ինն օրեր ետք վերադարձաւ եւ չկրցաւ յիշել իր կեանքէն բացի որոշ իրադարձութիւններ, որոնք ո՛չ ոք գիտէ, թէ ինչպէս պատահեցան:
Այն պահը երբ հանդիպեցայ անոր «ալ-Հատարէն» վերադառնալէ ետք, տակաւին միտքիս մէջ գամուած է: Կը կարծէի, թէ պիտի տեսնեմ զինք, որ կու լայ, կամ կը դողայ, քանի որ շատերու բերանէն բազմաթիւ պատմութիւններ լսած էի այն ահաւոր գիշերներու մասին, որոնք բանտին մէջ անցուցած էր, սակայն երբ տեսայ զինք, այն հանգիստ էր՝ վախցնող հանգստութեամբ… Անոր աչքերուն մէջ ո՛չ մէկ շող կար, միայն տխուր եւ լուռ դէմք մը:
Ցած եւ հանգիստ ձայնով մը ըսաւ ինծի.
-Ինն օր շարունակ սեռական յարաբերութիւն ունեցան հետս…:
Ոչինչ կրցայ ըսել, այլ թուեցաւ ինծի, թէ ան ըսաւ ինծի. ինն օրեր շարունակ կ՚աղօթէի: Զգացի, որ այն բառը՝ որով կրնամ մխիթարել զինք, ստոր բան մըն է, որու ստորութեան սահման չկայ: [Լէյլան] տիրող վիճակէն դուրս եկաւ ուրիշ խօսքով մը.
-Աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ ձգես զիս, որով ես մաշած կին մըն եմ…:
Շոգեկառքը հասած էր ճամային քառորդին գտնուող կայան մը եւ սկսաւ խանգարող ձայն մը հանել՝ որպէսզի կանգնի: Գեղեցկուհի պարսկուհին արթնցաւ եւ սկսաւ զարդարուիլ: Ծերուկը տակաւին կը քնանար, իսկ ընկերս ճամբան կը դիտէր: Առջեւէս պզտիկ ծառեր անցան, ապա կայանին մայթը երեւաց զօրաւոր լոյսերով լուսաւորուած, որ պատուհանին առջեւէն կ՚անցնէին:
Մայթին վրայ նշմարեցի մօտաւորապէս եօթ տարեկան փոքրիկ մը. անոր հագուստները պատռտուած, սակայն մաքուր էին: Ան իր մատով կը հաշուէր վակոնները, որոնք իր առջեւէն դանդաղ կերպով կ՚անցնէին: Արաբերէնով կը հաշուէր…:
Ընկերս մատնանշեց փոքրիկը եւ միասնաբար մտիկ ըրինք անոր յստակ ձայնը:
-Վեց, եօթ, ութ…:
Ընկերս գլուխը շարժեց եւ մէկ խօսքով ըսաւ.
-Արապիստան…:
Ան խղճաց քիչ մը, յետոյ վակոնէն դուրս եկաւ՝ ուտելիք փնտռելու:
Թխամորթ գեղեցիկ տղան, զբաղմունքի բաներ կը ծախէր, սակայն կարծես կը հաշուէր, մոռցաւ իր պարտականութիւն, մինչ երկար շոգեկառքը կը զննէր…: Յոգնած կ՚երեւէր: Պատուհանիս մօտ կանչեցի զինք եւ արաբերէնով հարցուցի անոր.
-Ի՞նչ կը ծախես:
Դէպի պատուհանս մագլցելով՝ ըսաւ.
-Ես ալ արաբ եմ:
-Ի՞նչ կ՚աշխատի հայրդ:
-Այնտեղ կանգնած թերթեր կը ծախէ…:
Շոգեկառքը սկսաւ դարձեալ շարժուիլ: Ուտելիքները, զորս ընկերս բերաւ ինծի, պարսկուհին կերաւ. ախորժակ չունէի ուտելու: Գիրքը տակաւին քառեակի վրայ բաց էր, որ մատիտով կլոր գիծ մը կար չորս կողմէ, որ գրեթէ անհետանալու վրայ էր:
Քառեակը անգամ մը եւս կարդացի, բարձր ձայնով, որ պարսկուհին դադրեցաւ ծամելէ.
Ա՜հ, ով սէր…, եթէ դուն եւ ես կարենանք համաձայնիլ ճակատագիրին հետ,
Որպէսզի քանդենք աշխարհի այս միակ յատկութիւնը,
Փոքրիկ-փոքրիկ կտորներու…,
Ապա նորովի վերակառուցենք զայն…, ինչպէս մեր սիրտերը կը ցանկան…:
Լէյլային արժանի մէկը չէի, ան ինձմէ շատ աւելի լաւ մէկու մը արժանի էր. ես վախկոտ մըն էի. մահէն կը վախնայի: Մերժեցի զէնք վերցնել՝ Եաֆան պաշտպանելու համար: Ես Ռաս ալ Նաքուրա էի, երբ ըսին, թէ Եաֆան հրեաներուն ձեռքը ինկաւ եւ չեմ գիտեր ինչու, այդ պահին յիշեցի նախադասութիւն մը, որ Լէյլան ըսաւ ինծի, նախքան Եաֆայէն հեռանալս.
-Չեմ կրնար մոռնալ այդ ծանր ինն օրերը, սակայն, կ՚ուզեմ շարունակել պաշտպանել Եաֆան: Ես գիտեմ, որ կեանքէս աւելի սուղ բան մը զոհաբերեցի, սակայն կ՚ուզեմ կեանքս ալ տալ, ասիկա աւելի լաւ է: Կրնաս Եաֆայէն հեռանալ, փախչիլ Եաֆայէն, սակայն, օր պիտի գայ երբ պիտի արթննաս…, յայտնաբերերս…, եւ… զղջաս:
Տխուր եւ թշուառ Լէյլան Եաֆա մնաց եւ մերժեց անկէ հեռանալ…: Իր դրացիներուն՝ երբ անոնք եկան զինք իրենց հետ տանելու, ըսաւ, թէ ամէն ինչ կորսնցուց եւ չ՚ուզեր գեղեցիկ Եաֆայի մէջ իր ունեցած գեղեցիկ անցեալը կորսնցնել, կ՚ուզէ, որ իրեն բան մը մնայ, որ չի՛ հեռանար…:
Երկա՜ր ժամանակ անցած է այն օրէն, երբ Եաֆայէն դուրս ելայ եւ այսօր կը զգամ, որ երբեք արժանի չէի Լէյլային, աւելին՝ նոյնիսկ արժանի չէի Եաֆային իսկ: Ինչո՞ւ համար այդ ազնիւ մարդը ուշադրութիւն դարձուց ինծի պէս վախկոտ մարդու մը: Ինչո՞ւ համար այդ ընտիր մարդը կը հալածէ զիս ութ երկար տարիներ: Ինչո՞ւ համար ան կը շարունակէ գլխուս վրայ զնգալ, ինչպէս շոգեկառքին սուլիչ կը զնգայ նախքան դարձուածքը դառնալը:
Ծերուկը իր երկար քունէն արթնցաւ եւ նեղ աչքերով՝ կարծէք չոր հողի ճաքեր ըլլային, վակոնը քննեց եւ երեսիս խնդաց, ապա կտրտուած արաբերէնով մը գոչեց՝ մատնանշելով ծունկերուս դրուած գիրքին.
-Օմար Խայեա՞մ:
Գլուխս շարժեցի եւ թոյլ տուի, որ ան գիրքը վերցնէ եւ անոր մէջ նկարները դիտէ:
Ընկերներս միշտ կը մեղադրէին զիս, ըսելով թէ ես երեւակայութիւններու սիրահար մըն եմ: Եւ երբ ըսի անոնց՝ մինչ Քուէյթ էի, թէ կ՚ուզեմ Պարսկաստան երթալ՝ Խայեամի գերեզմանին ծաղիկ դնելու համար, բոլոր ալ ծիծաղեցան ու ըսին.
-Կ՚ուզէ կոպիտ փորձառութիւն մը ապրիլ, համոզելու համար ինքզինք, թէ կը սիրէ:
Զգացի, որ մարդ մըն եմ, որ իր հողին վրայ չ՚ապրիր, մարդ մը, որ կ՚ուզէր մանուկ մնալ՝ ինչպէս Լէյլան կ՚ըսէր: Պահ մը ինծի թուեցաւ, որ իրականութեան մէջ անցեալս շա՜տ ամչնալիք է…: Ութ տարիներ անցած են եւ ես Լէյլան կը յիշեմ, կարծէք մարդ մըն է, որ ես հնարեցի՝ որպէսզի յիշեմ զինք… Արդեօք իրապէս Լէյլա անունով մէկը կա՞ր, թէ ես հնարեցի զայն եւ ապա հաւատացի անոր:
Ընկերս վակոնին պատուհանը բացաւ, որով պաղ հով մը զարկաւ դէմքիս եւ նոյն պահուն զգացի, թէ բնա՛ւ ալ Լէյլային հոգը չէ, որ անկապ ծաղկեփունջ մը դնեմ Օմար Խայեամի գերեզմանին վրայ, որպէսզի ինքզինքիս պատկերացնել տամ, որ կոպիտ սիրոյ մը զոհն եմ…:
Ինչո՞ւ կը յամառիմ Խայեամին գիրքը պահելու: Ո՛չ ոք գիտէ իրականութիւնը: Կը կարծէ՞ք, որ գիրքէն կ՚ուզեմ, որ այնպիսի պատկերացում մը տայ ուրիշներուն, որ տակաւին Եաֆային կապուած եմ:
Ծերուկը շնորահակալութիւն յայտնելով Օմար Խայեամին գիրքը վերդադարձուց ինծի, երբ գիրքը ծունկերուս ինկաւ, բացուեցաւ քառեակի այն էջը, որ անհետացող մատիտով շրջանակուած էր…:
Լէյլան չկրցաւ փոխել զիս, այդ հիմա յստակ կերպով զգացի…, անօգուտ մարդ մըն եմ: Ա՛յսքան: Ծաղկեփունջ մը մեռած մարդու մը շիրիմին, բան մը որ կ՚երթայ (կը հեռանայ). ան ըսաւ անոնց, թէ կ՚ուզէ բան մը մնայ իրեն, որ չի՛ հեռանար…:
Անիւները ճռռացին, մինչ լայն դարձուածքի մը շուրջ կը դառնային եւ շոգեկառքը սուլեց: Հորիզոնին գերեզմանատուն մը նշմարուեցաւ եւ գերեզմաններուն ճերմակ վկաները հողին մէջ մխրճուած էին ինչպէս ճակատագիրը՝ սառն, կարծր, որ չի՛ թոռմիր: Տեսնես անոր գերեզմանին վրայ մարմար կա՞յ:
«12-րդ անկողինին մահը»
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ