ՏԽՐՈՒՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն՝
ՏԻԿԻՆ
ԱՆԻ ՖՈՒԼԻԱՆԷ ՖԵՐԱՀԵԱՆ
որու կորուստը սուգի մատնած է իր ընտանիքը, միեւնոյն ժամանակ, համայնքային շրջանակներէն ներս գտած է լայն արձագանգ։ Ան կը վայելէր համատարած յարգանք ու համակրանք՝ մանաւանդ, որ իր ընկերային շրջանակէն ներս այնքան իւրացուած էր, իսկ արհեստավարժ կեանքի մէջ արժանացած էր բարի համբաւի։ Հանգուցեալը ունէր առանձնայատկութիւն մը՝ քանի թոռնուհին էր հայ գիւղագրութեան անմահներէն Յակոբ Մնձուրիի։ Հանգուցեալը տիպար ընտանեկան մայր մըն էր. իր որդին է Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ժրաջան անդամներէն Արեգ Ֆերահեանը։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք ամուսնոյն՝ Տիար Պօղոս Ֆերահեանի, Տէր եւ Տիկին Արեգ-Լինտա Ֆերահեանի եւ զաւակներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն։