Շաբաթ 1, Մարտ 2025
ՕՐԹԱԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները մասնակցեցան «TED Atakent» քոլէճի հիւրընկալմամբ, Թուրքիոյ մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքին, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Թարգմանչաց վարժարանը այս մտախաղերուն մէջ ներկայացուցին Առէն Թովմաս Քարթուն, Պուրակ Փէյնիրճի եւ Լէօ Արբաճըք, որոնք ծրագրին մասնակցեցան՝ ուսուցչական կազմէն Լոռին Աքշահինի եւ Նորայր Քուշի հսկողութեան ներքեւ։ Անոնք նկատելի յաջողութիւն արձանագրեցին այս մրցաշարքին մէջ, որ լուրջ մրցակցութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ. մանաւանդ Առէն Թովմաս Քարթուն անհատական մրցապայքարի մէջ 85 աշակերտի շարքին դարձաւ չորրորդ։
Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025