ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՍԵՄԻՆ ՄԵԾԱՐԵՑ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ

Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի վե­րա­մու­տին ըն­դա­ռաջ մե­ծա­րեց գա­ւա­ռա­կի վար­ժա­րան­նե­րուն տնօ­րէն­նե­րը։ Ան ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ Շիշ­լիի շրջա­նի պե­տա­կան կամ մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն։

«Ռա­տի­սըն Պլու» պան­դո­կին մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ճաշ­կե­րոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Շիշ­լիի գա­ւա­ռա­պետ Սա­լիհ Ը­շըք, շրջա­նի կրթա­կան տնօ­րէն Մու­րատ Միւ­ճա­հիտ Են­թիւր եւ այլ դի­ւա­նա­կալ­ներ։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու գծով ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­ւո­րեց այս տա­րի նոր պաշ­տօ­նի կոչ-ւած տնօ­րէն­նե­րը։ Քա­ղա­քա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ Շիշ­լիէն ներս պի­տի շա­րու­նա­կուին դպրոց­նե­րուն եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ի նպաստ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած ա­ջակ­ցու­թիւն­նե­րը։ «Մեր նպա­տակն է ա­ւե­լի լաւ աշ­խարհ մը թո­ղուլ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն», ը­սաւ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ եւ ա­ւել­ցուց, թէ շրջա­նի վար­ժա­րան­նե­րուն կող­մէ ի­րենց ներ­կա­յա­ցուած բո­լոր պա­հանջ­նե­րու պա­րա­գա­յին պի­տի ջա­նան սա­տար հան­դի­սա­նալ ա­նոնց։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015