«THE GUARDIAN»Ի ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ
Անգլիական «The Guardian» հեղինակաւոր օրաթերթը գրեց, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ պէտք է քննադատէ Ատրպէյճանի կողմէ Ջուղայի խաչքարերու կազմակերպուած աւերումը։ Ինչպէս ծանօթ է, 2005 թուականին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած ձեւով ոչնչացուած էին համամարդկային ժառանգութեան այդ կարեւոր ու անկրկնելի արժէքները։
Յիշեալ թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ ամերիկահայ քաղաքագէտ եւ իրաւաբան Սիմոն Մաղաքեան նշեց, թէ մշակութային ժառանգութեան միտումնաւոր ոչնչացումը պէտք է տարածուի նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նուիրատուներուն վրայ։ Յօդուածագիրը շեշտած է, թէ Փալմիրայի մշակութային կոթողներու ոչնչացումը ցնցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, սակայն մինչ այդ կառոյցը լռութիւն պահպանած էր Ատրպէյճանի կողմէ հայկական միջնադարեան 2 հազար խաչքարերու ոչնչացման ժամանակ։
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը ժխտէ հայկական եւ քրիստոնէական մշակութային ժառանգութիւն հանդիսացող այդ խաչքարերուն բնաջնջումը՝ հակառակ այդ փաստը հաստատող տեսանիւթերուն, որոնք նկարահանուած էին Իրանի սահմանէն։ Ատրպէյճան մերժած է նաեւ հետաքննութիւն կատարելու պահանջները։ Արբանեակային լուսանկարներն ալ կ՚ապացուցանեն այդ խաչքարերուն 2005 թուականէն վերջ անհետացած ըլլալը։
ԻՒՆԷՍՔՕ կը շարունակէ լռութիւն պահել այս կապակցութեամբ։ Աւելի՛ն, կազմակերպութիւնը կը շարունակէ համագործակցիլ Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ եւ 2013 թուականին ան 5 միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրատուութիւն մը ստացած է Ատրպէյճանէն։