ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, Պատրիարքարան հրաւիրուած էին պոլսահայ կրթական համակարգի վարիչները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը մէկտեղուեցաւ դպրոցներու մատակարար մարմիններու ատենապետներուն կամ ներկայացուցիչներուն, հիմնադրի ներկայացուցիչներուն եւ տնօրէններուն հետ։

Գումգաբուի աղբիւրները մինչեւ թերթիս տպարան ուղարկուիլը այս ժողովին մասին որեւէ հաղորդում չէին կատարած։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախօրէի մամլոյ ասուլիսին յայտնած էր, որ վարժարաններու պատասխանատուներուն հետ պիտի քննարկէր հայերէնի աւելի արդիւնաւէտ ուսուցման վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025