ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարագացման հեռանկարները եւ անոնց համար իրաւական նոր հիմք մը պատրաստելու մասին խնդիրները։
Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Մոսկուայի «Լոմոնոսով» պետական համալսարանի նորահաստատ մասնաճիւղը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ներկայ գտնուեցան այս այցելութեան։
Վերատեսուչ Վիքթոր Սատովնիչիի ուղեկցութեամբ Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ այս բարձրագոյն ուսման հաստատութեան հնարաւորութիւններուն եւ ծրագրերուն։